Որոնել

Santissimo Nome di Gesù, monogramma

Եկեղեցական Գիտելիքներ - Բ. Շաբաթ զկնի Վարդավառի (30 Յուլիս _ 6 Օգոստոս 2023)

Այս շաբթուայ տօները եւս կ՛ընդելուզեն հին եւ նոր կտակարանները, մարգարէներն ու նահատակները։ Տրուած ըլլալով որ հայ ծէսին մէջ շատ են այն օրերը ուր սուրբի տօն չի կատարուիր, զոր օրինակ` չորեքշաբթի, շաբաթ եւ կիրակի օրերը, ասոր համար է որ յաճախ շատ մը սուրբերու տօները նոյն օրուան մէջ կը հանդիպին։
Ունկնդրէ լուրը

Վարդավառի երկրորդ կիրակին կը կարդանք «ամուսնութեան մասին Քրիստոսի պատգամը Սուրբ Աւետարանին մէջ». Ինչ որ Աստուած միացուց – կ՛ըսէ Յիսուս – մարդ թող չբաժնէ։ Ահա գլխաւոր օրէնքը ամուսնութեան։

Յիսուս Քրիստոս եկաւ վերահաստատելու օրէնքը որ մարդկութեան սկիզբէն ի վեր դրուած էր ստեղծող Աստուծոյ կողմէ. Այդ օրէնքը կարելի չէ խախտել եւ ինչ որ պատահական կերպով թոյլատրուած էր Հրեայ ժողովուրդին` Մովսէսի արտօնութեամբ, այժմ պարտի վերադառնալ  իր նախկին կարգաւորութեան։

Քրիստոս կը խօսի նաեւ անոնց մասին որոնք կամաւորապէս կը զրկուին ամուսնութենէն իրենք զիրենք բոլորովին նուիրելու համար Տիրոջ ծառայութեան։

Այս շաբթուայ տօները եւս կ՛ընդելուզեն հին եւ նոր կտակարանները, մարգարէներն ու նահատակները։ Տրուած ըլլալով որ հայ ծէսին մէջ շատ են այն օրերը ուր սուրբի տօն չի կատարուիր, զոր օրինակ` չորեքշաբթի, շաբաթ եւ կիրակի օրերը, ասոր համար է որ յաճախ շատ մը սուրբերու տօները նոյն օրուան մէջ կը հանդիպին։

Երկուշաբթի`  31  Յուլիսին, տօնն է Սեբաստիացի Աթանագինէս եպիսկոպոսին,  10 աշակերտներուն և 5 վկաներուն:Աթանագինէս եղբայրն էր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի տիկնոջ` Մարիամի։ Ան կարգուեցաւ Սեբաստիոյ հայրապետին կողմէ` եպիսկոպոս Պիտաքտոնի եւ բազմաթիւ հրաշքներով դարձի բերաւ շատ մը հեթանոսներ. Տակաւին Դիոկղետիանոս կայսր էր Հռոմի եւ հրաման տուաւ սպաննել սուրբը ինչպէս նաեւ իր աշակերտները, որոնք նահատակուեցան Կեսարիոյ մէջ. Հետագային` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ խնդրեց Ղեւոնդիոս Կեսարիոյ Հայրապետէն իր նահատակ աներձագին մարմինը, եւ անոր աճիւնները Հայաստան բերաւ։ Ան կարգուած է պաշտպան սուրբը որսի ու որսորդներուն: Նաև կը տօնենք չորս վկաներ, երկուքը` Աղեքսանդրիոյ եկեղեցիէն, Անտոնինոս եւ Թէոփիլոս սարկաւագ, մարտիրոսացած երրորդ դարուն։ Իսկ միւս երկուքը` Նիկոմիդիայէն, Անիքտոս եւ Փոտինոս ազնուական ընտանիքի պատկանող դուքսերը, որոնք երեք տարի շարունակ տառապեցան բանտերու մէջ եւ ի վերջոյ ընդունեցան մարտիրոսի պսակը, Դ. Դարուն սկիզբը, Դիոկղետիանոսի հալածանքներուն ժամանակ։

Երեքշաբթի  1 Օգոստոսին տօնն է Սրբոց Մակաբայեցւոցն՝  Եղիազար քահանային, եօթն եղբայրներուն ու անոնց մօր Շամունէի:

Հինգշաբթի  3 Օգոստոսին կը տօնենք Հռոմի Եկեղեցիէն չորս Սրբուհիներ՝ մայր մը և իր երեք աղջիկները. Մօր անունն է Սոֆիա որ կը նշանակէ յունարէն լեզուով իմաստութիւն.  Իսկ երեք աղջիկներուն անուններն են,  Պիսդիս, էլպիս եւ Ագապի, ինչ որ դարձեալ յունարէն լեզուով կը նշանակէ ՝՝ Հաւատք, Յոյս և Սէր: Անոնք կ՛ապրէին Հռոմի մօտակայ քաղաքի մը մէջ, Ադրիանոս կայսեր օրով ՝ Բ. դարուն սկիզբները: Անտիոքոս անունով հեթանոս իշխան մը ուզեց ամուսնանալ աղջիկներէն մէկուն հետ. Մայրը մերժեց և ի վերջոյ ստիպուեցաւ յայտնել ընտանիքին քրիստոնեայ ըլլալը: Երեք աղջիկներն ալ, ենթարկուեցան սոսկալի տանջանքներու և նահատակուեցան մէկը միւսին ետևէն: Ի վերջոյ մայրն ալ ցաւէն մեռաւ աղջիկներուն գերեզմանին վրայ:   

Նոյն օրը կը յիշատակուի Քրիստափոր վկան, նաև՝  Կալինիկէ և Ակիւլինէ կիները:

Շաբաթ օր՝ 5 օգոստոսին,  տօնն է Եփեսոսի տիեզերական ժողովին մասնակցող 200 հայրապետներուն որոնք 430 թուին հաւաքուեցան այդ քաղաքը, յայտարարելու համար Մարիամի Աստուածամայր ըլլալը ընդդէմ Նեստորի՝ Կ. Պոլսոյ պատրիարքին որ մերժելով այդ տիտղոսը տալ Մարիամի կը զատէր Յիսուսի մէջ, Աստուածը մարդէն, ինչ որ մեծ հերետիկոսութիւն մըն էր նորակազմ եկեղեցւոյ մէջ:  

Կիրակի 6 օգոստոսը՝ Աստուածածնայ Բարեկենդան է:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/07/2023, 08:01