Որոնել

2023.07.26   Intervista a Mons Mouradian su situazione Armeni di Artsakh

Արցախ. Չի բաւեր ցեղասպանութիւնները դատապարտել, անհրաժեշտ են զանոնք կանխարգիլող նախաձեռնութիւններ. Արհ. Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան։

Ամերիկայի եւ Քանատայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Թեմին առաջնորդ Արհ. Միքայէլ եպս. Մուրատեան հարցազրոյց մը ունեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատկան EWTN news հեռուստակայանի «The World Over» ծրագրի խմբագիրին հետ,
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ամերիկայի եւ Քանատայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Թեմին առաջնորդ Արհ. Միքայէլ եպս. Մուրատեան հարցազրոյց մը ունեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատկան EWTN news հեռուստակայանի «The World Over» ծրագրի խմբագիրին հետ, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Արցախի հայութեան ողբերգական եւ օրհասական վիճակի մասին եւ Ազրպէյճանի կողմէ գործադրուած շարունակական ճնշումներու եւ ոտնձգութիւններու մասին մինչ միջազգային հասարակութիւնը բացի յայտարարութիւններ կատարելէ տակաւին չէ դիմած ոչ մէկ պատժամիջոցի այդ կացութիւնը բարեփոխելու համար։

Արհ. Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան անդրադարձաւ նաեւ Արցախի մէջ հայկական հոգևոր-մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումի հարցին զայն նկատելով «թրքական աւանդութիւն», որով «կը քանդուին եկեղեցիները կամ կը վերածուին մզկիթներու եւ կառոյցներու վրայէն կը ջնջուին հայկական պատմական հետքերը»։

«Եթէ մենք այսօր Արցախի հայութեան կողքին չկանգնինք ականատես պիտի ըլլանք նոր ցեղասպանութեան» ըսաւ ի միջի ալոց Արհ. Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանը անդրադառնալով նաեւ 2020ի Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած 44 օրեայ պատերազմին ու այդ պատերազմի ընթացքին իրենց կեանքը կորսնցուցած հազարաւոր երիտասարդ զոհերուն, այս մէկը եւս նկատելով ցեղասպանութեան փորձ, որովհետեւ ըսաւ Ան «բնաջնջուեցաւ երկրի մը ապագան»։

Այն հարցումին թէ ի՞նչ կը սպասեն Հայերը Միացեալ Նահանգներէն Գերապայծառ Մուրատեան հաստատեց թէ «պէտք է յստակ դիրքորոշում որդեգրել Ազրպէյճանի մենատիրական վարչակարգին դէմ, այնպէս ինչպէս կը պատահի այլ բռնապետ իշխանութիւններուն հետ, ուր Միացեալ Նահանգները պատժամիջոցներ կը կիրարկեն, ի՞նչու նոյնը չընել Ազրպէյճանի նկատմամբ, որ փակած է Լաչինի միջանցքը եւ անօթութեան ու ոչնչացումի եզրին հասցուցած է 120 հազար մարդ, որոնց շարքին 30 հազար մանուկներ» հարց տուաւ Գերապայծառ Մուրատեանը եւ շեշտեց «չի բաւեր հայերուն ըսել մենք կը ճանչնանք ձեր ցեղասպանութիւնը եւ ապա ոչ մէկ քայլ կատարել այլ ցեղասպանութիւն մը կանխարգիլելու համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/07/2023, 10:23