Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Կլայեցի Կաթողիկոս – «Թուղթ ընդհանրական»ը - Զ մաս

Հաղորդաշար (18) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ. Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ լուրը

Աշ­խար­հա­կան դա­սին եր­րորդ խմ­բա­կի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը՝ որոնց Ս. Ներ­սէս Կլայե­ցի Հայ­րա­պե­տը կոչ կ՚ուղ­ղէ՝ քա­ղա­քի բնա­կիչ­ներն են, ար­հես­տա­ւոր­նե­րը եւ անոնք որ վա­ճա­ռա­փո­ղոց­նե­րը նս­տած՝ առեւ­տուր կ՚ը­նեն։ Շնոր­հա­լի կը քա­ջա­լե­րէ որ ու­ղիղ եւ անա­րատ կեանք վա­րեն, զգու­շաց­նե­լով հե­ռու մնալ խա­բէու­թե­նէ, նեն­գու­թե­նէ, սու­տէ եւ սուտ եր­դում ընե­լէ՝ որով­հե­տեւ Աս­տուած պի­տի դա­տէ գո­ղե­րը եւ խար­դախ­նե­րը, այն­պէս որ զգոյշ ըլ­լան եր­կու չափ եւ եր­կու կշիռ գոր­ծածե­լէ, «որ­պէս­զի տու­ժած­նե­րու անէծ­քով ձեր գոյ­քը չայ­րի, - կ՚ը­սէ- այլ Աս­տու­ծոյ օրհ­նու­թիւ­նը ձեր տու­նե­րը մտ­նէ»։ Կր­կին ու կր­կին անգամ կը յանձնարարէ վաշխառութեամբ չզբաղիլ եւ աղ­քա­տին փոխ տուա­ծը՝ տո­կո­սով չպա­հան­ջել, այլ կա­րօ­տեալին եւ աղ­քա­տին ողոր­մու­թիւն տալ՝ փո­խա­րէ­նը Քրիս­տո­սէն ստա­նա­լու հա­մար։­

Անց­նե­լով հողա­գործ­նե­րուն եւ գիւղի ժո­ղո­վուր­դին՝ կը հաս­տա­տէ թէ առա­ւե­լա­բար այս խում­բի մար­դիկ հո­գե­ւոր դե­ղի կը կա­րօ­տին՝ առող­ջա­նա­լու հա­մար մեղ­քի հի­ւան­դու­թե­նէն եւ կը թուար­կէ այն բո­լոր մեղ­քե­րը՝ որ ամէն օր վտան­գի կ՚են­թար­կեն մար­դը, եւ չա­րի ծու­ղակ­նե­րը ցոյց տա­լէն ետք՝ ան­մի­ջա­պէս կը նշէ բա­րին գոր­ծե­լու խթա­նիչ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւ­նը։ Կ­՚ա­ղա­չէ ան­ձնա­տուր չըլ­լալ ան­ցա­ւոր կեն­ցա­ղի հա­ճոյք­նե­րուն՝ չկորսնց­նե­լու հա­մար յա­ւի­տե­նա­կան բա­րիք­նե­րը։ Կը յի­շեց­նէ որ մկր­տու­թեամբ Աս­տու­ծոյ տա­ճար ենք՝ սուրբ Հո­գիին բնա­կա­րան, ու կը յոր­դո­րէ. «մի՛ ապականէք Աստուծոյ տաճարը պղծալից պոռնկութեամբ եւ շնութեամբ, որպէսզի Աստուած ալ դատաստանի օրը ձեզ չապականէ գեհենի կրակով»։ «Մի՛ գինովնաք, զեխութիւն եւ յիմարութիւն է, եւ մայրն է պոռնկութեան, ամէն պղծութեան, անիրաւութեան, վէճի, անարգական կեղտոտ խօսքերու՝ որմէ կ՚առաջանան սպանութիւններ»։ Կը զգու­շաց­նէ որ հայ­հո­յանք­նե­րով լե­զուն սա­տա­նայի գոր­ծի­քի չվե­րա­ծեն։ Հայ­րա­բար կը խրա­տէ ըսե­լով. «Դար­ձեալ, այս պա­տուէրն ալ կ՚ա­ւան­դեմ ընդ­հա­նուր բո­լոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուդ, որ ձեր մա­նուկ­նե­րը սնու­ցա­նէք Աս­տու­ծոյ եր­կիւ­ղով, մա­նուկ հա­սակ­նէն խրա­տե­լով աս­տուա­ծա­սէր ըլ­լալ, ողոր­մած, աղօ­թա­սէր։ Աղօթ­քի խօս­քե­րը սոր­վե­ցու­ցէ՛ք անոնց»։­

