Որոնել

2023.06.01   Cerimonia e pellegrinaggio ecumenico chiusura mese Mariano a Kessab

Սուրբ Կոյս Մարիամին նուիրուած Մայիսեան ամսուայ ջերմեռանդական աղօթքներու համամիութենական փակում Քեսապի մէջ։

Հաւատացեալներու հոծ բազմութեան բարի գալուստ մաղթեց տեղւոյն ժողովրդապետ Գերապատիւ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան եւ Ս. Վարդարանի աղօթքը նուիրեց Հայաստանի, Ղարաբաղի եւ աշխարհի խաղաղութեան համար։

Կազմակերպութեամբ Քեսապի Հայ երեք համայնքներու եւ մասնակցութեամբ Քեսապի երեք եկեղեցիներու երգչախումբերուն Մայիս ամսուայ Ս. Կոյս Աստուածածնի ջերմեռանդական աղօթքներու փակումը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի ` 31 Մայիս 2023-ին, երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի «Ս. Միքայէլ» վանքին մէջ։

Հաւատացեալներու հոծ բազմութեան բարի գալուստ մաղթեց տեղւոյն ժողովրդապետ Գերապատիւ Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան եւ Ս. Վարդարանի աղօթքը նուիրեց Հայաստանի, Ղարաբաղի եւ աշխարհի խաղաղութեան համար։

Մայիսեան ամսուայ ջերմեռանդական  աղօթքներու համամիութենական փակում Քեսապի մէջ։
Մայիսեան ամսուայ ջերմեռանդական աղօթքներու համամիութենական փակում Քեսապի մէջ։

Վարդարանի «Ուրախութեան» երկրորդ խորհուրդէն ետք` Քեսապի Հայ Աւետարանական «Ս. Երրորդութիւն» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` Պատուելի Շանթ Ակիշեան իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն ըսելով. «Այս ամիս յատուկ ամիս մըն էր բոլորիս համար, որովհետեւ աղօթքներով, Աստուծոյ խօսքով եւ նուիրումի հոգիով բոլորս մօտեցանք Աստուծոյ սրբութեան առջեւ, փնտռելու եւ տեսնելու Աստուծոյ կամքը մեր կեանքերուն համար։ Կարեւոր է` որ Տէր Յիսուս Քրիստոսի մօր Մարիամին կեանքին օրինակին նայելով, անդրադառնանք թէ Աստուծոյ կամքը փնտռելը եւ կատարելը կը պահանջէ հնազանդութիւն, զոհողութիւն եւ հաստատ հաւատք։ Այս երեքով է, որ Մարիամ Աստուծոյ կամքը կատարեց իր կեանքին ընթացքին եւ մենք ալ այսօր իրեն նման պիտի ըլլանք Աստուծոյ կամքին հնազանդողներ եւ կատարողներ»։

Ապա Վարդարանի «Ուրախութեան» չորրորդ խորհուրդէն ետք` Քեսապի Հայ Առաքելական «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ` Հոգեշնորհ Հայր Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիմլեան իր պատգամը փոխանցեց ըսելով. «Մարիամ Աստուածածին Քրիստոնեայ աշխարհին մէջ ունի իր իւրայատուկ տեղն ու դերակատարութիւնը, որուն պատճառով Հայ Եկեղեցին անոր նուիրած է մէկէ աւելի տօներ։ Ան ոչ միայն օրինակելի հետեւորդը դարձաւ Աստուծոյ, այլ մեծագոյն տիպարը եղաւ մայրական կոչումին, յանձն առնելով տեսնել իր որդոյն չարչարանքները, խաչելութիւնն ու մահը։

Մայիսեան ամսուայ ջերմեռանդական  աղօթքներու համամիութենական փակում Քեսապի մէջ։
Մայիսեան ամսուայ ջերմեռանդական աղօթքներու համամիութենական փակում Քեսապի մէջ։

Հետեւաբար, Աստուածածնի օրինակով մենք եւս ըլլանք ճշմարիտ հետեւորդները Աստուծոյ ու իր Որդւոյն` մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի, որ եկաւ եւ մեր հոգիներու փրկութեան համար իր կեանքը զոհեց ու իր իսկ ապրած կեանքով դարձաւ մեծագոյն օրինակը` ապրելով Աստուածային պատուիրաններուն ու ուսուցումներուն մէջ»։

Աղօթքներուն ընթացքին երեք համայնքներու եկեղեցիներու երգչախումբերը հերթական երգեցին Ս. Աստուածածնին նուիրուած շարականներ, տաղեր եւ մեղեդիներ։

Դպիրները եւ հաւատացեալները Աստուածածնի արձանով թափօր կատարեցին «Ս. Միքայէլ» վանքին շուրջ, որմէ ետք վանքին բակին մէջ տեղի ունեցաւ Մատաղօրհնէք ի յիշատակ` Տիրահայր եւ Տիրամայր Սիմոն եւ Ռեբեկայ Լուիսեաններու անթառամ յիշատակին։

Սոյն հոգեպարար արարողութիւններուն աւարտին, հաւատացեալները Ս. Աստուածածնի բարեխօսութեամբ մեկնեցան իրենց բնակարանները ուրախութեամբ եւ հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ։

Աղբիւրը` Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2023, 09:30