Որոնել

Լիզպոնի ԵՀՕ նուիրուած դրոշմաթուղթ Լիզպոնի ԵՀՕ նուիրուած դրոշմաթուղթ 

Լիզպոնի ԵՀՕ ընդառաջ. Ի՞նչ ըսել է ԵՀՕ

«Երիտասարդութեան Օրը, կը նշանակէ ընթանալ Աստուծոյ հետ հանդիպումին, Աստուած` որ մուտք գործեց մարդուս պատմութեան մէջ Յիսուս Քրիստոսի զատկական խորհուրդին միջոցաւ։ Ան մուտք գործեց անշրջելի կերպով։ Եւ կ՛ուզէ նախ ձեզի հանդիպիլ, երիտասարդները, ու իւրաքանչիւրին կ՛ուզէ ըսել. Հետեւէ ինծի. Ես եմ ճանապարհը ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը» ՅՊԲ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ օգոստոս ամնսուայ սկիզբը Լիզպոնի մէջ տեղի պիտի ունենայ Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուայ ԻԸ հաւաքը, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Ի՞նչ ըսել է ԵՀՕ

Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրը (ԵՀՕ) համայն աշխարհի երիտասարդներուն հանդիպումն է Քահանայապետին հետ։ Եւ միաժամանակ ուխտագնացութիւն, երիտասարդական տօնախմբութիւն, տիեզերական Եկեղեցւոյ արտայայտութիւն մը ու նաեւ երիտասարդական աշխարհին ուղղուած աւետարանութեան զօրեղ պահ մը։

Անիկա կը ներկայանայ որպէս հրաւէր նոր սերունդին որ վճռակամ է կառուցելու աւելի արդար ու զօրակից աշխարհ մը։

ԵՀՕ ունի կաթողիկէ ինքնութիւն բայց բաց է բոլորին, ըլլան անոնք մօտիկ կամ նաեւ եկեղեցիէն հեռու։

Անիկա ամէն տարի կը կատարուի թեմերուն մէջ, եւ մինչեւ 2021 թուական տեղի կ՛ունենար Ծաղկազարդի տօնին օրը, իսկ 2022էն ետքը Ֆրանչիսկոս Պապին որոշումով օրը փոխադրուեցաւ Քրիստոս Թագաւոր Տիեզերքի տօնին օրը։

Ամէն երկու կամ երեք տարին անգամ մը ան կը կատարուի նաեւ «միջազգային» բնոյթով, Քահանայապետէն ընտրուած քաղաքի մը մէջ եւ միշտ Անոր ներկայութեամբ։

Միջազգային հաւաքը կը համախմբէ տասնեակ հազարաւոր երիտասարդներ միասին տօնախմբելու համար հաւատքը եւ իրենց Եկեղեցւոյ պատկանելիութիւնը։

Առաջին հաւաքէն սկսեալ, որ տեղի ունեցաւ Հռոմի մէջ 1986 թուականին ԵՀՕ բացայայտուեցաւ որպէս հաւատքի աշխատանոց, վայր` ուր ծնունդ կ՛առնեն կոչումներ` ամուսնութեան եւ նուիրեալ կեանքի ու նաեւ աւետարանութեան գործիք։

Նպատակն է բոլոր մասնակցողներուն ներկայացնել տիեզերական Եկեղեցւոյ փորձառութիւնը, խթանալով Յիսուս Քրիստոսին հետ անձնական հանդիպումը։

Անիկա հաւաtքի սլացք մըն է, սլացք յոյսի եւ սիրոյ, որուն դերակատարները երիտասարդներն են։ Անոնց հետ միասին ԵՀՕ կը փորձէ նաեւ խթանել խաղաղութիւնը, միութիւնը եւ աշխարհի ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութիւնը։

 

ԵՀՕ ծագումը

1984-ի ապրիլ 22ին, Ծաղկազարդի տօնին օրը, աշխարհի զանազան վայրերէն 250 հազար երիտասարդներ, ընդառաջելով՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ Սրբազան Քահանայապետի հրաւէրին, Սուրբ Պետրոսի Հրապարակ ժամանած էին, մասնակցելու համար 1983-ի Սուրբ Տարուայ փակման արարողութեան։ Այս առթիւ երջանկայիշատակ Քահանայապետը անոնց յանձնած էր խաչ մը, որ ապա տարիներու ընթացքին պիտի դառնար Երիտասարդներու Համաշխարհային օրերու խորհրդանշանը։

Երիտասարդութեան Միջազգային Տարին

12 ամիսներ ետք վերոյիշեալ հաւաքը միեւնոյն խանդավառութեամբ կրկնուեցաւ եւ Երիտասարդութեան Միջազգային Տարուայ առթիւ, 31 մարտ 1985-ին, երիտասարդները դարձեալ համախմբուեցան Սրբազան Քահանայապետին շուրջ աղօթքի, բաժնեկցութեան եւ զրոյցի հանդիպումներով։ Այս եղաւ նոր սերունդի աննախընթաց պատասխանը ՅՊԲ-ի հրաւէրին։ Ի տես այս իրողութեան Վոյթիլա քահանայապետը, 31 մարտ 1985-ին, աշխարհի երիտասարդներուն ուղղեց առաքելական թուղթ մը եւ նոյն տարուայ 20 դեկտեմբերին ան հաստատեց ''Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը''։

1986-ի ԵՀՕ

''Երիտասարդութեան համաշխարհային Օրը'' առաջին անգամ նշուեցաւ 1986-ի մարտ 23ին` ծաղկազարդին օրը, որպէս բնաբան ունենալով ս. Պետրոսի Ընդհանրական Ա. Թուղթի 3 գլուխէն քաղուած 15րդ համարի հետեւեալ նախադասութիւնը '«Պատրաստ եղէք պատասխանելու ամէն անոնց` որ կը հարցնեն ձեր յոյսի խօսքին մասին»։

«Սիրելի երիտասարդներ, այսօր դուք դարձեալ այստեղ կը գտնուիք, Հռոմի մէջ, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ սկսելու Երիտասարդութեան Օրուան աւանդութիւնը, որուն տօնախմբութեան հրաւիրուած է համայն եկեղեցին։ Ի սրտէ բարի գալուստ կը մաղթեմ ձեզի եւ կ՜ողջունեմ բոլոր անոնք, որոնք այստեղ եկան ոչ միայն Հռոմէն եւ Իտալիայէն այլ նաեւ հեռուէն....Երիտասարդութեան Օրը, կը նշանակէ ընթանալ Աստուծոյ հետ հանդիպումին, Աստուած` որ մուտք գործեց մարդուս պատմութեան մէջ Յիսուս Քրիստոսի զատկական խորհուրդին միջոցաւ։ Ան մուտք գործեց անշրջելի կերպով։ Եւ կ՛ուզէ նախ ձեզի հանդիպիլ, երիտասարդներուդ, ու իւրաքանչիւրին կ՛ուզէ ըսել. Հետեւէ ինծի. Ես եմ ճանապարհը ճշմարտութիւնը եւ Կեանքը»։

Այդ օրէն անցան 37 տարիներ եւ սկիզբ առած այդ աւանդութիւնը կը շարունակէ հերթական կերպով համախմբել աշխարհիս բոլոր երիտասարդները, որոնք մօտ օրէն պիտի մեկնին Լիզպոն, ուր յառաջիկայ օգոստոս ամսուայ սկիզբը տեղի պիտի ունենայ Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրը, Ֆրանչիսկոս Պապին մասնակցութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/07/2023, 10:13