Որոնել

Ռաֆայէլ – Պետրոս ԻԱ Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքին այցելութիւնը «Ֆաթիմայի Տիրամայր» Ռաֆայէլ – Պետրոս ԻԱ Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքին այցելութիւնը «Ֆաթիմայի Տիրամայր» 

Ռաֆայէլ – Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքին այցելութիւնը «Ֆաթիմայի Տիրամայր» Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութեան

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Ռաֆայէլ- Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը Կիրակի, 11 Յունիս 2023-ին, իր առաջին հովուապետական այցելութիւնը տուաւ Զահլէի «Ֆաթիմայի Տիրամայր» Հ. Կ. Ժողովրդապետութեան: Մատոյց Ս. Պատարագը Տիրամօր եկեղեցիին մէջ, առընթերակայութեամբ քահանաներու և սարկաւագներու:
Ունկնդրէ լուրը

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Ռաֆայէլ- Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը Կիրակի, 11 Յունիս 2023-ին, իր առաջին հովուապետական այցելութիւնը տուաւ Զահլէի «Ֆաթիմայի Տիրամայր» Հ. Կ. Ժողովրդապետութեան: Մատոյց Ս. Պատարագը Տիրամօր եկեղեցիին մէջ, առընթերակայութեամբ քահանաներու և սարկաւագներու:

Սուրբ Պատարագի ընթացքին
Սուրբ Պատարագի ընթացքին

Ներկայ էին Պէյրութի թեմին Օգնական Եպիսկոպոս Արհիապատիւ Տէր Գէորգ Ասատուրեան, Յոյն Կաթողիկէ Մելքիթներու Ֆըրզոլի, Զահլէի ու Պեքաայի արքեպիսկոպոս Իպրահիմ Միքայէլ Իպրահիմի, Ասորի Ուղղափառներու Զահլէի թեմին հովիւ Պուլոս Եպս. Սաֆարի, Զահլէի Սուրբ Ֆրանչիսկոս վանքին վանահայր Էլիաս Մարսուանեան, Արդիւնաբերութեան գործող նախարար Ճորճ Պուճիքեան, երեսփոխաններ Ժան Թալուզեան, Ժորժ Աքէյս, Սալիմ Աուն, Էլիաս Սթեֆան, նախկին նախարար Էլի Մարունի, Պեքաայի Արդիւնաբերողներու Համախմբումի ղեկավար Նքուլա Ապու Ֆայսալ, Զահլէի մէջ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ և հաւատացեալներու հոծ բազմութեան։

Սուրբ Գրային ընթերցումներէն ետք, Զահլէի ծխատէր Քահանայ Տ. Ալիշան Աբարդեան կատարեց բարեգալուստի ողջոյնի խօսքը. «Օրհնեա՜լ ըլլայ Ա՛ն, որ կու գայ Տիրոջ Անունով»:

 Զահլէի ծխատէր Քահանայ Տ. Ալիշան Աբարդեան
Զահլէի ծխատէր Քահանայ Տ. Ալիշան Աբարդեան

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէր, Աստուածաշնչական այս բերկրալից ձայներգութեամբ՝ Զահլէի «Ֆաթիմայի Տիրամայր» Հ. Կ. ժողովրդապետութեան անունով՝ կ’ողջունենք Ձեր անդրանիկ հովուապետական այցելութիւնը մեր եկեղեցիին, որով այս օրհնեալ օրը կը հանդիսանայ պատմական օր մը թէ՛ մեր Համայնքին պատմութեան եւ թէ՛ Զահլէ քաղաքին տարեգրութեան մէջ:

