Որոնել

ԵՀՕ մասնակցող Հայ Կաթողիկէ երիտասարդները Ֆաթիմայի մէջ աղօթեցին Արցախի համար

Հայր Արամ Աբրահամեան Ռատիովատիկանի հայկական բաժնին փոխանցեց ԵՀՕ մասին որոշ վկայութիւններ

Ռատիօ Վատիկան - Հայկական Բաժանմունք

Մէկէն վեց օգոստոսին Փորթուկալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ տեղի կ՛ունենայ Երիտասարդութեան համաշխարհային 37րդ հաւաքը, որուն ամսուն երկուքէն սկսեալ իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։ Աշխարհի տարբեր երկիրներէն Լիզպոն ժամանած երիտասարդ ուխտաւորներու շարքին են նաեւ Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդներ։

Անոնք Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Երիտասարդներու Յանձնախումբի պատասխանատու Հայր Արամ Աբրահամեանի առաջնորդութեամբ առիթը ունեցան այցելելու Ֆաթիմայի Տիրամօր սրբավայրը եւ այնտեղ աղօթք բարձրացնելու վասն Արցախի մեր հայրենակիցներուն համար։

Երիտասարդներուն պարած այս եզակի փորձառութեան մասին մեր հետ զրուցեց նոյնինքն Հայր Արամ Աբրահամեանը` ունկնդրենք Անոր վկայութիւնը

Ունկնդրէ Հայր Արամին վկայութիւնը
ԵՀՕ Լիզպոնի մէջ
ԵՀՕ Լիզպոնի մէջ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/08/2023, 11:33