Որոնել

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի 

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Կլայեցի Կաթողիկոս – «Թուղթ ընդհանրական»ը - Դ մաս

Հաղորդաշար (16) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ. Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Եպիսկոպոսներէն ետք սուրբ Ներսէս Շնորհալի խօսքը կ՚ուղղէ քահանաներու դասին, որոնց գործն է Աստուծոյ նուիրեալ հոգիներ ծնիլ եւ սնել: Քահանաները մկրտութեան սուրբ աւազանով կը ծնին Աստուծոյ որդեգիրներ եւ Քրիստոսի ժառանգակիցներ, իսկ մեղսաքաւիչ մարմնի եւ արեան բաշխումով՝ անոնց հոգիները անմահութեամբ կը կերակրեն: Ուստի կը յորդորէ. «... Թէ՛ սաղմոսերգելու, թէ՛ սուրբ Գիրք կարդալու, թէ՛ պաշտօներգելու, թէ՛ սուրբ պատարագի քահանայական եւ այլ կանոնակարգուած աղօթքները կատարելու ատեն մատուցած աղօթքի խորհրդաւոր խօսքերուն վրայէն անմտաբար մի՛ անցնիք՝ խողովակի մէջէն սահող ջուրի պէս, այլ խոր գիտակցութեամբ, եւ եթէ հնար ըլլայ՝ արցունքով եւ մեծ երկիւղով, կարծէք նորովի ձեր մտքէն եւ սրտէն բխեցնէիք»:

Քրիստոս է իսկական քահանան, որ մարդոց կը շնորհէ իր տիտղոսը՝ պահանջելով որ շարունակեն իր գործը՝ հովուելու իր ժողովուրդը եւ բարի վարքի սեփական օրինակով բարեգործութեան ճանապարհը սորվեցնելու՝ ծնող եւ հայր դառնալով ժողովուրդին:

Արտաքինէն մեկնելով վճռակամօրէն խստագոյն բառամթերքով սրբազան արարողութիւններու ընթացքին պատշաճ զգեստաւորման կ՚անդրադառնայ. «Քահանաները հրաման չունին, ո՛չ Աստուծմէ եւ ոչ ինծմէ, առանց շուրջառի սուրբ ծածկոյթին սուրբ պատարագ մատուցանելու կամ աւետարան կարդալու կամ ձեռքը խաչ առնելու, կամ ուրիշ որեւէ սրբութեան մօտենալու»:

Ներքին մարդու նկատմամբ կը յանձնարարէ. «Ձեզմէ ոչ ոք անարժանաբար սպասաւորէ աստուածային Խորհուրդին եւ կամ առանց քննելու հաղորդէ ժողովուրդէն մէկը, որպէսզի Յուդային եւ խաչողներուն հետ չդատապարտուի»: Երկնային խորհուրդը կատարելու համար ահիւ եւ դողութեամբ պէտք է սպասաւորել, «որովհետեւ ոչ միայն Մովսէսի նման կը պատրաստուինք Աստուծոյ հետ խօսակցելու, այլ անշօշափելին՝ ձեռքով շօշափելու, սէրը՝ շուրթերով համբուրելու, բոլորի կերակրողը՝ բերանով ճաշակելու եւ սրտի մէջ ընդունելու, հոգիով անոր միանալու եւ Աստուած ըլլալու՝ շնորհքի միջոցով միաւորուելով Աստուծոյ հետ»:

«Ձեզմէ ոչ ոք ծուլութեան կամ աշխարհիկ զբաղումներու պատճառով քահանայական ուսումներու տգիտութեան կուրութիւնը սիրէ»:

Քահանան պէտք է խորշի ոխակալութենէն, նախանձէն, ատելութենէն, վիճաբանութենէն, փառասիրութենէն, ագահութենէն եւ դրամասիրութենէն: Բարկութեան բորբորքած բոցը՝ արեգակը մար մտնելէն առաջ պէտք է մարէ խաղաղարար Հոգիին ջուրով:

Սատանայական յանցանք կը կոչէ քահանայի մը խօսքով կամ գործով ընդդիմանալը առաջնորդին: Կը դատապարտէ եկեղեցւոյ դատի մը համար՝ այլազգի կամ քրիստոնեայ քաղաքական ատեանի դիմելը: Կ՚արգիլէ քահանաներուն աշխարհիկ ո՛րեւէ հոգաբարձութիւն, ինչպէս նաեւ ձիավարժութիւնը, նետաձգութիւնը, որսը եւ ձիարշաւը, չհամարելով զանոնք եկեղեցւոյ սպասաւորի գործ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/06/2023, 08:00