Որոնել

2023.06.27  Libro di Sarkis Najarian dedicato al Cardinal Agagianian

Սարգիս Նաճարեանի` Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանին ձօնուած` «Երանացման ճանապարհին» հատորը

Նաճարեան յառաջաբանին մէջ մաղթանք կը յայտնէ որ «գրքոյկը ըլլայ համեստ վկայութիւն մը», վկայութիւն` որ կը սկսի հեղինակի մանկութեան յիշատակներէն երբ ան տակաւին ինը տարեկան պատանի առիթը կ՛ունենայ առաջին անգամ հանդիպելու «կարմիր զգեստով, ժպտադէմ հոգեւորականին», որ իր վրայ կը թողու մեծ տպաւորութիւն եւ զոր իր ծնողքը կը ներկայացնէին որպէս «սուրբ մարդ» եւ ինք բախտաւորութիւնը կ՛ունենայ սպասարկելու անոր պատարագին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վերջերս Լիբանանի մէջ լոյս տեսաւ Սարգիս Նաճարեանի ստորագրութիւնը կրող Աստուծոյ ծառայ երջանկայիշատակ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանին նուիրուած «Երանացման ճանապարհին» բնաբանով հատորը, որուն մէջ հեղինակը ընդհանուր անդրադարձ կը կատարէ հայ ազգի պարծանք` երբեմնի Հայ Կաթողիկէ կաթողիկոս-պատրիարք ապա Ծիրանաւոր եւ Հաւատոյ տարածման Ժողովի նախագահ` Կարդինալ Աղաճանեանի կեանքի, գործունէութեան ու անոր մեզի թողած ժառանգութեան մասին։

Ծիրանաւորին սրբադասման դատի բացումը մեծ շուքով կատարուեցաւ 28 հոկտեմբեր 2022ին Հռոմի Լատերանի Քահանայապետական Սուրբ Յովհաննէսի անուան տաճարին մէջ։

Նաճարեան յառաջաբանին մէջ մաղթանք կը յայտնէ որ «գրքոյկը ըլլայ համեստ վկայութիւն մը», վկայութիւն` որ կը սկսի հեղինակի մանկութեան յիշատակներէն երբ ան տակաւին ինը տարեկան պատանի առիթը կ՛ունենայ առաջին անգամ հանդիպելու «կարմիր զգեստով, ժպտադէմ հոգեւորականին», որ իր վրայ կը թողու մեծ տպաւորութիւն եւ զոր իր ծնողքը կը ներկայացնէին որպէս «սուրբ մարդ» եւ ինք բախտաւորութիւնը կ՛ունենայ սպասարկելու անոր պատարագին։

Նաճարեան Աղաճանեանին ձօնած «գրքոյկին» մէջ կ՛անդրադառնայ երջանկայիշատակ Հայրապետի կեանքի տարբեր հանգրուաններուն, անոր եկեղեցական ու ազգանուէր գործունէութեան, «Աստուծոյ Ծառայի» տիպարին, կը խօսի Անոր խաղաղութեան առաքեալի, հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին սիրոյ մասին, հակիրճ ներկայացնելով նաեւ ծիրանաւորին ջանքերով իրագործուած շինարարութիւնները մինչեւ Անոր Հաւատոյ տարածման Ժողովի նախագահ նշանակումը (Կարմիր Պապ) եւ Քահանայապետական աթոռի թեկնածութիւնը…

Նաճարեան Հատորը կ՛աւարտէ պատմելով Կարդինալ Աղաճանեանի վերջին հրապարակային արարքի մասին. 9 մայիս 1970ին երբ Վատիկանի աշխարհահռչակ Սիքստինեան մատարն մէջ տեղի կ՛ունենայ պատմական հանդիպումն ու ողջագուրումը ընդմէջ Պօղոս Զ Քահանայապետի եւ Վազգէն Ա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։ «Անոնց կողքին էր նաեւ Կարդինալ Աղաճանեան, որ իր կարգին կ՛ողջագուրուի Ամենայն Հայոց Հայրապետին հետ։ Անկէ ետքը անոր առողջական վիճակը անկողին կը քամէ տիեզերահռչակ Հայ Ծիրանաւորը» կը գրէ Նաճարեան։

Հեղինակի մասին հետաքրքրական տեղեկութիւններ

Տիար Սարգիս Նաճարեան Ծնած է 22 նոյեմբեր 1937ին Պէյրութ։ Անդամ է Լիբանանի Խմբագիրներու եւ մամուլի Սենտիգայի, Լրագրողներու միջազգային միութեան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան։

Իր վաստակաւոր գործունէութեան համար արժանացած է ՀՀ Մովսէս Խորենացի շքանշանին եւ Սփիւռքի երբեմնի նախարարութեան` Ուիլիամ Սարոյան մետալին։

Կարդինալ Պշարա Ռայիի կողմէ պարգեւատրուած է Լիբանանի կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու գնահատանքով։

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիւսիսային Համալսարանէն ստացած է փրոֆեսորի գիտական կոչում ապա Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը անոր շնորհած է Սուրբ Մեսրոպ շքանշանը իսկ Պենետիկտոս ԺԶ երջանկայիշատակ Քահանայապետը զայն մեծարած է Մեծն Սուրբ Գրիգորի անուան ասպետական շքանշանով։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2023, 07:55