Որոնել

2023.08.19 Cerimonia giubilare per i 60 anni del nuovo edificio del Seminario San Mikael - Bzommar

Ս. Միքայէլ ընծայարանի նորաշէն կառոյցի 60-ամեայ յոբելեանի հանդիսութիւն

Օրուայ բանախօս Յովիկ Գոյունեան, նախ հակիրճ ձեւով ներկայացուց Կարդինալ Աղաճանեանի երանացման դատի գործընթացի ուղին, ապա յետադարձ ակնարկ մը նետեց Դպրեվանքի պատմականին ու ներկայ կառոյցի 60 ամեայ յոբելեանի շուրջ:

Հինգշաբթի, 17 Օգոստոս 2023-ի, երեկոյեան ժամը 6:30-ին Զմմառու մայրավանքի՝ Փոխման Սուրբ Կուսին Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, հովանաւորութեամբ` Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, նախաձեռնութեամբ՝ Ս. Միքայէլ ընծայարանի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Դպրեվանքի տեսչութեան, կազմակերպութեամբ՝ համանուն կրթօճախի ժառանգաւորներուն, ներկայութեամբ՝ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի ընտրական ժողովի մասնակցած Միաբաններուն տեղի ունեցաւ Ս. Միքայէլ ընծայարանի նորաշէն կառոյցի 60-ամեայ յոբելեանի հանդիսութիւնը:

Յոբելենական երեկոն ընթացք առաւ` Լիբանանի, Հայաստանի եւ ընծայարանի քայլերգերով:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հաղորդավար Տիրացու՝ Նշան Հաննէշեան, ան ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ հանդիսութեան նպատակի մասին:

Ս. Միքայէլ ընծայարանի նորաշէն կառոյցի 60-ամեայ յոբելեանի հանդիսութիւն
Ս. Միքայէլ ընծայարանի նորաշէն կառոյցի 60-ամեայ յոբելեանի հանդիսութիւն

Գեղարուեստական յայտագիրը կ'ընդգրկէր՝

Ի պատիւ Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետ՝ Աղաճանեանի եւ բոլոր հայրապետներու "Կիլիկիա" մաղթերգը՝ հնչեցուցին ժառանգաւորները:

Ապա Աղաճանեանի կեանքէն դրուագներ ներկայացնող տեսանիւթի ցուցադրութիւն տեղի ունեցաւ:

Աղաճանեանի թեւաւոր խօսքերէն ընթերցեց Տիրացու՝ Էտի Շահպազեան

Կարդինալ Աղաճանեանին` մտքով դէպի իր հայրենի բնօրրան Ջաւախք աշխարհ փոխադրող "Իմ Լեռներ-Լեռներ" ստեղծագործութեան երգեցողութիւնը կատարեցին սաները։

Աղաճանեանի թեւաւոր խօսքերէն ընթերցեց Տիրացու՝ Էտի Շահպազեան

Օրուայ բանախօս Յովիկ Գոյունեան, նախ հակիրճ ձեւով ներկայացուց Կարդինալ Աղաճանեանի երանացման դատի գործընթացի ուղին, ապա յետադարձ ակնարկ մը նետեց Դպրեվանքի պատմականին ու ներկայ կառոյցի 60 ամեայ յոբելեանի շուրջ:

Աղաճանեանի համահայրենակից` Ջաւախք աշխարհի ծնունդ` 20-րդ դարու ամենամեծ աշուղ-փիլիսոփայ Ջիւանիի "Քանքարաւոր Ընկեր"ը, Աբրահամ Իսահակեանի կատարողութեամբ ունկնդրեցին:

Կարդինալ Աղաճանեանի հոգեհարազատ` Վահան Տէրեանի "Մի խառնէք մեզ, ձեր վայրի արջի ցեղերին" ստեղծագործութիւնը, ասմունքեց՝ Տիրացու Սահակ Պօղոսեան:

Ս. Միքայէլ ընծայարանի նորաշէն կառոյցի 60-ամեայ յոբելեանի հանդիսութիւն
Ս. Միքայէլ ընծայարանի նորաշէն կառոյցի 60-ամեայ յոբելեանի հանդիսութիւն

Դպրեվանքի Տեսուչ Գեր. Գրիգոր Վրդ. Պատիշահ իր խօսքը կառուցեց Աղաճանեանի Դպրեվանաշինութեան սրբազան առաքելութեան եւ անոր բարգաւաճման համար ծաւալած աշխատանքի շուրջ: Ապա նշեց անցնող տարիներուն, սոյն կառոյցէն շրջանաւարտ եղած հոյլ մը մտաւորական հոգեւորականներու եւ աշխարհիկներու ունեցած աւանդին ի փառս հայ ազգի եւ ի ծաղկումն Հայ եկեղեցւոյ:

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պէյրութի թեմի Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի մեծաւոր Գերպծռ. Գաբրիէլ Թ.Ծ. Վրդ. Մուրատեան իր խօսքը փոխանցեց ներկաներուն եւ ժառանգաւորներուն:

Ամեն. Եւ Գերերջ. Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետի «Պահպանիչ» ով աւարտեցաւ յոբելենական հանդիսութիւնը:

Տիրացու Նշան Հաննէշեան

Աղբիւրը` Ս. Միքայէլ ընծայարանի դիմատետեր

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/08/2023, 07:00