Որոնել

Հայր Փիօ Հայր Փիօ  (fotografo Elia Stelluto e Parrocchia Paupisi)

«Քալել սուրբերու հետքերով» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Սուրբերու օրինակը վեր առնելով, կը տեսնենք, թէ անոնք աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ պայքարեցան իրենց կիրքերուն եւ մոլութիւններուն դէմ
Ունկնդրէ լուրը

Ժամանակ մը առաջ գրատուն մը այցելած էի, ուր գիրք մը գտայ, որ կը խօսէր տարբեր մարզերու մէջ յաջողութիւն արձանգրած անձերու մասին: Գիրքին նպատակը էր, որ նման մարդոց կենսագրութենէն դասեր վեր առնենք մեր կեանքերուն համար:

Մենք ալ որպէս քրիստոնեաներ, պէտք է մեր դիմաց ունենաք օրինակներ, որոնցմէ կարելի է սորվիլ ինչպէս  յաղթական հաւատացեալներ ըլլալ: Քրիստոս ըսաւ՝«եղէք կատարեալ, ինչպէս ձեր երկնաւոր Հայրը կատարեալ է» (Մտթ. 5:48): Յիսուս իր այս խօսքով մեր դիմաց դրաւ այն փորձաչափը, որու պիտի նայինք: Փոխանակ իրարու նայենք եւ մեր կեանքերը չափենք մեր նմանին հետ, նայինք Աստուծոյ կատարելութեան եւ տեսնենք, թէ որքան վար կը մնանք մեր քրիստոնէական նշանակէտէն:

Եւ որպէս օրինակ, մեր դիմաց ունինք սուրբերը, ճգնաւորներն ու մինակեացները: Անոնք, որոնք քրիստոնէական հաւատքը ապրեցան եւ Յիսուսի նման յաղթանակ արձանգրեցին աշխարհի վրայ: Անոնք պայքարեցան սատանային, մարմնի ցանկութիւններու,  ինչպէս նաեւ  աշխարհի բոլոր գաղափարախօսութիւններու դէմ: Բաւարար է, որ անոնց կեանքերը կարդանք, եւ պիտի տեսնենք անոնց մարտնչումը ոչ ուրիշի հետ, այլ իրենց մոլութիւններու դէմ: Անոնք լաւ հասկցած էին Ս. Պօղոս առաքեալի այն խօսքը, թէ ՝ « մեր պատերազմը արիւնի ու մարմնի հետ չէ, հապա իշխանութիւններու ու պետութիւններու հետ եւ այս խաւար աշխարհին իշխաններուն հետ, երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ» ( Եփս. 6:12): Գիտէին, որ բարկանալով եւ ընդվզելով ոչինչ կրնան փոխել իրենց աշխարհի վիճակէն: Յատկապէս որ ներկայ աշխարհը հասած այնպիսի բարոյական անկումի մը, որու համար կարելի է ըսել՝ անբժշկելի է: Հետեւաբար ոչ թէ մարդոց դէմ պէտք է ուղղել մեր պատերազմը, այլ աշխարհի վրայ իշխող խաւարի իշխանութիւններուն դէմ:

Որպէս տեսութիւն շատեր կրնան համաձայն ըլլալ այս գաղափարին: Բայց ինչպէ՞ս կարելի է հասկնալ զայն գործնականօրէն:

Սուրբերու օրինակը վեր առնելով, կը տեսնենք, թէ անոնք աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ պայքարեցան իրենց կիրքերուն եւ մոլութիւններուն դէմ, ինչպէս Հայր Փիոն (Padre Pio):  Ինչ որ յստակ է Հայր Փիոյի մասին, որ ան աղօթքի մարդ էր: Անոր պատարագները երկար կը տեւէին, որու համար ալ ան շատ քննադատութիւններ կը ստանար: Օր մը, իր անձնական պատարագի ատեն, սատանան կը յարձակի իր խորհուրդներու վրայ սեռային կիրքերով: «Քեզի համար աղուոր նուէր մը պատրաստած եմ» կ'ըսէ սուրբին. « իջիր վար եւ շտեմարանին մէջ պիտի գտնես երիտասարդ աղջիկ մը, որ քեզի կը սպասէ»: Հայր Փիօ վար կ'իջնէ եւ իսկոյն երիտասարդ գեղեցկուհի մը կը քնանար գետնին վրայ: Ան անօթի էր եւ պատրաստ իր անօթութիւնը յագեցնելով համար ամէն ինչ կատարելու: Սուրբը ի տես այս պատկերին, ամենայն հանդարտութեամբ կ'օգնէ երիտասարդուհիին եւ ապա կը ճամբէ զայն: Արդեօք կարելի՞ է նման յաղթանակ մը տանիլ սեռային կիրքերու վրայ: Պատասխանը՝ ԱՅՈ, եւ մեր դիմաց ունինք Հայր Փիոյին օրինակը: Հայր Փիոն միակը չէ սակայն. անոր կը միայն բազմաթիւ սուրբեր եւ ճգնաւորներ: Ուրիշ օրինակ մըն ալ յիշեմ: Ճգնաւոր մը կար, որ իր կեանքի նպատակը ըրած էր աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ Քրիստոսի պատկերը իր մէջ կերտէ: Լսելով իր մասին, վանական մը կը փափաքի միանալ իրէն: Սակայն այս վանական իր հետ կը բերէ իր վատ սովորութիւններ, որոնցմէ մէկը այն էր, թէ ան շատ կը սիրէր բամբասել: Օր մը իր սովորութեան համեմատ այս վանական կը մօտենայ սուրբին եւ կը սկսի քննադատել իր եղբայրները: Սուրբ ճգնաւորը անմիջապէս կը լռեցնէ զինք եւ կը զգուշացնէ որ չկրկնէ այս մէկը: Սակայն որովհետեւ դիւրին չէ ձերբազատուիլ կիրքերէ, նորեկ վանականը կը շարունակէ իր բամբասելու սովորութիւնը: Երեք անգամներ զգուշացնելէ ետք, ճգնաւոր զօրաւոր ապտակ մը կու տայ նորեկ վանականին, բարկանալով անոր եւ ըսելով՝ « եթէ կրկնես ուրիշներու գործերով զբաղիլ, փոխան քու մեղքերուդ համար ապաշխարելու, պիտի վռնտեմ քեզի»: Եւ իսկոյն սուրբին ապտակը կը բժշկէ նորեկ վանականը իր մոլութենէն, որ ինք ալ իր վարդապետին նման սուրբ կը դառնայ յետագային:

Այո սիրելիներ, քրիստոսի նման կարելի է յաղթել աշխարհին: Նայինք սուրբերուն եւ քալենք իրենց հետքերով: Իրենք մեծագոյն փաստերն են, որ կարելի է քրիստոսի պատգամները ապրիլ, նոյնիսկ ներկայ քայքայուած աշխարհին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/07/2023, 08:28