Որոնել

2023.07.28 Quattro giovani armeni cattolici che parteciperanno alla GMG

Պայուսակները գոցենք, սրտերը բանանք. Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդները դէպի Լիզպոնի ԵՀՕ

Թուրքիայէն մի քանի հայ կաթողիկէ երիտասարդներ կը պատրաստուին մեկնիլ Լիզպոն իրենց մասնակցութիւնը բերելու ԵՀՕ 37րդ հաւաքին անոնց անուններն են Սոֆիա, Լեւոն, Անիթա եւ Էմիլ, որոնց հետ զրուցեցինք Իսթանպուլի Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ ժողովրդապետ եւ Պոլսոյ Թեմի Առաջնորդութեան Ընդհանուր Փոխանորդ Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանի միջնորդութեամբ

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմումնք

Մեր Պայուսակները գոցենք մեր սրտերը բանանք. Աայս կարգախօսով է` որ Թուրքիայէն մի քանի հայ կաթողիկէ երիտասարդներ, կը պատրաստուին մեկնիլ Լիզպոն իրենց մասնակցութիւնը բերելու ԵՀՕ 37րդ հաւաքին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ մէկէն վեց օգոստոս 2023ին Փորթուկալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ եւ 2 օգոստոսէն սկսեալ պիտի տեսնէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մասնակցութիւնը։

Անոնց անուններն են Սոֆիա, Լեւոն, Անիթա եւ Էմիլ, որոնց հետ զրուցեցինք Իսթանպուլի Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ ժողովրդապետ եւ Պոլսոյ Թեմի Առաջնորդութեան Ընդհանուր Փոխանորդ Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանի միջնորդութեամբ։

Անոնք մեզի պարզ կերպով ներկայացուցին իրենց ապրած զգացումները իւրաքանչիւրը իր սրտին մաղթանքը յայտնելով, սկսեալ Սոֆիայէն որ մաղթեց փակել պայուսակները ու բանալ սրտերը` հանդիպելու համար աշխարհի այլ երիտասարդներու հետ միասին ապրելով հաւատքի ու սիրոյ անմոռանալի պահեր։

Ունկնդրէ երիտասարդներուն վկայութիւնները

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/07/2023, 08:00