Որոնել

2022.04.04 Caino e Abele

Եկեղեցական գիտելիքներ։ Ա. Շաբաթ Վարդավառէն ետք (23_30 Յուլիս 2023)։

Երեքշաբթի օր , հայ եկեղեցին կը տօնէ սուրբ նախահայրերը, ասիկա բացառիկ տօն մըն է որովհետեւ Սուրբերու կարգին կը դասէ նաեւ Ադամ, առաջին մարդը, ինչպէս նաեւ իր երրորդ որդին Սեթը։ Անշուշտ նաեւ սուրբերու մէջ կը դասուի առաջին անմեղը` Աբէլ, որ սպաննուեցաւ իր եղբօր` Կայէնի կողմէ։ Կը տօնուին նաեւ անոնք որ մտիկ ըրին Աստուծոյ խօսքին. Նոյ նահապետ, Աբրահամ, Մովսէս, Սամուէլ եւ այլն։
Ունկնդրէ լուրը

Այս շաբթուայ ընթացքին` մեր եկեղեցին ունի շարք մը տօնակատարութիւններ սուրբերու, հայ թէ օտար. Կու տանք այստեղ անոնց մանրամասն յիշատակութիւնը։

Երկուշաբթի օր՝ տօնն է Կիպրիանոսի, Ափրիկէի Կարքեդոն քաղաքի եպիսկոպոսին, որ նահատակուեցաւ Վաղերիանոս կայսեր օրով, 255 թուին։ Ան նախապէս եղած էր կախարդ եւ մոգպետ. Փորձեց կախարդել Յուստիանէ անունով քրիստոնեայ կոյս մը, սակայն չյաջողեցաւ եւ , պարտուելով իրմէ, ինք եւս քրիստոնեայ դարձաւ։

Կիպրիանոս նշանաւոր եղած է որպէս քաջ եւ իմաստուն հովիւ իր հօտին. Մինչեւ այսօր տակաւին հայ եկեղեցւոյ մէջ կը կարդացուի իր զօրաւոր աղօթքը չարին դէմ, զանազան փորձանքներու եւ փորձութիւններու ժամանակ։ 

Տօնն է նաեւ  45 վկաներու, և կոյսերու՝ Եւփիմէի ու Քրիստինէի:

Երեքշաբթի օր , հայ եկեղեցին կը տօնէ սուրբ նախահայրերը, ասիկա բացառիկ տօն մըն է որովհետեւ Սուրբերու կարգին կը դասէ նաեւ Ադամ, առաջին մարդը, ինչպէս նաեւ իր երրորդ որդին Սեթը։ Անշուշտ նաեւ սուրբերու մէջ կը դասուի առաջին անմեղը` Աբէլ, որ սպաննուեցաւ իր եղբօր` Կայէնի կողմէ։ Կը տօնուին նաեւ անոնք որ մտիկ ըրին Աստուծոյ խօսքին. Նոյ նահապետ, Աբրահամ, Մովսէս, Սամուէլ եւ այլն։

Հինգշաբթի  օր կը տօնենք երկու սուրբ իշխաններ, Սահակ եւ Յովսէփ, Կարին քաղաքէն։ Իրենց հայրը արաբ եւ մահմետական իշխանազուն մըն էր, որ ամուսնացած էր հայ քրիստոնեայ կնոջ մը հետ. Իրենց բուն անուններն էին Իսհաք եւ Եուսուֆ, սակայն իրենց հայրը ազատամիտ էր եւ թոյլ տուաւ որ մայրերնին զիրենք մկրտել տայ եւ մեծցնէ որպէս քրիստոնեայ։ Հետագային սակայն երբ երիտասարդ եղան եւ գիտցուեցաւ իրենց հօր պարագան, կանչուեցան իսլամական դատարան եւ պարտադրուեցաւ իրենց ուրանալ քրիստոնէութիւնը. Անդրդուելի մնացին անոնք եւ ի վերջոյ գլխատուեցան 808 թուականին

Շաբաթ  օր՝ տօնն է 12 մարգարէներու ՝ Ովսէ, Ամովս,  Միքէ, Յովէլ, Աբդի, Յովնան,  Նաւում, Ամբակում, ու նաև Սոփոնիա, Անգէ  Զաքարիա և Մաղաքիայի:

Կիրակի 30 Յուլիսը, Բ. Կիրակին զկնի վարդավառի:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/07/2023, 08:27