Ահա սպասուած օրը, երբ հովիւը կը հանդիպի իր հօտին, և ահաւասիկ «Պեքաայի հարսին» և Արևելքի մէջ կաթողիկէներու մայրաքաղաք Զահլէի զանգերը ուրախութեամբ կը ղօղանջեն եւ կը ցնծան՝ արտայայտելով «Ֆաթիմայի Տիրամայր» ծուխին ուրախութիւնն ու հրճուանքը։ Արդարեւ, պատմական օր մըն է Զահլէի համար, քաղաք մը, որ աւելի քան հարիւր տարի առաջ գրկաբաց ընդունած էր հայ ժողովուրդը, որ տեղահանուած էր իր հայրենիքէն՝ օսմանեան հալածանքներուն պատճառով և այստեղ գտած էր ապահով ապաստարան ու ջերմ ընդունելութիւն, ուստի, արագօրէն համարկուած էր այս հասարակութեան մէջ և դարձած անոր գործունեայ մասնիկը:
Եւ մենք, որպէս Զահլէի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի, հակառակ մեր փոքր քանակին, աշխատեցանք, կ’աշխատինք և կը շարունակենք աշխատիլ այս քաղաքին բարգաւաճման մէջ մեր դերը հզօրացնելու ու ծխական համայնքին յարաբերութիւններ ամրապնդելու անոր բոլոր զաւակներուն հետ, ի խնդիր Զահլէի ժողովուրդի բարօրութեան, ընդհանրապէս, և հայ համայնքին համար, մասնաւորապէս։ Ուստի, մեր գոհաբանական աղօթքը կը բարձրացնենք մեր երկնաւոր Հօր, որ Իր անհուն բարութեամբ այս օրը շնորհեց մեզի:

Արդարեւ, մենք այսօր կը վայելենք Ձեր հայրական ներկայութիւնն ու օրհնութիւնը մեր եկեղեցիին մէջ, որուն կառուցման 70-րդ տարեդարձը կը տօնենք, ինչպէս նաեւ Նահատակ Երանելի Իգնատիոս Արքեպս. Մալոյեանի տօնը կը յիշատակենք:
Ուստի, կը փափաքինք Ձեզի յայտնել մեր որդիական սրտաբուխ շնորհակալութիւնը այս անմոռանալի հանդիպումին:
Մարիամ, «Ֆաթիմայի Տիրամայրը», մեր Երկնամայրն ու Երկրամայրը, բայց յատկապէս՝ Հայամայրը, Իր ժողովուրդին հետ կը հրճուի այսօր այս ուրախ առիթին համար:
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Հոգեւոր Տէր, մեր աղօթախառն բարեմաղթանքն է, որ այս հովուապետական այցելութիւնը ըլլայ պտղաբեր առիթը մեր ժողովրդապետութեան բարքաւաճումին ու յառաջդիմութեան, եւ այն՝ ի Փառս Աստուծոյ եւ ի Պատիւ ամենասուրբ Կուսին Մարիամու: Ամէն»:

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարք
Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարք

Այնուհետև Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր քարոզին մէջ ըսաւ. «Իմ սիրելի եղբայրներ և քոյրեր,
խոր ուրախութեամբ կ’այցելեմ ձեզի, յատկապէս այսպիսի առիթին և այս օրհնեալ ամսուան ընթացքին, որ նուիրուած է Յիսուսի Սուրբ Սրտին եւ կը յաջորդէ մարեմեան ամսուան, որ նուիրուած է Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնին՝ Աստուծոյ Մայրն ու մեր Մայրը մեծարելու համար:

Ես ուրախ եմ այս այցով, որովհետև ասիկա հիմնարար առիթ է, որ մեզ կ’արթնցնէ խորը թմբիրէն՝ նայելու համար ճշմարտութեան մը, զոր մենք ընկալած ենք որպէս պարտականութիւն, առանց զգալու կամ հասկնալու անոր էութիւնը: Ան հրաւէր մըն է եւ աստուածային պատգամ, որ, դժբախտաբար, անիմաստ դարձուցած ենք մեր կեանքին մէջ: ճշմարտութիւն, զոր մենք ընդունած ենք որպէս առանց բովանդակութեան և համոզմունքէ զուրկ սովորութիւն մը: - Հետեւաբար, ի՞նչ է ճշմարտութիւնը...:

Այս ճշմարտութիւնը Յիսուս Քրիստոսն է՝ Փրկիչը, որ կ’ապրի մեզի հետ սուրբ Հաղորդութեան մէջ հացի տեսակին մէջ, Զոր մենք կ’ուտենք և Անոր մէջ ապաստան կը փնտռենք, բայց կը քալենք կոյրերու պէս ու չենք տեսներ, կը քալենք, բայց չենք գիտեր, թէ ուր ենք մենք և ուր կ’երթանք։