Եզ­րա­կաց­նե­լով՝ Ս. Ներ­սէս կը գրէ. «Ա­մէն բա­րի­քի գլ­խա­ւո­րը՝ սէր ու­նե­ցէք իրա­րու հան­դէպ, եւ կա­րեկ­ցանք եւ ողոր­մու­թիւն՝ աղ­քա­տին, մեր­կին, հիւ­րին, բան­տար­կեալին եւ հի­ւան­դին, որոնց շնոր­հիւ ար­քա­յու­թեան ժա­ռան­գորդ պի­տի դառ­նաք Քրիս­տոս Յի­սու­սի մէջ»։­

Ա­մէ­նէն վեր­ջը, Շնոր­հա­լի հայ­րա­պե­տը խօս­քը կ՚ուղ­ղէ կի­նե­րու դա­սին, յանձ­նա­րա­րե­լով որ, ինչ­պէս քրիս­տո­նեային կը վայե­լէ, պար­կեշտ ըլ­լան, ամօթ­խած եւ պատ­կա­ռե­լի, եւ եր­բեք ցան­կա­սի­րու­թեամբ երի­տա­սարդ­նե­րուն գայ­թակ­ղու­թեան պատ­ճառ չդառ­նան, եւ կա­ւա­տու­թեամբ, կա­խար­դու­թեամբ եւ դե­ղա­տուու­թեամբ երբեք չզբաղին։ Երեքն ալ սա­տա­նայի ծա­ռա­յի գործ ըլ­լա­լով՝ «Օ­ձի անէծ­քը պի­տի ժա­ռան­գէ այն­պի­սին... սա­տա­նայի հետ պի­տի դա­տա­պար­տուի գե­հե­նի կրա­կին... եւ անոր հետ պի­տի այ­րի յա­ւի­տեան»։

«Թուղթ Ընդ­հան­րա­կան­»ը աւար­տե­լով՝ սուրբ Ներսէս Շնորհալի խոր­հուրդ կու տայ դի­մել քա­հա­նա­նե­րու եւ եպիս­կո­պո­սին՝ որ տե­սուչ կար­գուած են հո­գի­նե­րուն՝ սոր­վե­լու հա­մար մնա­ցած ճշ­մար­տու­թիւն­նե­րը։ «Իսկ ես պի­տի աղա­չեմ Տէ­րը, որ­պէս­զի ձեզ­մէ հա­նէ քա­րէ սիր­տը եւ տայ ձե­զի մարմ­նե­ղէն սիրտ՝ ար­գա­ւանդ եր­կիր ըլ­լա­լու եւ խօս­քիս սեր­մը ար­դիւ­նա­ւո­րե­լու հա­մար ձեր հո­գի­նե­րուն մէջ եւ հա­րիւ­րաա­պա­տիկ պտ­ղա­բե­րե­լու, եր­րորդ չա­փին հա­մե­մատ։ Որու պատ­ճա­ռով զուար­թե­րես եւ ան­տր­տում, դա­տաս­տա­նի օրը ար­դար դա­տա­ւո­րին առ­ջեւ ըսեմ. Ահա ես եւ իմ զա­ւակ­ներս՝ որ ին­ծի տուիր. եւ ձե­զի հետ միասին դա­սուիմ աջա­կող­մեան­նե­րուն հետ, մեր Տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սի մէջ, որ օրհ­նեալ է յա­ւի­տեան, ամէն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/06/2023, 08:00