Որոնել

«Դուն Ես Քահանայ Յաւիտեան». Քեսապի Հայ Կաթողիկէ «Ս. Միքայէլ» եկեղեցին տօնախմբեց իր Ժողովրդապետի Քահանայական ձեռնադրութեան 25 ամեակը։

Ճշմարիտ քահանան կը նշանակուի Աստուծոյ կողմէն եւ ոչ թէ կ'ընտրուի մարդոց որոշումով: Եւ որպէս այդ, դուն՝ որպէս Քրիստոսի քահանան, քու ձեռնադրութեամբդ դարձար իր ներկայութեան նշանը այս աշխարհին մէջ: Եղար Քրիստոսի սիրոյ միջնորդը եւ ապրեցար Անոր վկայութիւնը՝ համայն հաւատացեալներուդ համար: Ինքզինքդ նուիրեցիր մեր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ անոր միջոցաւ բոլոր անոնց, որոնց հանդիպեցար քու առաքելութեանդ ընթացքին:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 30 Յուլիս 2023֊ին Քեսապի հայ աւանը ապրեցաւ այլ ուրախալի պահ մը տօնախմբելով Հայ Կաթողիկէ «Ս. Միքայէլ» եկեղեցւոյ Ժողովրդապետ Գերապատիւ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեանին կուսակրօն Քահանայական ձեռնադրութեան 25 ամեակը։

Այս առիթով Լիբանանէն Քեսապ ժամանած էր Լիբանանի Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թէմի օգնական Եպիսկոպոս` Արհի. Գէորգ Եպս. Ասատուրեանը որ յանուն Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերջ. Տ. Տ. Ռաֆայէլ - Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս – Պատրիարքին սուրբ եւ անմահ Պատարագի աւարտին լանչախաչով պարգեւատրեց Քեսապի ժողովրդապետը։

Գերապատիւ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեանին կուսակրօն Քահանայական ձեռնադրութեան 25 ամեակը։
Գերապատիւ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեանին կուսակրօն Քահանայական ձեռնադրութեան 25 ամեակը։

Սուրբ Զոհին ներկայ գտնուեցան քոյր համայնքներու հոգեւոր հովիւները, Քեսապի պետական անձնաւորութիւններ, Քեսապի թաղապետն ու քաղաքապետը, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։

Քահանայական ձեռնադրութեան 25 ամեակին առիթով մատուցած գոհաբանական սուրբ  պատարագի ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ Ժողովրդապետ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան յիշեց 25 տարիներ առաջ Պուրճ Համմուտի Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Քահանայական ձեռնադրութեան արարողութիւնը, ապա փառք մատոյց Աստուծոյ, որ իր շնորհքներով իրեն ընկերացաւ այս 25 տարիներու ընթացքին իր երախտագիտական խօսքն ուղղելով նաեւ անոնց` որոնք առաջնորդները եղան իր կոչումին, սկսեալ հանգուցեալ մօրմէն, որ «փոքր տարիքէն իմ սրտիս մէջ դրոշմեց աստուածավախութիւնը եւ աստուածասիրութիւնը» ըսաւ Ան, ապա Այնճարի «Աղաճանեան սանուց տան» տեսուչ` լուսահոգի Հայր Մանուէլ Եպիս. Տապպաղեան հուսկ Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու միաբանութեան անդամները։

Գերապատիւ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեանին  կուսակրօն Քահանայական ձեռնադրութեան 25 ամեակը։
Գերապատիւ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեանին կուսակրօն Քահանայական ձեռնադրութեան 25 ամեակը։

Պատարագիչ Վարդապետը ապա դրուատեց մինչեւ քահանայական ձեռնադրութիւն տանող ճանապարհին հանգրուաններ հաստատելով նաեւ, որ «Քահանայութիւնը նուիրում եւ ծառայութիւն է եւ ոչ թէ պաշտօն» այնպէս ինչպէս ինք ըմբռնած է իր կոչումը 25 տարիներու ընթացքին տարբեր վայրերու մէջ մատուցած ծառայութեան ընթացքին, որոնցմէ վերջին տասը տարիները Քեսապի մէջ, ուր տեղւոյն հայորդիներուն հետ կիսեց ուրախութիւններն ու դժուարութիւնները։

