Որոնել

2023.05.31 Cardinal Gregorio Pietro XV Agagianian

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (28)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի որբերու նկատմամբ ցուցաբերած գուրոգուրանքին և հոգածութեան:

ԻԸ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի որբերու նկատմամբ ցուցաբերած գուրոգուրանքին և հոգածութեան:  

 

Սաղմոսերգու Դաւիթ մարգարէն կը հաստատէ թէ մարդասէր Աստուած յատուկ գորով և գուրգուրանք ունի տկարներուն, զրկեալներուն և մանաւանդ որբերուն հանդէպ: Աստուած իր սրբութեան վայրին մէջ հայրն է որբերուն. (Սղմ. 67, 6): Աստուածային գերագոյն սիրոյն մշտական արտացոլումը եղաւ Աղաճանեան Հոգեւոր Տիրոջ անսահման խանդաղատանքն ու սէրը բոլոր փոքրերուն, բայց մանաւանդ ծնողազուրկներու և տնանկներու հանդէպ:

Աղաճանեան Պատրիարք իր հովուապետական կեանքի առաջին օրէն նուիրուեցաւ որբերու հոգածութեամբ: Անոր հայրական սրտին փափաքն էր հիմնել օճախ մը հայ որբին, ինչպէս նաեւ անչափահաս, ծնողազուրկ ու չքաւոր մանուկներուն համար: Զմմառու մէջ, 1948-ին, աղջկանց համար որբանոց մը հիմնելէ ետք, այնքան փափաքած էր հիմնադրութիւնը մանչերու որբանոցի մը: Մեր երէց եկեղացական հայրերը յաճախ վկայած են թէ՝ հայ փոքրիկներուն որբանոց մը կամ պատսապարան մը կառուցելու ծրագիրը՝ մեծ տեղ գրաւած է ազգասէր հայրապետի սրտին մէջ: 1939-1959 տարիներուն՝ Պուրճ Համմուտի, Ժունիէի, Զմմառի, Զահլէի, Այնճարի, Պէյրութի մէջ դպրոցներու, ընծայարաններու և եկեղեցիներու կառուցումները, ինչպէս նաեւ Հռոմի մէջ յաջորդական պաշտօններու ստանձնումը արգելք հանդիսացած են անոր ըղձալի ծրագիրներուն իրագործումին:

Այնպէս որ որբանոցին շինութիւնը վստահուած է կամ աւելի ճիշդ կտակ մնացած է Աղաճանեանի հովուապետական տարիներու աջակցին ու յաջորդին՝ Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան Կաթողիկոս Պատրիարքին (1962-1976), որ հանդիսացաւ թէ՛ հիմնադիրը և թէ՛ կառուցողը Աղաճանեան Սանուց Տունին: 1967 թուին, Իգնատիոս Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան, Կարդինալ Աղաճանեանի քահանայական ձեռնադրութեան յիսնամեակին առիթով՝ յաւերժացնելու համար անոր լուսապայծառ յիշատակը՝ կ'իրականացնէ ազգասէր Հայրապետին ծրագիրը: 7000 ք. մ. Հողաշերտի մը վրայ կը բարձրացուի երեք յարկանի կառոյցը, իւրաքանչիւրը 1400 մ. տարածութեամբ, օժտուած ըլլալով մինչեւ 150 չքաւոր փոքրիկներ ընդունելու անհրաժեշտ յարմարութիւններով: Տարի մը ետք, 1968-ի Դեկտեմբեր 8-ին կը կատարուի նախ իբրեւ «Աղաճանեան Որբանոց» անուամբ ճանչցուած, ապա «Կարդինալ Աղաճանեան Սանուց Տուն» մկրտուած հաստատութեան հիմնարկութիւնը իր ժամանակաւոր կեդրոնին՝ «Զմմառեան - Սուրբ Պօղոս» ճեմարանին մէջ, որ կը գտնուէր Տըքուէնի: Անոր պատասխանատուութիւնը կը վստահուի Զմմառու միաբան՝ Հ. Մանուէլ Վրդ. Տապպաղեանին, իսկ մանուկներու խնամատարութիւնը՝ Ա. Յ. Հայ Քոյրերուն:

Հիմնարկէքի հանդիսութիւնը տեղի կ'ունենայ նախագահութեամբ Իգնատիոս ԺԶ. Կաթողիկոս Պատրիարքին: Հիմնարկէքէն չորս տարի ետք, 1972 Կիրակի 15 Հոկտեմբերին, Պաթանեան Պատրիարք կը կատարէ հանդիսաւոր բացումը «Կարդինալ Աղաճանեան Սանուց տան», Այնճարի մէջ, ուր Տըքուէնիի Զմմառեան վարժարանէն փոխադրուած էին 60 սաներ: Այս առթիւ իր արտասանած խօսքին մէջ Պաթանեան Հոգեւոր Տէրը կ'ըսէ. «Այս Տունը զոհողութեամբ կառուցուեցաւ ի փառս Աստուծոյ և ի մշտնջենաւորումն Կարդինալ Աղաճանեանի յիշատակին, ի սէր տարաբախտ մանուկներուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/06/2023, 07:43