Որոնել

2022.11.07 Patriarca Minassian

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ը Հայ երիտասարդներուն. Դուք առաջին քրիստոնեայ ազգի զաւակներն էք։ Մեծ է ձեր պարտականութիւնը

Պատգամը ուղղուած է յառաջիկայ օգոստոսի սկիզբը Լիզպոն մեկնող եւ ԵՀՕ մասնակցող հայ երիտասարդներուն

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը լսատեսողական Հայրապետական յորդոր մը ուղղեց Հայ երիտասարդներուն, որոնք յառաջիկայ օրերուն կը մեկնին Լիզպոն Սրբազան Քահանայապետին եւ աշխարհի այլ ցամաքամասերէ ժամանած այլ երիտասարդներուն հետ միասին մասնակցելու համար ԵՀՕ (Երիտասարդական համաշխարհային օրերուն), որ նախատեսուած են յառաջիկայ Օգոստոս 1-էն 6ը։

Ունկնդրէ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ պատգամը

«Ի տարբերութիւն աշխարհի միւս բոլոր երիտասարդներէն դուք կը պատկանիք քրիստոնէութիւնը որդեգրած առաջին ազգի մը որ դարերու ընթացքին չի խնայեց դափել իր արիւնը վասն Քրիստոսի։ Այսօր եւս Հայ քրիստոնեաները հալածուած են Արցախի մէջ Քրիստոսի սիրոյն ի գին։ Թիւով քիչ ենք բայց արժէքներով շատ մեծ։ Կը մնայ միայն գիտակից ըլլալ այս իրականութեան։ Եւրոպան այսօր կը գտնուի մեծ տագնապի մէջ, որուն ամենածանրը Քրիստոսի ուրացումն է։ Չի տարուիք խաբուսիկ այս երեւոյթներէն։ Չի փորձուիք ձեր բարոյական արժէքները հակասող իրականութիւններէն։ Աղօթեցէք Աստուածամօր։ Արտայայտեցէք ձեր իղձերը։ Աղօթեցէք մեր հայրենիքին, մեր եկեղեցիին ու նաեւ եկեղեցականներուն համար։ Դուք կը ներկայացնէ Հայ ազգը, հայ Եկեղեցին, հետեւաբար մեծ է ձեր պարտականութիւնը թէ հոգեւոր եւ թէ ազգային գետնի վրայ...ձեր վերադարձին դուք պիտի դառնաք խմորը երիտասարդութեան ձեր բոլոր ընկերներուն փոխանցելով ձեր ապրած փորձառութիւնները» ըսաւ պատգամին մէջ ի միջի այլոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/07/2023, 08:00