Որոնել

2022.10.27 Napoli, i mosaici del Battistero di San Giovanni in Fonte

Մտաւորական-Կաթողիկոսներ եւ հոգեւորականներ` լուսարձակի տակ։ ԳՐԻԳՈՐ Է. ԱՆԱՒԱՐԶԵՑԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ (1240_1307) - Բ Մաս

Հաղորդաշար (4) նուիրուած Միջնադարեան Հայաստանի հոգեւոր պատմութեան մէջ իրենց նշանակալի աւանդը բերած մտաւորական-Կաթողիկոսներուն եւ հոգեւորականներուն։ Հաղորդաշարը պատրաստած են` Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանի եւ Սօսէ Փիլաւճեան
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

.... Աստուածածնայ նուիրուած վեց ներբողներէն բացի, Անաւարզեցին ունի՝ «Դրուատ գովեստի Ամենայն Սրբոց» («Ներբողեան ասացեալ ի Սրբոց Վարդապետաց»), «Դրուատ ներբողի սմին իսկ նաւատակեաց մեծի աւուր տօնի գովեստի Սուրբ Տնօրինականացն Քրիստոսի սրբեալ տեղեացն Երուսաղէմի» գործերը: Յօրինած է բազմաթիւ շարականներ, հայ շարականագրութեան մէջ միայն Ներսէս Շնորհալի եւ Գրիգոր Է. Անաւարզեցին արժանացած են, «Երգեցող» պատուանուան, զոր կը տրուէր երաժշտութեան մէջ երեւելի յաջողութիւններ արձանագրած մարդկանց: Ցուցակագրուած 33 կանոն շարականներէն մեզի հասած են միայն 16-ը, մէկ Մանկունք «Հիման Առաքեալսն» եւ երեք Մեծացուսցէ:

Անաւարզեցիին կը պատկանին «Թուղթ առ Իննովկենտիանոս Ը. Պապ», «Գանձ Պետրոսի», «Նուագ առ Սրբազնութիւն Ամենասրբոյ Մարմնոյ եւ Արեան Տեառն» եւ այլ երկասիրութիւններ:

Անաւարզեցին մտադիր էր ժողովով մը իր ծրագիրները կանոնականացնել, սակայն վաղահաս մահը՝ 1307-ին, Սիս քաղաքին մէջ արգելք եղաւ:

Գրիգոր Է. Անաւարզեցի Կաթողիկոսը, որ կոչուած է նաեւ «Ջրող», «Երգեցող», «Երկրորդ Վկայասէր», «Մեծքարեցի» ծնած է մօտ 1240-ականին, Կիլիկիոյ Անաւարզա քաղաքը: Կրթութիւնը ստացած է Մեծ Քարի Մեծ Այրի վանքը, տիրապետած է ասորերէնի, յունարէնի եւ լատիներէնի, հմտացած է երաժշտութեան եւ բանաստեղծութեան մէջ: Հետագային ստանձնած է Մեծ Քարի ուխտի առաջնորդութիւնը:

1263-էն մինչեւ Կաթողիկոս դառնալը Անաւարզայի արքեպիսկոպոսն էր: 1292 թուին, երբ Հայոց կաթողիկոսանիստ հանդիսացող Հռոմկլան կ'իյնայ եւ Հայոց Կաթողիկոսը Եգիպտոս կը տարուի, նորընտիր Կիլիկիոյ Հայոց Վեհափառ՝ Գրիգոր Է. Անաւարզեցին, կաթողիկոսական աթոռը 1293-ին կը տեղափոխէ Սիս եւ երկրի փրկութեան համար յոյսերը կը կապէ Հռոմի Պապին: Կաթողիկոսի եւ Հեթում Բ. թագաւորի ջանքերով կաթողիկոսանիստ Հռոմկլայէն Եգիպտոս տարուած Սրբազան Մասունքները կը վերադառնան Սիսի վեհարանը 1301 թուին:

Գրիգոր Է. Անաւարզեցի Կաթողիկոսը իր գահակալութեան ողջ տեւողութեան, երկրի արտաքին բոլոր յարաբերութիւնները ինք վարած է, ինչպէս եւ պետական-քաղաքական խնդիրներու լուծման համար աջակցութիւն ստացած է Հռոմէն: Կիլիկիոյ Հայոց Կաթողիկոս՝ Գրիգոր Է. Անաւարզեցիի վախճանումէն ետք, Կոստանդին Գ. Կեսարացին Կաթողիկոս ընտրուեցաւ, որ դարձեալ Կաթողիկէ դաւանանքին հաւատացող Հայրապետ մը եղաւ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/07/2023, 07:44