Որոնել

Զմմառու վանքը Զմմառու վանքը 

Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնը Զմմառի մէջ

Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին վերափոխման տօնին օրը հայրապետական Սուրբ Պատարագ եւ խաղողօրհնէքի արարողութիւն նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքին, Զմմառու վանքի «Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան» ամփիթատրոնին մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Ունկնդրէ լուրը

Համայն քրիստոնէութիւնը Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը մեծ շուքով կը տօնախմբէ օգոստոս 15-ին: Իսկ հայ եկեղեցին` օգոստոս 15-ի մօտաւոր կիրակին, այսինքն 12-էն 18 օգոստոսի միջեւ: Տօն մը, զոր հայ եկեղեցւոյ հայրերը հինգ տաղաւար տօներէն մէկը համարած են, եւ կը տօնուի ինը օրեր շարունակ, եւ որուն ընթացքին շարականներու երգեցողութեան ընդմէջէն կ՛ոգեկոչուի Ս. Աստուածածնի երկինք փոխադրուիլը:

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առթիւ շաբաթ, 12 օգոստոս 2023ին, Զմմառու վանքի «Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան» ամփիթատրոնին մէջ կը մատուցուի Արաբերէն լեզուով Սուրբ պատարագ ապա խաղողօրհնէքի արարողութիւն։ Նոյն վայրին մէջ կիրակի 13 օգոստոսին, առաւօտեան ժամը 10,30ին, Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին վերափոխման տօնին օրը կը մատուցուի հայրապետական Սուրբ Պատարագ եւ խաղողօրհնէքի արարողութիւն նախագահութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ ՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքի։

Սուրբ Պատարագին ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն դէպի Զմմառու վանք աւանդական ուխտագնացութեան մասնակցող հաւատացեալները, որոնց համար ապահովուած է յատուկ փոխադրամիջոցներ։

Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման եւ Զմմառու վանքի անուանակոչութեան տօներուն առիթով, Զմմառու պատմական վանքին մէջ տեղի կ՝ունենայ երրօրեայ հոգեւոր կրթութիւն, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն միաբան հայրեր, եպիսկոպոսներ եւ վարդապետներ, գլխաւորութեամբ՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/08/2023, 07:20