Որոնել

2023.05.31 Cardinal Gregorio Pietro XV Agagianian

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (33)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի Ապրիլեան Եղեռնի և հայ դատին ի նպաստ բերած միջամտութեանց:

ԼԳ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի Ապրիլեան Եղեռնի և հայ դատին ի նպաստ բերած միջամտութեանց:

 

Ծիրանաւոր Կարդինալը իր եկեղեցանուէր ծառայութեան համար տիրացած էր մեծ յարգանքի ու համբաւի, յատկապէս Կաթողիկէ Տիեզերական Եկեղեցւոյ կողմէ, ու հանդիսացած էր փառքն ու պատիւը հայութեան: Պաշտօնի բերումով Կարդինալը ճամբորդած էր աշխարհի չորս ծագերը և աշխարհին ծանօթացուցած հայ ժողովուրդի պատմութիւնը, որ առաջինը եղած էր քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօնք ընդունող ազգ: Աղաճանեան Կարդինալը իր ժամանակին գլխաւոր ներկայացուցիչը և ջատագովը հանդիսացած էր նաեւ նահատակ հայ ժողովուրդի դատին, որ ոչ միայն կրցաւ հայ ժողովուրդի ձայնը լսելի դարձնել համայն աշխարհին և յատկապէս որպէս Հաւատոյ Տարածման իր պաշտօնի հանգամանքով՝ այդ օրերու 400 միլիոն Կաթողիկէ ժողովուրդներուն, և այդ ձայնին արձագանգը եղաւ բոլոր պետութիւններու դիւանագիտական և պետական շրջանակներուն մէջ: Այս առնչութեամբ՝ ան ուր որ գացած է միշտ մեծ շուքով ներկայ գտնուած է Ապրիլեան Եղեռնի յիշատակութեանց: Ան իր հովուական այցելութեանց ընթացքին անդադար խօսած է հայրենասիրական  ճառեր, և հայ դատին ի նպաստ իր աջակցութիւնը բերած ամէն անգամ որ պատեհութիւնը ներկայացած է, պաշտպան կանգնելով հայութեան այդ դժուար օրերուն, մասնաւորապէս մերձաւոր Արեւելքի մէջ:  Ի պահանջել հարկին՝ ան միջամտութիւններ կատարած է ի նպաստ տարագիր հայութեան թէ՛ Եկեղեցւոյ և թէ՛ Պետութիւններու միջոցաւ: Այսպէս երբ 1965 Ապրիլ 25-ին, Ապրիլեան Եղեռնի 50-ամեակի ոգեկոչումին ներկայ կ'ըլլայ Միլանոյի Մայր Տաճարին մէջ, պատարագելով և խօսք առնելով օտար և հայ եկեղեցական ու քաղաքական անձնաւորութիւններուն ներկայութեան, Մեծ Եղեռնին ահաւոր աղէտին անդրադառնալով՝ կը յիշատակէ օրուան Քահանայապետի խօսքը. «Բենեդիկտոս ԺԵ. մեծ Քահանայապետը 1915, 6 Դեկտեմբերի Խորհրդաժողովի իր ատենաբանութեան մէջ, Սրբազան Ծերակոյտին և անով՝ բովանդակ աշխարհին ուշադրութեան կը յանձնէր հայ ժողովուրդի ամենատխուր վիճակը, ըսելով թէ թշուառ ժողովուրդն Հայոց գրեթէ ի սպառ բնաջնջումի կ'առաջնորդուի: Արդարեւ, այդ թուականէն ոչ շատ առաջ, Վոսփորի ափերէն տրուած էր հրաման մը, որ նպատակ ունէր բնաջնջել շինարար ու խաղաղասէր ժողովուրդ մը, հպարտ ու պատուաւոր՝ իր երեքհազարամեայ պատմութեամբ, տասնեւհինգ դարերէ ի վեր ողողուած քրիստոնէական լոյսով. ժողովուրդ մը՝ որ իր հողը արգասաւորած էր իր ժիր աշխատանքով և ճակտի քրտինքով, որ պճնազարդած էր իր ձորերն ու լեռները՝ հազարումէկ եկեղեցիներով, յուշարձաններ՝ իր արուեստասէր հանճարին, անքակտելիօրէն փարած Կրօնքին, Հայրենիքին և Ազատութեան: Այսպէս էր հայ ժողովուրդը, որ այս բոլորով հանդերձ, կամ թերեւս ճիշդ ասոնց համար, դատապարտուեցաւ բնաջնջումի եւ տեսաւ իր որդիներէն մէկուկէս միլիոն, այր մարդեր եւ կիներ, պարմաններ, պատանիներ ու տղաներ, մանուկներ, կղերականներ ու պարզ հաւատացեալներ, երկրագործ մշակներ ու մտաւորականներ, տեղահանուած, չարչարուած, սպաննուած, անապատներու մէջ, եւ կամ ցրուած. անոնք որ յաջողեցան ճողոպրիլ սփիւռքի մը մէջ՝ որ աշխարհի չորս ծայրերը տարածուած է»։ Այս առթիւ, ներկաներուն յայտարարած է թէ հայ ժողովուրդը խորապէ՛ս երախտագէտ ու շնորհապարտ է բոլոր անոնց, որ մարդկային ու քրիստոնէական համերաշխութեան ոգիով առլցուն՝ կը ձայնակցին Ապրիլեան ոգեկոչումին: Յիրաւի, Կարդինալ Աղաճանեանը իր հովուապետական գործունէութեան ընթացքին, ամէն առթիւ նման արտայայտութիւններ ունեցած է ուր որ գտնուած է, պաշտապան կանգնելով հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն և հայ դատին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/07/2023, 08:56