Որոնել

2022.10.27 Napoli, i mosaici del Battistero di San Giovanni in Fonte

Մտաւորական-Կաթողիկոսներ եւ հոգեւորականներ` լուսարձակի տակ։ ԳՐԻԳՈՐ Է. ԱՆԱՒԱՐԶԵՑԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ (1240_1307) - Ա Մաս

Հաղորդաշար (3) նուիրուած Միջնադարեան Հայաստանի հոգեւոր պատմութեան մէջ իրենց նշանակալի աւանդը բերած մտաւորական-Կաթողիկոսներուն եւ հոգեւորականներուն։ Հաղորդաշարը պատրաստած են` Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանի եւ Սօսէ Փիլաւճեան
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Հաւաստի աղբիւրներու վկայութեամբ՝ ԺԳ. դարու եկեղեցական եւ քաղաքական միջավայրը, բարքերը, Կիլիկիոյ Հեթում Բ. թագաւորի եւ Գրիգոր Է. Անաւարզեցի Կաթողիկոսի ջանքերը, կը յանգին երկիրը եւ հայ եկեղեցին կաթողիկէացնելու եւ իրենց շուրջ համախոհներու թիւը բազմացնելու: Եւ որովհետեւ Գրիգոր Է. Անաւարզեցի Կաթողիկոսը քաջ գիտնական էր եւ կատարեալ իմաստուն, ապա եկեղեցին ծաղկեցուց, ցնծացուց բազմապատիկ շուքով, պանծալի գեղեցկութեամբ, բայց միշտ եւ ամենուր ի մտի ունենալով հաճելի մնալ Քրիստոսի սիրոյն:

Երբ իր օժանդակութեան կը դիմէին մերձաւորներ ու հեռաւորներ, իմաստուններ ու տգէտներ, մեծաւորներ ու ռամիկներ, ապա կը փարթամանային, որովհետեւ իւրաքանչիւրին իղձն ու փափաքը կը կատարէր: Ինք անձամբ կը սպասաւորէր անոնց՝ մեծ խոնարհութեամբ եւ անձամբ կը պատրաստէր դիմորդներուն պէտքերը, այնքան որ զարմանք եւ երկիւղ կը պատէր ականատեսներուն: Քանզի հիւրերուն Աբրահամին նման կը պաշտպանէր եւ բոլորին հանդէպ իր հեզութեամբ կը նմանէր Մովսէսին:

Անաւարզեցիի գործերը քարոզիչի խօսքերուն նման էր, ամբարտաւանները կը խոնարհէին, ոխակալները կը դառնային ընկերասէր, փափկասկոտները կը զգաստանային, ստախօսը կը դառնար ճշմարտասէր, որովայնամոլը՝ չափաւոր:

Այսպէս զինք տեսնելն անգամ կրթիչ էր, որովհետեւ լկտին՝ ողջախոհ, սրտմտողը՝ հանգիստ կը դառնար. խաւարեալներուն լոյս կը ծագէր, կը խրախուսէր յուսահատներուն, կը քաջալերէր աշխատասէրներուն, կը տրամադրէր ծոյլերուն, ուրացողներուն դարձի կը հրաւիրէր, իսկ հաւատքի մէջ հաստատուններուն լոյս կը պարգեւէր:

Անաւարզեցին դարձաւ Աստուծոյ նուիրեալ ծառան, որուն շնորհիւ բազում անձինք սիրով մի անձն դարձան եւ նուիրուեցան Եռեակ Միութեան:

Ինչ կը վերաբերի անոր թողած ժառանգութեան, ապա «Յայսմաւուրք»ի չորրորդ խմբագրութիւնը կատարած է Գրիգոր Անաւարզեցի Կաթողիկոսը ԺԴ. դարուն: Վարքերն ու վկայաբանութիւնները ընդգրկուած են անոր խմբագրած «Յայսմաւուրք»ին մէջ, ուր փորձած է եկեղեցական ընթերցումներու համար համառօտել եւ ներկայացնել յատուկ սկիզբով եւ եզրափակումով:

Գրիգոր Անաւարզեցիի «Յայսմաւուրք»ի մէջ ընդգրկուած են կաթողիկէ սուրբերու յիշատակին նուիրուած ներմուծումներ, քանզի ինք «Ունիթորական շարժման» պարագլուխներէն էր: Մոնկոլ-թաթարական եւ իսլամական արհաւիրքներու դարաշրջանին, երբ Հայոց երկիրն ու դաւանանքը վերիվայրումներ կ'ապրէր, վարք վկայաբանութիւնները կոչուած էին զօրավիգ կանգնելու հոգիով եւ մարմնով հալածուող հայութեան. խրատական եւ աստուածաշնչական նկարագրութիւնները գերակշիռ է: Լատիններու հետ վարած սերտ յարաբերութիւններու արդիւնքն է՝ Գրիգոր Է. Անաւարզեցիի խմբագրած «Յայսմաւուրք»ը, ուր Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը դրուած է Դեկտեմբեր 25-ին, ինչպէս եւ հայ Եկեղեցւոյ չընդգրկուած հոգեւոր գործիչներու նուիրուած շարականները:

Այստեղ ամփոփուած են Գրիգոր Է. Անաւարզեցիի յունական, ասորական եւ լատինական աղբիւրներէ հայերէնի վերածած վարքերն ու վկայաբանութիւնները: Սուրբերու յիշատակը թարգմանելով յաւերժացնելու համար, Գրիգոր Անաւարզեցի Կաթողիկոսը ստացած է՝ «Երկրորդ Վկայասէր» տիտղոսը: Անաւարզեցիին կը վերագրուին «Թուղթ Տեառն Գրիգորի Հայոց Կաթողիկոսի, զոր գրեաց առ կրօնաւոր Թագաւորն՝ Հեթում, Հայ արքային Հայոց Լեւոնի» վերտառութեամբ նամակը, ըստ որուն Կաթողիկոսը Պատարագի բաժակին մէջ ջուր խառնելուն պատճառաւ կոչուած է նաեւ «Զրող»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2023, 08:41