Որոնել

2023.06.14 bioeconomy, ambiente, ecologia

ԵՄ եւ Լատին Ամերիկայի կաթողիկէ ցանցերու կոչը քաղաքական գործիչներուն

Հրապարակուեցաւ կաթողիկէ ցանցերու բաց նամակը՝ ուղղուած ԵՄ եւ Լատին Ամերիկայի Պետութիւններու ու Կառավարութիւններու ղեկավարներուն՝ զանոնք յորդորելով համաձայնութեան գալ կայուն եւ մարդակեդրոն տնտեսութեան անցնելու քայլերու շուրջ
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

17 եւ 18 Յուլիսին Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան եւ Լատին Ամերիկայի ու Կարաիբեան Աւազանի (CELAC) Պետութիւններու եւ Կառավարութիւններու ղեկավարներու Գ գագաթաժողովի առիթով, որու նպատակն է քննարկել բնապահպանական եւ թուային անցումներու ներուժը եւ հնարաւորութիւնները, հրապարակուեցաւ «Մեծ Հայրենիքի արդարութիւն եւ խաղաղութիւն» եւ «Արդարութեան եւ խաղաղութեան Եւրոպա» կաթողիկէ ցանցերու համատեղ յայտարարութիւնը, որ կը յորդորէ զանոնք համաձայնութեան գալ կայուն եւ մարդակեդրոն տնտեսութեան անցնելու քայլերու շուրջ։

Արդարութեան եւ խաղաղութեան ի նպաստ գործող կաթողիկէ այդ երկու ցանցերը, որոնցմէ առաջինը իր մէջ կը միաւորէ Լատին Ամերիկայի 14 յանձնաժողովներ, իսկ երկրորդը՝ ԵՄ 32 ազգային յանձնաժողովներ, տարբեր քննարկումներու ծիրէն ներս նպատակայարմար նկատած են Պրիւքսելեան գագաթնաժողովին առաջարկել ընդունիլ առարկայական առաջարկներ՝ ապահովելու համար լաւ կառավարման վերաբերեալ ուղեգիծին իրականացումը։

Արժանթինի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի «Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն» յանձնաժողովի տնօրէն Հումպերթօ Փոտեթթին բացատրած է, թէ որոնք են յայտարարութեան մէջ այդ ուղղութեամբ արուած հիմնական շեշտադրումները։

Առաջին․ Ուշադրութեան տակ պահել «տեղական համայնքներու եւ շրջակայ միջավայրի համար մեծ վտանգ ներկայացնող» արտադրութիւնները՝ սահմանել յստակ ժամկէտներ եւ նպատակներ, համակարգել զանոնք` աստիճանաբար նուազեցնելով մարդկանց, հողի, ջուրի եւ օդի վրայ ազդող աղտոտող նիւթերու օգտագործումը։

Երկրորդ․ Գագաթնաժողովի եզրակացութիւնները պէտք են խրախուսել CELACի և ԵՄ անդամ պետութիւններուն երկխօսութիւններ կազմակերպել տնտեսական, հասարակական եւ գիտական բնագաւառներու​​ դերակատարներու հետ՝ սահմանելու եւ համակարգելու համար այդ փոխակերպման գործընթացներու չափանիշները ու յղման կէտերը:

Երրորդ․ Գիտակցիլ ձեռնարկութիւններուն կողմէ ԵՄ որդեգրած համապատասխան կանոններուն պատշաճ և առարկայական կերպով հետեւելու անհրաժեշտութիւնը եւ այդ ուղղութեամբ հնարաւոր խախտումներու մասին ընթացակարգը հասանելի դարձնել ցանկացած անձի, խումբի կամ պետական ​​կամ մասնաւոր կազմակերպութեան աշխարհի ցանկացած կէտին վրայ:

Առաջարկներ՝ ոգեշնչուած Ֆրանչիսկոս Պապի վարդապետութենէն

Արժանթինի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի «Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն» յանձնաժողովի տնօրէնը ընդգծած է, որ կաթողիկէ ցանցերու համատեղ յայտարարութեան պատրաստման մէջ կարեւոր դեր ունեցած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի միտքը, քանի որ անոր հիմքը կը կազմեն « Laudato si'» եւ «Fratelli tutti» շրջաբերական նամակները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/07/2023, 11:49