«Շատ անգամներ սխալներ ալ գործած եմ, սակայն ոչ որովհետեւ նենգամիտ եմ, այլ որովհետեւ փորձառու չեմ եւ մարդկայնօրէն տկար եմ...» յարեց Հայ Լուիսեան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ «զիս կոչեց այս սուրբ եւ վսեմ առաքելութեան` քարոզելու Աւետարանը, մատակարարելու իր սուրբ Խորհուրդները, մխիթարելու վշտացածները եւ Աստուծոյ Խօսքով ամոքելու հիւանդներուն ֆիզիկական եւ հոգեկան ցաւերը»։  

 Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան ապա յատուկ շնորհակալութիւն ուզեց յայտնել «իր հոգեւոր մեծ եղբօրը` որ պահապան հրեշտակի նման երկար տարիներ միշտ խրատած, սիրած, աղօթած ու թիկունք կանգնած է իրեն եւ ինչու չէ նաեւ շատ անգամներ սէրէ մղուած յանդիմանած է սխալները»։ Խօսքը ուղղուած էր Արհ Գէորգ Եպս. Ասատուրեանին, որ ինչպէս վերեւ նշեցինք այս առիթով ժամանած էր Քեսապ իր մասնակցութիւնը բերելու այս յոբելենական արարողութեան։

Պատարագիչ ժողովրդապետին շնորհակալութեան վերջին խօսքերը ուղղուեցան ապա բոլոր հաւատացեալներուն ապա Զմմառու հնադարեան պատրիարքական կղերի միաբանութեան ու անոր անդամներուն, ինչպէս նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ին։

Արհի. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան
Արհի. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան

Սուրբ Պատարագի աւարտին խօսք առաւ նաեւ Արհ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան որ իր սիրալիր պատգամը ուղղելով յոբելեարին ըսաւ.

Ունկնդրէ Գերապ. Ասատուրեանին խօսքը

Սիրելի հաւատացեալներ,

Մեծ ուրախութեամբ այսօր բոլորս եկած ենք Հ. Նարեկին հետ իր քահանայութեան 25ամեակը տօնելու եւ իրէն հետ ուրախանալու:  25 տարիներ շարունակ ան եղած է իսկական առաքեալը Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դաշտին մէջ:

Կ'ուզեմ շնորհաւորել ձեզ՝ դուք սիրելի Քէսապի հաւատացեալներ, որ այսօր Հ. Նարեկին պէս առաքեալ մը ունեցաք:

Անցած տարիներու ընթացքին ան միշտ ձեր կողքին մնաց. յատկապէս այն օրերուն, երբ ահաբեկիչները ձեզ ձեր տուներէն հանեցին: Հ. Նարեկը ձեզ չլքեց: Կը յիշեմ այդ օրը, երբ զինք փնտռեցի. զինք գտայ քաջ, չյուսահատած եւ անխախտ կեցուածքով. Ան եղաւ այն բարի հովիւը, որ պէտք միշտ հետերնիդ մնաց:

Իր կորովը տեսնելով որոշեցի այդ օրէն, որ ամէն ջանք թափեմ քեսապցիներուդ համար, որպէսզի իր ետ վերադառնաք առողջ եւ քաջ ձեր տուները:

Զինք սիրելով ձեզ սիրեցի: Առաջին օրէն արդէն բանախօսութիւններ եւ ցոյցեր կազմակերպեցի Ֆրանսայի մէջ, նշանաւոր լրագրողներու ինչպէս՝ Le Mondeի Georges Malbrunot եւ Ֆրանսական televisionի հոգեւոր մասերու պատասխանատու Thomas Vaillantի հետ: Բացատրեցի իսկական վիճակը: Յաջորդ օրը արդէն Քէսապի մասին սկսան խօսիլ, թէ թերթերու մէջ եւ թէ հեռատեսիլի կայաններէն: Այդ ալ, որովհետեւ խենթ վարդապետի մը առաքելութեան հաւատացի:

