Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. ՆԵՐՍԷՍ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԲՈՐՈՏՆԵՐՈՒՆ ՈՒՂՂԱԾ «ՄԽԻԹԱՐՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔ»Ը – Բ. ՄԱՍ
Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը Եդեսիայի բորոտներուն գրած նամակին մէջ հարց կու տայ թէ ինչո՛ւ Աստուած իր սիրելիները մարմնական վիշտերու կը մատնէ։ Կուռ պատասխանը փրկագործութեան պատմութեան վրայ հիմնուած է։ Ադամ ընտրեց մեղքը եւ հեշտասիրութեամբ մահը ժառանգեց, իսկ Քրիստոս՝ ընդհակառակը, ընտրելով բարին՝ տառապանքով ու չարչարանքով եւ խաչով մեր փրկագինը վճարեց եւ յարութեան յաւիտենական կեանքը պարգեւեց մարդուն։ Եւ քանի որ այս նեղ եւ անձուկ ճանապարհէն քիչեր կամովին կ՚ուզեն քալել ու բարձրանալ երկինք, եւ Աստուած կ՚ուզէ որ ամէնքը ճշմարտութեան հասնելով արժանի ըլլան անճառելի բարիքներուն եւ փրկուին, Իր իմաստութեամբ «ոմանց թոյլ կու տայ ակամայ աղքատութեամբ, անհրաժեշտ կարիքներու կարօտ, դիմակայել մարմնի հեշտութիւններուն, որպէսզի ատով արդարանան։ Իսկ ուիրշներուն միօրեայ կամ ոմանց միչնեւ կեանքի վերջը մարմնական ցաւ կ՚ուղարկէ... որպէսզի մարմնի հիւանդութեամբ, անաղմուկ, բժշկէ հոգիներու հիւանդութիւնները»։
Հետեւաբար՝ ցաւը, վիշտն ու նեղութիւնը Աստուած որպէս դեղ կը մատակարարէ մարդուն՝ որպէսզի մեղքէն բուժէ եւ արքայութեան արժանացնէ։ Եթէ մարդ կամաւորաբար համբերէ նեղութիւններուն՝ Աստուծմէ կը վարձատրուի, իսկ եթէ տրնտջէ եւ յանդգնի Աստուծոյ դատաստանը անիրաւ համարիլ, գանգատելով թէ ինչո՛ւ չար մարդոց կը ներէ եւ առողջ կը պահէ, պարզապէս կրկնակի կը դժբախտանայ, որովհետեւ թէ՛ նեղութիւնները կը կրէ եւ թէ՛ ձեռնունայն կը զրկուի վարձատրութենէն։ Շնորհալի պատասխանելով այս յանդուգն մարդոց, կ՚ըսէ թէ Աստուած ալ, բժիշկներու նման, բուժում կը նշանակէ անոնց որ առողջանալու յոյս կը ներշնչեն, իսկ անբուժելիներուն թոյլ կու տայ որ իրենց ուզածին պէս ապրին։
Շնորհալի կը նշէ թէ հիւանդութեան պատճառը կրնայ պարզապէս բնական երեւոյթի մը արդիւքն ըլլալ։ Կը քննէ նաեւ այն պարագան՝ ուր Աստուած թոյլ տալով ոմանց աղքատութիւն, չարչարանք կամ նեղութիւն՝ անոնց միջոցով հնարաւորութիւն կու տայ առողջ եւ հարուստ մարդոց, որ ողորմութիւն ընելով՝ արժանանան իրենց մեղքերու թողութեան, որպէսզի «ամէնքը արժանի գտնուին խոստացուած բարիքներուն հասնիլ. աղքատը՝ աղքատութեամբ, մարմնական ցաւերով տանջուողը՝ չարչարանքով, տառապողներն ալ իրենց տառապանքով, երբ շնորհակալութեամբ համբերեն նեղութիւններուն եւ չարչարանքներուն եւ աղքատութեան, եւ Աստուծոյ պատուիրանին համաձայն մաքուր վարքով ապրին։ Նոյնպէս ալ ազնուականներն ու հարուստները՝ անոնց հանդէպ ողորմած ըլլալու շնորհիւ պիտի հասնին մեղքերու քաւութեան եւ երկնային բարութիւններուն», այնքան առատ ու բազմապատիկ՝ որքան իրենց կեանքին ընթացքին գիտնան զուարթառատ պարգեւները առատօրէն սերմանել։
Շնորհալի Հայրապետը իր նամակը կը փակէ մաղթելով որ ամէնքը հասնին երկնքի արքայութեան՝ թէ՛ ողորմելի կեանք ունեցողները եւ թէ՛ անոնց ողորմելով երկնքի արքայութիւնը գնողները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