Որոնել

2023.06.14 Visita del Patriarca Minassian al vicepresidente del Consiglio supremo islamico sciita

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարք Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. այցելութիւնը Շիիթ իսլամական բարձրագոյն Խորհուրդին փոխնախագահին

Այս հանդիպումով՝ մենք նպատակ ունինք ներկայացնելու այս խորհուրդը եւ Լիբանանի իսկական պատկերը, իսլամներ ու քրիստոնեաներ, որոնք կը համատեղուին հայրենիքին շահին և մարդու սիրոյն համար, որ կը միաւորէ մեզ բոլորս:
Ունկնդրէ լուրը

Շիի Իսլամական Բարձրագոյն Խորհուրդի փոխնախագահ Ն.Գ. Շէյխ Ալի Խաթիպ այսօր կէսօրին Խորհուրդի կենդրոնին մէջ ընդունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը, ընկերակցութեամբ Պէյրութի Պատրիարքական Թեմին օգնական եպիսկոպոսին՝ Արհի. Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի և Պատրիարքարանին ընդհանուր յարաբերութեան պատասխանատու Շարպել Պասթուրիի, եւ ներկայութեամբ մուֆթի Շէյխ Ապտըլ-Ամիր Շամս ԸտՏինի։ Քննարկուեցան Լիբանանի ու տարածաշրջանի մէջ տեղի ունեցող ազգային եւ կրօնական հարցերն ու զարգացումները:

Հանդիպումէն ետք՝ Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց իր երախտագիտական խօսքը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Ն.Գ. Շէյխին, որ իր թանկագին ժամանակը տրամադրած էր այս այցելութեան համար, ինչպէս նաև հասարակութեան վկայելու սիրոյ և ընդհանուր ժառանգութեան մասին՝ լիբանանցիներու մաղթելով առողջ ու բարգաւաճ ապագայ մը անկեղծ հայրենասիրութեամբ, նկատել տալով, որ անոնք եղբայրներ են եւ մէկ Աստուծոյ զաւակները: Ուստի, անոնց պարտականութիւնն է, գործով եւ աշխատանքով հաստատել փոխադարձ սէրը:

Իր կարգին՝ Ն.Գ. Շէյխ Խաթիպ ըսաւ.«Կ’ողջունենք Ն.Ա. Պատրիարքը բոլոր լիբանանցիներուն պատկանող այս տան մէջ ու շնորհակալութիւն կը յայտնենք անոր՝ այս նախաձեռնութեան և այս այցին համար։ Աստուծոյ կամքով մենք միշտ համաձայնած ենք լիբանանցիներուն սիրոյ եւ միասնութեան շուրջ՝ աղօթելով, որ լիբանանցի քաղաքական գործիչները գիտակցին իրենց վեհ առաքելութեան, ի խնդիր բոլոր լիբանանցիներուն եւ չպառակտեն ու կրօնը չշահագործեն քաղաքական և համայնքային նպատակներուն համար։

Այս հանդիպումով՝ մենք նպատակ ունինք ներկայացնելու այս խորհուրդը եւ Լիբանանի իսկական պատկերը, իսլամներ ու քրիստոնեաներ, որոնք կը համատեղուին հայրենիքին շահին և մարդու սիրոյն համար, որ կը միաւորէ մեզ բոլորս:

Յոյսով ենք, որ, Աստուծոյ կամքով, այս պատկերը կրնանք փոխանցել քաղաքական գործիչներուն, որպէսզի անոնք մնան այս նոյն նպատակին վրայ, նոյն ուղղութեամբ և չբաժնեն լիբանանցիները իսլամներու և քրիստոնեաներու, կամ փորձեն մեկուսացնել միւս կողմը…: Ասիկա ձեռնտու չէ Լիբանանին, եւ մենք պէտք է սորվինք մեր անցեալին դառն փորձառութենէն, որ յանգեցուց այժմ մեր երկրին գտնուած այս դժբախտ իրավիճակին, որուն արժանի չեն լիբանանցիները:

Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. այցելութիւնը Շիիթ իսլամական բարձրագոյն Խորհուրդին Փոխնախագահին
Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. այցելութիւնը Շիիթ իսլամական բարձրագոյն Խորհուրդին Փոխնախագահին

Լիբանանցիներս աւելի վսեմ ենք եւ աւելի բարձր, քան այս պատկերը, որ արտերկրին մէջ տրուած է Լիբանանին, իբր թէ այս երկիրը պառակտուած է համայնքայնօրէն, մինչ իսլամներ եւ քրիստոնեաներ կը վայելեն նոյն իրաւունքներն ու նոյն պարտականութիւնները»։

Ն.Գ. Շէյխը նաեւ աւելցուց. «Մենք միշտ կոչ կ’ուղղենք կերտել իսկական հայրենիք, հաւատքը մարդերուն միջև տարբերութիւն չի դներ՝ զանոնք բաժնելով ըստ անոնց համայնքին եւ կրօնին: Բոլոր համայնքներն ու կրօնները մարդկային արժանապատուութեան առարկան են, և բոլոր մարդերըն համահաւասար են իրենց իրաւունքներով ու պարտականութիւններով: Այստեղ կը կրկնեմ Աստուծո առաքեալին խօսքը. «Բոլոր մարդիկ Աստուծոյ զաւակներն են»:

Քրիստոնեաներն ու իսլամները մարդերն են, որոնք ունին նոյն արժանապատուութիւնը, ինչպէս Ամենակարող Աստուած կ’ըսէ. «Մենք կը պատուենք Ադամի զաւակները»: Տա՛յ Աստուած, որ այս հանդիպումը սկիզբ ըլլայ մեր եղբայրներուն՝ հոգևոր առաջնորդներու հետ այլ հանդիպումներու, և մենք վերամիաւորենք երկիրն ու մղենք քաղաքական գործիչները՝ շուտով լուծելու խնդիրները եւ շուտով ընտրելու Հանրապետութեան նախագահը՝ Լիբանանը այս փակուղիէն դուրս բերելու որպէս սկիզբ»։

Ի պատասխան հանրապետութեան նախագահ ընտրելու մասին հարցումին՝ Ն.Գ. Շէյխ Խաթիպ ըսաւ. «Երկխօսութեան ու համախոհութեան կոչ կ’ուղղենք լիբանանցիներուն, որպէսզի Լիբանանի և լիբանանցիներուն համար յարմար ելք գտնուի»։

Պատասխանելով նախագահական ընտրութիւններուն հայկական քուէներու գնահատականներու մասին հարցումին՝ Ն. Ա. Մինասեան Պատրիարքն ըսաւ. «Կը կարծեմ, որ այդ գնահատականները ժամանակաւոր են, և, ինչպէս կ’ըսուի, քննութեան ժամանակ է, որ մարդ կա՛մ կը մեծարուի, կա՛մ կ’անպատուուի։

Մենք սրտանց կը մաղթենք երեսփոխաններուն, որ յաջողին նախագահ ընտրելու գործին մէջ, և, ինչպէս ըսաւ յարգարժան Շէյխը, Հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը կը դառնայ այս երկրին յառաջընթացին ու բարգաւաճումին սկիզբը»։

Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/06/2023, 08:26