Որոնել

2023.06.10 Patriarca Minassian presiede Messa Corpus Domini e festa Beato Maloyan

Յիսուսի Մարմնի եւ Արեան ու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի տօներուն առիթով Սուրբ Պատարագ Պուրճ-Համուտի «Ս. Փրկիչ» եկեղեցիին մէջ

Յիսուսի Ս. Սրտին նուիրուած ամսուան եւ Տիրոջ Մարմնի եւ Արեան տօնին առիթով՝ տեղի ունեցաւ Ամենասուրբ Հաղորդութեան թափօրը, որուն ընթացքին օրհնուեցան Պուրճ-Համուտի ընտանիքները, փողոցներն ու տուները։

Յիսուսի Ս. Սրտին նուիրուած ամսուան ընթացքին, Տիրոջ Մարմնի եւ Արեան ու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի տօներուն առիթով՝ Ուրբաթ, 9 Յունիս 2023-ին, ժամը 18-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ- Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը մատուցանեց ձայնաւոր Ս. Պատարագը, Պուրճ-Համուտի «Ս. Փրկիչ» եկեղեցիին մէջ, մասնակցութեամբ վարդապետներու, քահանաներու եւ սարկաւագներու, ու ներկայութեամբ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան։

Յիսուսի Մարմնի եւ Արեան ու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի տօներուն առիթով Սուրբ Պատարագ Պուրճ-Համուտի «Ս. Փրկիչ» եկեղեցիին մէջ
Յիսուսի Մարմնի եւ Արեան ու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի տօներուն առիթով Սուրբ Պատարագ Պուրճ-Համուտի «Ս. Փրկիչ» եկեղեցիին մէջ

Սուրբ Գրային ընթերցումներէն ետք, Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը իր քարոզին մէջ ըսաւ.

«Սիրելիներս, այս հրաշափառ տօնին առիթով, Յիսուսի Ս. Սրտին նուիրուած ամսուան աւարտին, որ մեզ կը յորդորէ բանալ մեր սրտերը իրարու հանդէպ և ապրիլ ճշմարիտ սէրը, ինչպէս Յիսուս Քրիստոս Ի՛նք կը բաղձայ։ Այս պահուն՝ մենք մեզ կը հարցադրենք, թէ ինչպէ՞ս հացին կտորն ու գինիին կաթիլը կը վերածուին Յիսուս Քրիստոսի Մարմնին և Արիւնին, թէեւ զանոնք փոխակերպող պատարագիչը կրնայ ըլլալ մեղաւոր մարդ...: Ասիկա՛ է մեծ գաղտնիքը, խորհուրդը, երբ տեղի կ’ունենայ այս գոյացափոխութիւնը. Քրիստոսի Մարմինն ու Արիւնը կը մտնեն մեր սրտերը։

Յիսուսի Մարմնի եւ Արեան ու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի տօներուն առիթով Սուրբ Պատարագ  Պուրճ-Համուտի «Ս. Փրկիչ» եկեղեցիին մէջ
Յիսուսի Մարմնի եւ Արեան ու Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի տօներուն առիթով Սուրբ Պատարագ Պուրճ-Համուտի «Ս. Փրկիչ» եկեղեցիին մէջ

Այո՛, Սիրելիներս, Յիսուսի Ս. Սրտին նուիրուած ամսուան աւարտին, նաև երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի նահատակութեան յիշատակն է, որմէ սիրոյ, նուիրուածութեան և նահատակութեան օրինակն ու վկայութիւնը կը վերցնենք։ Ինչ կը վերաբերի մեր Տիրոջ Մարմնի եւ Արեան տօնին, ապա մենք պէտք է տեսնենք Յիսուսը Սուրբ Հաղորդութեան մէջ, մենք, որ ծնած ենք Անոր պատկերով և նմանութեամբ, մենք պէտք է տեսնենք սէրը Ս. Հաղորդութեան մէջ, ընծայումը եւ նուիրումը մեր Եկեղեցիին բաշխած Հաղորդութեան մէջ»:

 

Ապա, Յիսուսի Ս. Սրտին նուիրուած ամսուան աւարտին եւ Տիրոջ Մարմնի եւ Արեան տօնին առիթով՝ տեղի ունեցաւ Ամենասուրբ Հաղորդութեան թափօրը, որուն ընթացքին օրհնուեցան Պուրճ-Համուտի ընտանիքները, փողոցներն ու տուները։

Աւարտին՝ տեղի ունեցաւ նշխարահամբոյրն Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի մասունքին։

Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/06/2023, 13:15