Որոնել

Յիսուսի համբարձումը Յիսուսի համբարձումը 

«Ներկայի իրավիճակը եւ մարդուն արժէքը» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Քրիստոս երբ համբարձաւ երկինք, մեր մարդկային բնութիւնը առաւ եւ բարձրացուց զայն աստուածային գահ. մարդ արարածին ցոյց տալով անոր իսկական արժէքը:
Ունկնդրէ լուրը

Քրիստոսի համբարձումը յատուկ նշանակութիւն ունի հաւատացեալներուս համար: Պատմութեան մէջ եղած են այլ համբարձման օրինակներ՝ ինչպէս Եղիսէ մարգարէն, որ ինքն ալ համբարձաւ. բայց անոր համբարձումը միեւնոյն նշանակութիւնը չունի մարդկութեան համար: Քրիստոս երբ համբարձաւ, նստաւ Հօր աջ կողմը. Եղիսէի պարագային այդպէս չեղաւ: Հոս կարեւոր է նշել, որ եկեղեցւոյ հայրերը երբ խօսին փրկութեան մասին, նկատի կ'առնեն Քրիստոսի մարդեղացումը, խաչելութիւնն ու մահը, յարութիւնն ու համբարձումը որպէս մէկ ամբողջութիւն. եւ որպէս այդ, Քրիստոսի համբարձումը նկատելով, որպէս փրկութեան հանգրուաններէն մէկը:

Քրիստոս երբ համբարձաւ երկինք, մեր մարդկային բնութիւնը առաւ եւ բարձրացուց զայն աստուածային գահ. մարդ արարածին ցոյց տալով անոր իսկական արժէքը: Մարդը Աստուծոյ որդին է: Երբ Ս. Ղուկաս աւետարանիչ կը յիշէ Յիսուսի ազգատոհմը կը հասնի մինչեւ Ադամ եւ կ'ըսէ՝ «Ադամ, որ Աստուծոյ որդին էր» (Ղուկ. 3:38): Ս. Յովհաննէս իր աւետարանին մէջ կը գրէ՝ « Բայց անոնք որոնք որ զինք ընդունեցին, անոնց իշխանութիւն տուաւ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՈՐԴԻՆԵՐ ԸԼԼԱԼՈՒ» (Յովհ. 1:12):

Քրիստոս համբարձաւ մարդկային բնութեամբ: Եւ որպէսզի իր աշակերտներուն յստակացնէ այս մէկը՝ համբարձումէն առաջ իրենց հետ կերաւ եւ նոյնիսկ Թովմասի առաքեալին արտօնեց, որ իր մատը դնէ վէրքին վրայ: Եւ այդ նոյն փառաւորեալ մարմնով երկինք համբարձաւ եւ նստաւ Հօր աջ կողմը: Այս է մարդ արարածի արժէք՝ Յիսուս Քրիստոսով նստիլ Հօր աջ կողմը եւ իշխել որպէս որդի:

Մենք այս իրականութեան մաս կը կազմենք, երբ մկրտութեան աւազանէն վերստին կը ծնինք եւ խորհուրդներու մասնակցելով Աստուծոյ Որդի ըլլալու պատկերը կը պահենք մեր վրայ: Սուրբերէն մէկը ըսած է՝ « երկինքի դարպասներուն պահապան հրեշտակները ներս կ'առնեն զանոնք, որոնք նմանութիւնը ունին Յիսուսի»: Մենք պէտք է ամէն օր հսկենք, որ այդ պատկերը մեր մէջ աւելի եւ աւելի յստակ դառնայ: Օրինակի համար յիշեմ. երբ Յիսուս երկինք կը համբարնար, օրհնեց իր աշակերտները: Դարձեալ սուրբ հայր մը կը յիշէ, որ մեր նմանը օրհնելը մեզ Յիսուսի կը նմանեցնէ եւ մեզ երկինք կը բարձրացնէ: Իսկ անիծելն ու հայհոյելը մեզ վար կը քաշէ եւ աստուածային պատկերը մեր մէջ կ'աղաւաղէ:

Ցաւ ի սրտի ներկայ մարդը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որպէսզի մարդուն պատկերը իր վեհութենէն վար առնէ եւ զայն հաւասար նկատէ անասուններու: Այս բոլորը կը կատարուի գիտութեան եւ յառաջդիմութեան անունով: Աշխարհը նոր յայտնաբերող մանուկի մը նման, մարդ երբ նոր գիտութիւններ յայտնաբերեց, այնքան ուրախացաւ, որ կարծեց այդ է միակ իրականութիւնը: Այդ իրականութեան (գիտութիւններու) հետ «խաղցած» ատեն, կորսնցուց իր գոյութեան պատճառն ու նպատակը:

Համբարձման տօնը անգամ մը եւս կու գայ մեզ արթնցնելու այն իրականութեան, որ մենք Աստուծոյ որդիներ ենք եւ կոչուած ենք իշխելու իր հետ երկնայիններու մէջ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/06/2023, 08:38