Որոնել

2019.03.06 CRISTIANE PERSEGUITATI

Արդե՞օք Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները վտանգի մէջ են. Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

«ժամանակ ալ պիտի գայ, որ ամէն ո՛վ որ ձեզ սպաննէ, այնպէս պիտի սեպէ թէ Աստուծոյ պաշտամունք կը մատուցանէ» ( Յովհն. 16:1)։
Ունկնդրէ լուրը

Օր ըստ օրէ Միջին Արեւելքի մէջ Քրիստոնեաներուն ներկայութիւն խաթարող սպառնալիքը կը շատնայ: Բան մը, որ վերջին  ժամանակներուն արեւմուտքի կառավարութիւններուն մօտ լուրջ մտահոգութիւնը յառաջացուցած է: Այս իմաստով  Լոնտոնի THE TELEGRAPH թերթը յօդուած մը հրապարակեց՝ «Քրիստոնէութիւնը Մօտ է Անհետացման Միջին Արեւելքի Մէջ» խորագրով:

Միջին Արեւելքը Քրիստոնէութեան ծննդավայրն ու որրանը եղած է: Նախքան իսլամական արշաւանքները, Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու ջախջախիչ մեծամասնութիւն քրիստոնեայ եղած է: Սակայն իսլամական արշաւանքներով, անոնք բռնագրաւումի ենթարկուած, եւ մինչեւ իսկ կորսնցուցած իրենց ինքնութիւնն ու պատմութիւնը: Քրիստոնեաներ դարձան անիշխան փոքրամասնութիւններ իրենց երկիրներու մէջ: Կորսնցուցին իրենց ազգային ինքնութիւնն ու մշակոյթը. այնպէս մը որ իրենք իրենց համար սկսան ըսել՝ « մենք մշակոյթով իսլամներ ենք»: Անոնք իրենց անուններուն կողքին կը կրեն «արաբ» մակդիրը, բան մը որ իրենց ինքնութիւնը կը խաթարէ: Մոռնալով իրենց ազգային լեզուներ, արաբերէնը իրենց մայրենի լեզուն կը կոչեն: Իրենց պապենական երկիրներ այլեւս «արաբական» երկիրներ են:

Այսպիսով քրիստոնեաները ապրած են ամէն տեսակը հալածանք, ջարդ եւ բռնագաղթ: Հակառակ այս բոլորին,  քրիստոնեաները պատմութեան ընթացքին մերթ ընդ մերթ ապրած են համեմատաբար խաղաղ ժամանակաշրջաններ, կարգ մը խաղաղասէր տիրակալեցրու օրերուն:  

Նախորդ դարասկիզբին քրիստոնեաներու թիւը Միջին Արեւելքի մէջ կը կազմէր բնակչութիւն 20%ը:

Վերջերս նոր հալածանքները դիմակալելու ի խնդիր,  Հռոմի եկեղեցին փորձած է երկխօսութիւններ հաստատել եւ համաձայնագրեր ստորագրել իսլամական կողմերու հետ, ի սէր խաղաղութեան: Սակայն ցաւալի իրականութիւնը մեզի ցոյց տուաւ, թէ անոնք ապարդիւն մնացին. որովհետեւ հալածանքները նոյն թափով շարունակուեցին:

Երկու շաբաթներ առաջ Իրաքի նախագահը աննախընթաց որոշումով մը հրամանագիր մը հրապարակեց, որով հանրապետական թիւ 147/2013 հրամանագիրը (ըստ որուն Ծիրանաւոր Պատրիարքը կը ճանչնար, որպէս Քաղդեական եկեղեցւոյ  Պատրիարք եւ անոր բոլոր կալուածներու տեսուչ) յետս քաշեց: Հրամանագիր ստիպեց Պատրիարք հայրը թողու Պաղտատը եւ Իրպիլ հաստատուի: Զարմանքն ու վախը մեծ եղան Իրաքի եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն :

Հալածանք, ջարդ, ցուլում եւ գաղթ: Ասոնք են քրիստոնեայի հորիզոնին վրայ երեւցող ապագան:

Ի՞նչ պէտք է ընենք:

Քրիստոս սկիզբէն յայտարարեց իր հետեւորդներու, որ իրենց կեանքերը դիւրին պիտի չըլլայ: Ան ըսաւ՝ «Իմ անուանս համար ամէնուն ատելի պիտի ըլլաք» ( Մտթ. 10:22):  Վերոյիշեալ դժուարութիւններ միշտ ալ մաս պիտի կազմեն իրենց կեանքերուն: Բայց եթէ կարենանք հաւատքի աչքերով նայիլ, պիտի տեսնենք թէ այդ բոլորը մեր փրկութեան պիտի ծառայէ: Եթէ կարենանք տեսնել, թէ մեր կեանքի նպատակը Աստուծոյ փառքն է եւ Անոր Արքայութիւնը, պիտի կրնանք տեսնել, թէ այս բոլորէն բարի պտուղ դուրս պիտի գայ: Ս. Պօղոս առաքեալ կ'ըսէ՝ «Սակայն գիտենք թէ ամէն բաները բարիին գործակից կ՚ըլլան անոնց որ Աստուած կը սիրեն, որոնք անոր նախասահմանութիւնովը կանչուած են։  Վասն զի զանոնք որ առաջ կը ճանչնար, առաջուընէ սահմանեց իր Որդիին պատկերին կերպարանակից ըլլալու» (Հռոմ. 8:28-29):

Կարչած մնանք մեր հողերուն եւ գիտնանք, որ միայն հաւատքով կրնանք դէմ դնել այս բոլորին: Հաւատքով կրնանք մեր ինքնութիւնը պահել եւ յաղթել, ինչպէս Քրիստոս ինք յաղթեց: Այլապէս գիտցած եղէք, որ Միջին Արեւելքէն փախչելով, աւելի լաւ արեւմուտք մը չսպասէր մեզի:

Փառք անոր, որ կրնայ խաչէն կեանք ժայթքեցնել:

«Փառք Ս. Խաչիդ Ալէլուիա»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/07/2023, 07:20