Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. ՆԵՐՍԷՍ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԲՈՐՈՏՆԵՐՈՒՆ ՈՒՂՂԱԾ «ՄԽԻԹԱՐՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔ»Ը
Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի «Բան մխիթարութեան» կոչուած նամակը՝ որ Եդեսիայի բորոտներուն գրուած մխիթարական եւ քաջալերող պատասխան մըն է, որու միջոցով բարեգութ Հայրապետը քրիստոնէական տեսանկիւնէն կը վերլուծէ հիւանդութեան եւ աղքատութեան առկայութիւնը, պատճառը եւ նպատակը, ինչպէս միշտ սուրբգրային վկայութիւններով եւ փաստարկումներով հիմնաւորելով ամէն հաստատում։
«Ստացայ Եդեսիա քաղաքի մարմնով հիւանդ՝ ուրուկ կոչուածներուդ թախանձանքի նամակը, - կը գրէ Շնորհալին - եւ արցունքով լեցուեցայ մարմնական տարբեր հարուածներու տակ գտնուողներուդ համար, որ անքննելի վճիռով է Աստուծոյ՝ որ իւրաքանչիւրին, թէպէտ մարդիկ չեն հասկնար, չափով եւ կշիռով կու տայ օգտակարը, առողջութիւնն ու հիւանդութիւնը, ազնուականութիւնն ու պարզութիւնը, հարստութիւնն ու աղքատութիւնը, ինչպէս որ ձեր տկարութիւնը եւ մարմնական անբուժելի ցաւը եւս այլ սկիզբ չունի, եթէ ոչ Աստուծոյ հրամանով եւ կամքով»։
Կարեկցանքը եւ յուզմունքը յայտնելէ ետք, Շնորհալի Հայրապետը կը հաստատէ, թէ ամէն ինչ Աստուծոյ կամքով կամ թոյլտուութեամբ կը կատարուի, եւ հետեւաբար՝ մեր բարիքին կը ծառայէ։ Իսկ անոնց նկատմամբ՝ որ կը վիրաւորէին եւ կը հալածէին Եդեսիայի բորոտները՝ անյուսութեան մատնելու աստիճան կը յայտարարէ. «Բարձրեալին իրաւադատութեան գիտակ չեն եւ պատիժի արժանի մեղք կը գործեն» եւ համեմատելով Յոբ նահապետի չարախօս ընկերներուն՝ կը պարզաբանէ թէ ինչպէս սատանան այդպիսին չար մարդիկը կ՚օգտագործէ «որպէսզի ոչ միայն մարմնով, այլ մտքով անգամ ձեզ տանջէ, ձեզ ձեռնունայն թողլով մեծագոյն յոյսի մխիթարութիւններէն»։ Մէկ խօսքով՝ չարը երբեք դուլ ու դադար պիտի չտայ՝ մինչեւ մարդու հոգին ալ կորուստի չմատնէ։ Եւ երբ այլ հնարքներով չի յաջողիր՝ անհաւատ եւ տգէտ մարդոց խօսքերով կը փորձէ յուսալքել եւ Աստուծոյ դէմ տրտնջելու կ՚առաջնորդէ, Աստուծոյ դէմ ընդվզելու, վերջնականապէս կործանելով տառապեալները այս աշխարհի վրայ, միաժամանակ զրկելով եւ դատապարտելով անմասն մնալու յաւիտենական բարիքներէն։
Ուստի, Ս. Ներսէս փրկութեան ճանապարհը սորվեցնելով կը քաջալերէ ամէնքը՝ իւրաքանչիւրը իր կարողութեան համեմատ, հասնելու կարօտեալին, հիւանդին եւ աղքատին, որովհետեւ Քրիստոս վարձահատոյց պիտի ըլլայ, քանի որ յստակօրէն ըսաւ՝ մերկ էի, հիւանդ էի, անօթի էի, բանտարկուած էի եւ օգնեցիր ինծի։ Առողջն ու պնդակազմը թող անոնց ձեռնտու ըլլայ, հարուստը թող անոնց կարիքները հոգայ, իսկ անինչը թող մխիթարէ եւ վշտակցի անոնց, եւ այսպէս ամէնքը աղքատներու երանութեան մասնակից պիտի ըլլան։
Շնորհալի կը համեմատէ վշտակիրը, հիւանդն ու աղքատը մարտիրոսներուն, որ Քրիստոսի հաւատքին համար համբերեցին զանազան չարչարանքներուն եւ մահուան, միակ պայմանով՝ որ անոնք ալ համբերութեամբ եւ Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելով անցընեն իրենց կեանքի օրերը։ «Ան որ մեր այս ապականացու բնութեան պատահող մարմնական ցաւերը եւ նեղութիւնները ժուժկալութեամբ կը տանի եւ Աստուծոյ գոհութիւն կը մատուցանէ՝ Քրիստոսի վկաներէն պակաս չէ եւ արժանի կ՚ըլլայ փառքի»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