Որոնել

2022.11.07 Patriarca Minassian

Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. «Արցախի մէջ պատահածը ոճրագործութիւն է, մարդկութեան դէմ ոճիր է` եւ ոչ ոք կը շարժի»

Պատրիարքը կոչ ուղղեց բոլոր անոնց` որոնք մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեամբ կը զբաղին ու բոլոր պատասխանատուներուն` յայտարարութիւնները վերածելու գործնական քայլելու։ «Մենք, ըսաւ Ան, կարիքը չունինք զօրակցութեան արտայայտութիւններուն, այստեղ կարիքը կայ գործնական փաստացի քայլերու»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Մեզի խոստացած էին թէ ճանապարհը բաց պիտի մնայ բայց միջանցքը տակաւին բակ է ու այս մէկը ոճիր է, ոճիր մարդկութեան դէմ։ Այնտեղ կան մանուկները տարեցներ, հիւանդներ ու անօթի մարդիկ։ Ու այս յուսահատական իրավիճակին դիմաց ոչ մէկը կը շարժի։ Քաջութիւնն ունենանք առ նուազն ահազանգելու թէ ընթացքի մէջ է նոր ցեղասպանութիւն մը»։ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ խօսքերն են ասոնք զոր Ան փոխանցեց Իտալացի Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի հովանաւորութիւնը վայելող «SIR» լրատու գործակալութեան, որուն հետ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը 11 օգոստոսին ունեցաւ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին ուզեց իր սրտի կսկիծն ու ցաւը արտայայտել ի տես եօթը ամիսներէ ի վեր Արցախահայութեան ապրած անմարդկային իրավիճակին։

«Եւրոպան, Միացեալ Նահանգները, Ռուսաստանը ու աշխարհի բոլոր մեծ իշխանութիւնները ականատես են 21րդ դարու մէջ իրագործուած ցեղասպանութեան ու ոչ մէկ բան կ՛ընեն։ 1915ին եւս համայն աշխարհի  դեսպանները վկայ եղան պատահածին բայց ոչ մէկ բան ըրին կանխելու կամ կասեցնելու ցեղասպանութիւնը եւ ահա այդ միեւնոյն պատմութիւնն է որ այսօր կը կրկնուի» ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻՍ։

Ան ընդգծեց նաեւ թէ պատերազմի ժամանակ գրաւուած հողերը  Ազրպէյճանին վերագրելը շիտակ չէ ու , «բաւարար է ուսումնասիրել պատմական քարտէզները բացայայտելու համար թէ Ազրպէյճանը այնտեղ գոյութիւն չունէր»։

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը ապա կոչ ուղղեց բոլոր անոնց` որոնք մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեամբ կը զբաղին ու բոլոր պատասխանատուներուն` յայտարարութիւնները վերածելու գործնական քայլելու։ «Մենք, ըսաւ Ան, կարիքը չունինք  զօրակցութեան արտայայտութիւններուն, այստեղ կարիքը կայ գործնական փաստացի քայլերու»։ 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/08/2023, 20:39