Քրիստոնէական քահանայութիւնը երկնային կոչում է, ոչ թէ երկրային պաշտօն մըն է: Որովհետեւ ճշմարիտ քահանան կը նշանակուի Աստուծոյ կողմէն եւ ոչ թէ կ'ընտրուի մարդոց որոշումով: Եւ որպէս այդ, դուն՝ որպէս Քրիստոսի քահանան, քու ձեռնադրութեամբդ դարձար իր ներկայութեան նշանը այս աշխարհին մէջ: Եղար Քրիստոսի սիրոյ միջնորդը եւ ապրեցար Անոր վկայութիւնը՝ համայն հաւատացեալներուդ համար: Ինքզինքդ նուիրեցիր մեր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ անոր միջոցաւ բոլոր անոնց, որոնց հանդիպեցար քու առաքելութեանդ ընթացքին:

25 տարիներէ ի վեր դուն կը քարոզես Աստուծոյ խօսքը, եկեղեցւոյ խորհուրդները կը կատարես, եւ մանաւանդ  Սուրբ եւ Անմահ պատարագ կը մատուցանես, որով Քրիստոսի մարմինը եւ արիւնը կը բաշխես հաւատացեալներուդ:  Այսպիսով եկեղեցին կերտեցիր, որպէս «Քրիստոսի Մարմինը եւ Ս. Հոգիին տաճարը»:

Աստուած քեզ իր գործակիցը դարձուց, քեզ հովիւ կարգելով իր ժողովուրդին վրայ: Դուն դարձար Անոր ձեռքը, աչքը եւ սիրտը աշխարհի վրայ: 

Իմաստութիւնը գիրքը կ'ըսէ՝ Ս. Հոգիին շնորհքները ստացար, որպէսզի եկեղեցւոյ հովիւը ըլլաս: Ըլլալու փոքր առաքեալ մը: Այդուհանդերձ եղար Աստուծոյ խօսքին ծառան: Սարկաւագ ձեռնադրութեանդ ատեն, ձեռնադրիչդ քեզի ըսաւ՝   «Առ Աւետարանը, ուշադիր եղիր Աստուծոյ խօսքին, հաւատքին, որպէսզի զայն ուսուցանես քեզի յանձնուած հօտիդ»:

Ուրախութեամբ քեզի հետ աշխատեցայ Պատրիարքարանի ժողովրդապետութեան մէջ: Քու մէջդ տեսայ զօրաւոր հաւատք հանդէպ եկեղեցւոյդ եւ սէր՝ժողովրդիդ:

Եղար շինարար ուր որ գացիր: Միշտ ուզեցիր քու եկեղեցիդ գեղեցիկ դարձնել, զայն հաւատացեալներու համար աւելի հանգստաւէտ տեղ մը ընելու, որպէսզի անոնք կարենան հանգստօրէն աղօթել: Շրջեցար բոլոր տուները. այցելեցիր հիւանդներու. Ամէն ժամանակ բոլորին կողքին էիր: 

Շատ մը դժուարութիւններէ անցար, բայց տոկուն մնացիր եւ շարունակեցիր քու առաքելութիւնդ:

Ներկայիս ալ դժուար ժամանակներէ կ'անցնինք: Քրիստոնեաներու մօտ հաւատքը կը նուազի: Տեսակ - տեսակ մարտահրաւէրներ կու գան խաթարելու ընտանեկան կեանքը: Հետեւաբար մնայ անխախտ քու առաքելութեանդ մէջ, որպէսզի այն օրը երբ սիրելի Տիրոջդ հանդիպիս, լսես իր քաղցր ձայնը, որ քեզի պիտի ըսէ՝ «Ապրի՛ս, բարի ու հաւատարիմ ծառայ»: (Մտթ. 25:23):

Հոգեւոր Տիրոջ, սիրելի Հայր Սուրբին, Պատուելիին եւ մանաւանդ Տէր Րաֆֆիին անունով կը շնորհաւորեմ քեզ եւ քեզի կ'ըսեմ՝ շնորհակալութիւն Աստուծոյ այն 9000 օրերուն համար, որոնց ընթացքին աստուածային շնորհքներով օժտուած քեզի յանձնուած առաքելութիւնդ յաջողցուցիր:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/07/2023, 08:00