Որոնել

Աշխարհի տարբեր ցամաքամասերէն տարեցներ երիտասարդներուն կը յանձնեն ԵՀՕ ուխտաւորի խաչը

Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապի մատուցած Պատարագի աւարտին աշխարհի տարբեր երկիրներէն ժամանած հինգ տարեցներ ուխտաւորի խաչը կը յանձնեն դէպի Լիզպոն մեկնելիք երիտասարդներուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 23 յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ սուրբ Պատարագ կը մատուցանէ Տարեցներու, Մամիկներու, Պապիկներուն համաշխարհային օրուան առիթով։

Սուրբ Պատարագի աւարտին, ի տես Լիզպոնի մէջ կայանալիք երիտասարդներու համաշխարհային օրուան, աշխարհի տարբեր երկիրներէն ժամանած հինգ տարեցներ ուխտաւորի խաչը կը յանձնեն դէպի Լիզպոն մեկնելիք երիտասարդներուն։

Հինգ տարեցները

Երիտասարդներուն ուխտաւորի խաչը փոխանցող Հինգ տարեցներուն շարքին են ծագումով Հնդիկ, 82 ամեայ քոյր Մարթին Տէ Փոռես, որ մաս կը կազմէ «Եղբայրասիրութեան առաքելութիւն» միաբանութեան։ Քոյր Մարթինը կը բնակի Հռոմի San Gregorio al Celio վանքին մէջ ու ամէն օր կ՝աղօթէ բոլոր անոնց համար, որոնք կը պատրաստուին՝ Լիզպոնի մէջ ԵՀՕ ապրելու Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։

Տարեցներու շարքին երկրորդ անձն է Հռոմի մէջ աւելի քան 50 տարիէ է վեր բնակող կաթողիկէ Էրիթրէացի հասարակութեան անդամ, 76 ամեայ Կէպրմէսքէլ անունով տարեց մը։ Իսկ Լատին Ամերիկայէն հինգ տարեցներու շարքին է Փերուէն ժամանած Ամերիքա անուան 70 ամեայ անձ մը, որ 23 տարիէ ի վեր կը բնակի Հռոմի մէջ։
Չորրորդ տարեցը, Իտալիոյ մայրաքաղաք՝ Հռոմի մէջ ապրող 67 ամեայ տիար Միքէլէն է։ Ան մաս կը կազմէ «Ացիոնէ Քաթթոլիքա» եկեղեցական շարժումին։ Ի վերջոյ հինգերորդ անձն է ծագումով Աւստրիալացի, տիկին Ֆիլիփփան, որ ամուսնած է իտալացի մը հետ եւ ունի չորս թոռնիկներ։

Հինգ Երիտասարդները

ԵՀՕ ուխտաւորի խաչը ստացող երիտասարդներուն շարքին մաս կը կազմեն Ուկանտայէն ժամանած, 27 ամեայ Ամպրոզէ անուան երիտասարդ մը։ Ան 8 զաւակներու տէր ընտանիքի ամէնէն փոքրիկն է։

Երկրորդ երիտասարդը Աւստրալիայէն ժամանած Ծագումով Ֆիլիփփինցի 22 ամեայ Քոէ անունով երիտասարդ մըն է։ Ան ուխտագնացութեամբ Փորթուկալ կը մեկնի Աւստրալիայի մէջ հովուական ծառայութեան մաս կազմող խումբ մը երիտասարդներուն հետ։

Երիտասարդներու շարքին երրորդ երիտասարդուհին է ծագումով Հնդիկ եւ Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքին մէջ ապրող 22 ամեայ Ալիշա Երիտասարդուհին։ Ան դեղագործութիւն կ՝ուսանի ու Լիզպոն կը մեկնի 25 կաթողիկէ հնդիկ երիտասարդներէ կազմուած խումբի մը հետ։

Ի վերջոյ հինգ երիտասարդներու վերջինները, Խրուաթցի 29 ամեայ Մաթէժա անունով երիտասարդուհի մըն է եւ Մեքսիքացի 27 ամեայ Ֆապիոլա անուան երիտասարդուհին։ Երկու երիտասարդուհիները կամաւորներ են Հռոմի Սուբր Լորենցօ կեդրոնին մէջ, ուր պահուած է երիտասարդներու համաշխարհային օրուան խաչը եւ ուր ամէն տարի կ՝այցելեն հազարաւոր ուխտաւորներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/07/2023, 10:21