Յիսուս Փրկիչը, Յիսուս՝ Աստուծոյ Որդին, կենդանի Աստուած, Սուրբ Աստուած մեզի հետ է, և մենք կ’անտեսենք զԱյն ու կը մոռնանք զԱյն նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ զԱյն կը ճաշակենք Հացին և Գինիին տեսակներուն ներքեւ։
Այո՛, Ասիկա է կեանքին հացը, եւ ով որ կը ճաշակէ զայն, կ’ապրի ու չի մահանար: Ան է Քաւիչը, որ իր աշակերտներուն և իր հասարակութեան այդ օրերուն ըսաւ ու նոյնիսկ մինչև այսօր կ’ըսէ. «Ով որ կը ճաշակէ երկինքէն իջած այս Հացէն, չի մեռնիր։ Ես եմ կենդանի Հացը, որ իջած է երկնքէն եւ ան, որ կը ճաշակէ այս Հացը, կ’ապրի յաւիտեան, և այս Հացը, Զոր Ես կու տամ, իմ Մարմինս է, զոր Ես կու տամ աշխարհի կեանքին համար» (Յվհ. 6, 52):
Այստեղ կը կանգնին միտքերն ու գիտութիւնը, եւ այստեղ է, որ կը սկսի աստուածաբանութիւնը։ Աստուած, որ կը խօսի, տիեզերքի Արարիչը, որ կը խօսի ձեզի հետ՝ ըսելով. «Եթէ չճաշակէք Մարդու Որդիին Մարմինը և չըմպէք Անոր Արիւնը, կեանք չէք ունենար» (Յվհ. 6, 53):

Այո՛, իմ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Տէրը մեզի տուաւ Իր Մարմինն ու Արիւնը՝ յաւերժ ապրելու համար, բայց մենք անտեսեցինք զԱյն և տակաւին կ’անտեսենք Անոր ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ: Եթէ մենք հաւատարիմ ըլլայինք, կը հասկնայինք այս պարգեւին իմաստը և կը կառչէինք Անոր, ինչպէս մագնիսը իրեն կը քաշէ մետաղները, այնպէս, որ երկուքը կը դառնան մէկ, մէկ մարմին: «Ան, որ կը ճաշակէ իմ մարմինս, կ’ապրի իմ միջոցով» (Յվհ. 6. 56):
Ուրեմն, ի՞նչ կը սպասենք, եղբայրնե՛ր եւ քոյրե՛ր, այսքան ստանալէն յետոյ և այս աստուածային խոստումէն ետք։ Եւ ոչ միայն խոստում, այլ նաեւ պատմական ու անմիջական իրականութիւնը, որ ամէն օր կը կատարուի Աստուածային Զոհակատարութեան մէջ՝ Ս. Պատարագին գոյացափոխութեան խօսքերով։ Այսպէս, ի՞նչ կը սպասենք այս աստուածային հրաշքէն, որ տեղի կ’ունենայ ամէն օր մեր կեանքին մէջ:

Իմ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ասիկա անհերքելի ճշմարտութիւնն է, որուն մասին կ’ուզէի յիշեցնել ձեզի. «Ասիկա՛ է ճշմարիտ ճանապարհը, ուր կը հանդիպին հաւատացեալները և կը վկայեն իրենց հաւատքին ու իրենց միասնութեան մասին՝ իրենց բարիքին և իրենց հասարակութեան հսմար, ինչպէս նաև ի բարօրութիւն իրենց հայրենիքին յաջողութեան ու յարատևութեան, յատկապէս այս դժուար օրերուն, որոնց մէջէն կ’անցնի մեր սիրելի երկիրը՝ Լիբանան»։
Այո, ես կը նշեմ մեր հայրենիքին՝ Լիբանանի անունը, քանի որ մեր առօրեայէն անբաժան մասն է: Եւ մենք զայն լքեցինք մենակ, անտեսուած, առանց նախագահի ու առանց պաշտօնատարներու, որ ազնուութեամբ ու զոհաբերութեամբ ծառայեն անոր։ Մենք զայն լքեցինք, հակառակ որ ան միակ միջոցն էր մեր համակեցութեան հոգեւոր ու այժմէական սկզբունքներուն։ Հայրենիքը այն արգանդն է, որ իր մէջ կը կրէ իր զաւակները ու կ’ապահովէ անոնց կեանքի պայմանները: Այստեղ ես նկատի ունիմ ընկերային կեանքը և եղբայրական համերաշխութիւնը։
Հոս, իմ խօսքս ընդհանրապէս մարդկային խղճին մասին է, որ կը յարգէ ինքզինքն ու իր հասարակութիւնը, այսինքն՝ այն կենդանի խիղճը, որ կը գտնուի մեր՝ քրիստոնեաներուս մէջ, որոնց սուրբ պարտականութիւնն է ապրիլ և ճշմարտութեան լաւ վկայութիւն տալ, որ Յիսուս Փրկիչն է, որ Ինքզինքը զոհաբերեց մեզի համար: Ան է Ճշմարտութիւնը, որ գծեց մեր փրկութեան ուղին։ Այսօր, Ան կը կատարէ իր խոստումը, երբ կ’ըսէ. «Ես ձեզի հետ եմ բոլոր օրերուն՝ մինչև աշխարհին վերջը» (Մտթ. 28, 20):

Երբ կը մէջբերեմ այս խօսքերը, իմ աչքին առջեւ կը տողանցեն այն բազմաթիւ հրաշքները, որոնք մէկ անգամ չէ, որ տեղի ունեցած են Ամենասուրբ Հաղորդութեան Խորհուդին ընդմէջէն, որոնք անսպասելիօրէն, ի դէմս մարդկային կասկածին, Աստուածային Զոհակատարութեան ժամանակ՝ կտոր մը Հացէն վերածուած են կենդանի արիւնով կտոր մը Միսի։ Մասնագիտացած տարրալուծարանային քննութիւններով այս կտորը ուսումնասիրելով՝ գիտնականներուն աչքերը շլացան և վերադարձան հաւատքին, այս Միսի կտորին Տիրոջ, որ մարդու սրտէն առնուած կենդանի կտոր էր ու տակաւին կը մնայ կենդանի եւ կը պատկանի A-B արեան խումբին, որ կ’ընդունի մարդու արեան բոլոր տեսակները:
Այո՛, այս պատկերով կը հաստատուի ամենակարող և ողորմած Աստուծոյ կերպարը, որ կը սպասէ, որ մեզ քաշէ դէպի իր բաբախող Սիրտը՝ Ս. Հաղորդութեան Խորհուրդին ընդմէջէն:

Ահաւասիկ, Յիսուսի Սուրբ Սրտին խորհուրդը այսօր մեզի հետ է այս հովուական այցին ժամանակ, ձեզի ներկայացնելով իմ մաղթանքը՝ խնդրելով նուիրուիլ Անոր և Անոր Մօր՝ Մարիամ Կոյսին՝ ձեր եկեղեցիին բարեխօս Մօր, որ կ’ուղեկցէր իր Որդիին՝ ծնունդէն մինչև Խաչելութիւնն ու մինչև Յարութիւնը։

Այսօր, Մարիամ միջնորդ Մայրն է, որ կ’ապահովէ ու կը պահպանէ մեր ճանապարհը դէպի իր միածին Որդին, պայմանով, որ մենք հաւատարիմ մնանք Անոր պատկանելու խոստումին: Ամէն»։
Սուրբ Պատարագի աւարտին՝ տեղի ունեցան եկեղեցիին նոր սրահին բացումը, աջահամբոյրը, ընդունելութիւնը, ինչպէս նաեւ ճաշն ի պատիւ Գերերջ. Հոգեւոր Տիրոջ։

Նոր սրահին բացումը,
Նոր սրահին բացումը,
Նոր սրահին բացում
Նոր սրահին բացում
Նոր սրահի բացումը,
Նոր սրահի բացումը,

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2023, 12:55