Որոնել

2023.05.30   Cardinal Gregorio XV Agagianian

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (26)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի Պոլիս այցելութեան և իր ջանքերով՝ Էմիր Պէշիր Բ.ի աճիւններու Լիբանան փոխադրութեան:

ԻԶ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի Պոլիս այցելութեան և իր ջանքերով՝ Էմիր Պէշիր Բ.ի աճիւններու Լիբանան փոխադրութեան:

 

Հայոց ծիրանափայլ Հայրապետը 16 Օգոստոս 1950-ին, կ'այցելէ Պոլիս, ուր ո՛չ մէկ հայ Կաթողիկէ Պատրիարք հովուապետական այցելութիւն տուած էր Մեծ Եղեռնէն ասդին: Այնտեղ կ'արժանանայ պաշտօնական, պետական և ազգային ջերմ ընդունելութեան: Կարդինալ Աղաճանեանի կատարած այցելութիւնը Սթամպուլ կարեւոր դէպք մըն էր որ կ'արձանագրուի քաղաքիս Կաթողիկէ ատենագրութեանց մէջ: Ամէն անոնք որոնք պատիւն կ'ունենան մերձենալու Կարդինալին՝ վկաները կ'ըլլան անոր մեծ իմացակնութեան, անոր ճառագայթող բարութեան և անոր ակներեւ ազնուութեան: Երբ Կարդինալը իր շքախումբով մուտք կը գործէ Պոլսոյ Սուրբ Աստուածածին Հ. Կ. Աթոռանիստ Եկեղեցին որ այդ օրը զարդարուած էր մեծագոյն տօնական օրերուն նման, եկեղեցւոյ երեք զանգակները իրենց զուարթ ղօղանջներով երկար ատեն կ'աւետեն Մեծաշուք Կարդինալին ժամանումը:

Հայրաապետը շրջապատուած բարձրաստիճան հոգեւորականներէ, առաջնորդուած քահանաներէ և գեղաձայն դպիրներէ, «Հռաշափառ»ի շարականով մուտք կը  գործէ տաճար և Աւագ խորանէն իր պատգամը կ'ուղղէ ժողովուրդին, բնաբան ունենալով՝ «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ և յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն»: Ձայնաւոր պատարագին ընթացքին՝ առաջին անգամ ըլլալով կ'երգուի «Այտնեան Պատարագը», նուագախումբի մասնակցութեամբ և խմբավարութեամբ խոստումնալից երիտասարդ՝ Յովհաննէս Չէքիճեանի մը, որ Հայրենիք չէր գաղթած տակաւին: Արդարեւ Չէքիճեան ապագային համայն հայութեան հպարտութեան արժանի՝ լաւագոյն խմբավարներէն մէկը պիտի դառնար Երեւանի պետական երգչախումբին:

Կիրակի 27 Օգոստսին, Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ որ թեմին մեծագոյն տաճարներէն մին է, Աղաճանեան հայրապետական Պատարագ կը մատուցանէ հայ ծէսին ամբողջ շուքով, երգչախումը մեծ յաջողութեամբ կ'երգէ Պոլսահայ Էտկառ Մանասի յօրինած քառաձայն նոր Պատարագը, որ կը յիշեցնէ Բերոզիի հիասքանչ պատարագները, Մայէսթրօ Յովհաննէս Չէքիճեանի ղեկավարութեամբ՝ մեծ տպաւորոթիւն թողած էր Պատարագիչ Հայրապետին վրայ, այնքան որ Աղաճանեան կ'որոշէ հովանաւորել հանճառեղ երգահանը, յանձն առնելով անոր երգեցողութեան մատեանին հրատարակութիւնը, որ կ'իրականանայ տասներկու տարիներ վերջ՝ 1962-ին: Ի միջի այլոց, Մայրիներու երկրին համար՝ պատմական մեծ նշանակութիւն կ'ունենայ հայազգի մեծ Հայրապետի հովուապետական այցելութիւնը Կ. Պոլիս: Աղաճանեանի ազդու միջամտութեամբ՝ Լեռնալիբանանի նշանաւոր իշխաններէն՝ Էմիր Պէշիր Բ.ի (1767-1850) աճիւններու փոխադրութիւնը կ'իրականանայ Թուրքիայէն Լիբանան. Այս հռչակաւոր իշխանը այնտեղ պանդխտութեան մէջ ապրած, ապա բանտարկութենէն և մահէն իննիսունհինգ տարիներ ետք, իր աճիւններու փոխադրութիւնը տեղի կ'ունենայ շնորհիւ մեր շնորհալի Հայրապետին: Անոր աճիւնները, զորս մեծ խնամքով պահուած էին Կալաթայի Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ՝ կը վերադարցուին Լիբանան, ուր Վսեմ. Հանրապետութեան նախագահը, Մարոնիթ Պատրիարքը, Կառավարական անձնաւորութիւնները և ժողովուրդը մեծաշուք ցոյցերով, 2 Հոկտեմբեր 1947-ին, կը զետեղեն Պէյդ- Էտտինի պալատին մէջ:

Արդարեւ, Տանն Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ Գահակալները՝ հաւատարիմ բարեկամներ Էմիր Պէշիրի, ի կեանս և ի մահու, երջանիկ կը համարեն իրենք զիրենք, որ կարողացան հաւատարիմ բարեկամութեան նոր փաստ մը տալ անոր մահէն ետքն ալ՝ Հայրենիք վերադարձնելով պահուած անոր աճիւնները: Տեղին է յիշել թէ Լիբանանի քաղաքական իշխանութիւններու մօտ նուազ չէին Զմմառու վանքին և Կաթողիկոսներուն վայելած վարկն ու համարումը:

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2023, 07:52