Փորթուկալի մէջ կաթողիկէ եկեղեցին թիւերով
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
ԵՀՕ առթիւ ֆրանչիսկոս Պապին Փորթուկալ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան ի տես կ՝անդրադառնանք Փորթուկալի մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ վիճակագրութեան։
31 դեկտեմբեր 2021-ի եկեղեցւոյ վիճակագրութեան կեդրոնական գրասենեակի տուեալներու համաձայն, 10 միլիոն բնակչութեան վրայ 9 միլիոն անձեր կաթողիկէ հաւատացեալներ են, միջին հաշուով 100 անձերու վրայ 81 հոգի կաթողիկէ են։
Փորթուկալի մէջ կաթողիկէ եկեղեցին կազմուած է 21 եկեղեցական տարածքներէ, 4574 ժողովրդապետութիւններէ եւ 1835 հովուական ծառայութեան կեդրոններէ, որոնց մէջ կը ծառայեն 47 եպիսկոպոսներ, 2389 թեմական քահանաներ, 878 կրօնաւորներ, ընդհանուր առմամբ 3267 քահանաներ եւ 4205 մնայուն սարկաւագներ։
Բարեսիրական, կրթական գետնի վրայ Փորթուկալի մէջ կաթողիկէ եկեղեցի ունի 583 մանկապարտէզներ, 53 միջնակարգ դպրոցներ եւ 21 կաթողիկէ համալսարաններ։ Ընկերային եւ բժշկական գետնի վրայ կաթողիկէ եկեղեցին ունի 896 ծերանոցներ, ընկերային վերադաստիարակման համար 27 կեդրոններ, 59 հիւանդանոցներ եւ 56 բուժարաններ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