Որոնել

Մայր Արուսեակ Սաճոնեան Մայր Արուսեակ Սաճոնեան 

Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան ընդհանուր ընտրական Ժողովը

33 ժողովական Քոյրերու քուէներու մեծամասնութեամբ Միաբանութեան Մեծաւորուհի վերընտրուեցաւ Քոյր Արուսեակ Սաճոնեան, վեցամեայ նոր շրջանի մը համար:
Ունկնդրէ լուրը

Սոյն թուականի, Յուլիսի 17-ից 28, Լիբանանի Զմմառու Նախախնամութեան վանքին մէջ, տեղի ունեցաւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան հերթական վեցամեայ ընտրական Ընդհանուր Ժողովը որուն մասնակցեցան 33 անդամներ:

Ընդհանուր Ժողովէն առաջ Քոյրերը կատարեցին երեքօրեայ կրթութիւն, առաջնորդութեամբ Գերապատիւ Գէորգ Ծ.Վրդ. նորատունկեանի որ յատուկէն կանչուած էր Լիոնէն սոյն կրթութիւնը քարոզելու համար:

Կրթութենէն յետոյ, իրենց շրջանը աւարտող Ընդհանուր Մեծաւորուհին և Ընդհանուր մատակարարը, ժողովին ներկայացուցին վեցամեայ տեղեկագիր մը Միաբանութեան գործունէութեան և տնտեսական վիճակին մասին:

Ուրբաթ, 21 Յուլիսին, տեղի ունեցաւ Ընդհանուր մեծաւորուհիի ընտրութիւնը, նախագահութեամբ Ամենապատիւ և Գերերջանիկ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեանի, Կաթողիկոս-Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց:

33 ժողովական Քոյրերու քուէներու մեծամասնութեամբ վերընտրուեցաւ Քոյր Արուսեակ Սաճոնեան, վեցամեայ նոր շրջանի մը համար:

Հոգեւոր Տէրը պարտաւորութիւն դրաւ իւրաքանչիւր քրոջ նուազագոյն մէկ կոչում մը ապահովել:

Շաբաթ, 22 յուլիսին, տեղի ունեցաւ նոր վարչութեան անդամներու ընտրութիւնը: Կրկին քուէներու մեծամասնութեամբ ընտրուեցան հետեւեալները.

Քոյր Լուիզա Քասարճեան, Ընդհանուր փոխանորդ

Քոյր Նելլի իսին, Բ.րդ ընդհանուր և խորհրդականուհի

Քոյր Հակինթա Մուրատեան, Գ.րդ ընդհանուր խորհրդականուհի

Քոյր Նարինէ Սիմոնեան, Դ. րդ ընդհանուր խորհրդականուհի

Պաշտօնակիցներ՝

Քոյր Նարինէ Սիմոնեան, ընդհանուր քարտուղարուհի

Քոյր Յովհաննա Արոյան, ընդհանուր մատակարարուհի

Յուլիս 24-ի շաբաթը տրամադրուեցաւ անմիջական զանազան հարցերու ապահովելու համար Միաբանութեան վերելքը և անոր գոյատեւումը որպէսզի կարենայ շարունակել իր անփոխարինելի առաքելութիւնը դաստիարակելու հայ սերունդը հաւատարմօրէն պահելու իր դարաւոր կրօնքը և հայեցի սրբութիւնները, օգնելու որբին և չքաւորին անխտիր, Սփիւռքի և Հայրենիքի մէջ,: Երկարօրէն խօսուեցաւ նոր կոչումներ որոնելու միջոցներու մասին:

Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Ընդհանուր Ժողովը աւարտեցաւ եղբայրական սեղանի շուրջ, հայութիւն և անխորտակելի պայքար մղող հայադրոշմ Այնճարի մէջ:

Դիւան` Հայր Քոյրերու Անարատ Յղութեան Միաբանութեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/08/2023, 10:53