Որոնել

Յիսուս տաճարին մէջ Յիսուս տաճարին մէջ 

Հոգեւոր Պատերազմի Մէջ Ենք. Գերապայծառ Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ հալածանքի եւ այլ պատճառներու հետեւանքով, քրիստոնէութեան թիւ կը պակսի եւ մնացողներ «հնադարեան» ճնշումի մէջ կ'ապրին: Քրիստոնէութիւնը ներկայ դարաշրջանին աւելի նահատակներ տուած է, քան իր պատմութեան այլ ժամանակներուն:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ս. Պետրոս Խօսելով մարդկութեան թշնամիին մասի կը գրէ՝ «ձեր հակառակորդը, Սատանան՝ մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ով կլլէ» (Ա. Պետ. 5:8)։ Իսկ Ս. Պօղոս անոր մասին խօսելով կը գրէ՝ «վասն զի Սատանան ալ լուսաւոր հրեշտակի կերպարանք կ՚առնէ» (Բ. Կորթ. 11:14)։

Ս. Առաքեալներուն այս խօսքերէն կրնանք կռահել, որ մարդկութեան թշնամին պատերազմի մէջ է Աստուծոյ սիրելի զաւակներուն հետ: Ան տարբեր ձեւեր եւ տարբեր միջոներ կը կիրարկէ իր ռազմավարական հնարքները յառաջ տանելու համար: Ան մերթ լուսաւոր հրեշտակի նման եւ մերթ մռնչող առիւծի նման պատերազմելով, իր հակառակորդները՝ մարդկութիւնը կը փորձէ յաղթել: Անոր մարդկութեան դէմ մղած պայքարին նպատակն է, զանոնք իր հետ դժոխք տանիլ. դժոխքը՝ զոր Աստուած յատուկօրէն ստեղծեց սատանային եւ իր հրեշտակներուն համար (Մտթ. 25:41):

Գաղտնիք մը չէ երբ ըսենք, աշխարհը դարած է ահրելիօրէն վայրագ եւ անմարդկայնօրէն անբարոյ: Մարդկութեան քաղաքականացուած մտայնութիւնը ամէն ինչ շահի կշիռքով կը չափէ եւ օգուտի նժարով կը կշռէ: Բարոյականութիւն եւ մարդկային արժէքներ այլեւ ոչ մէկ տեղ ունին ներկայ մարդուն բառարանին մէջ: Այս իմաստով 'քաղաքակրթուած' կոչուած երկիրներու մէջ ընտանիք պահելը եւ զաւակ կրթելը դաժանօրէնն դժուար դարձած է: Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ հալածանքի եւ այլ պատճառներու հետեւանքով, քրիստոնէութեան թիւ կը պակսի եւ մնացողներ «հնադարեան» ճնշումի մէջ կ'ապրին: Քրիստոնէութիւնը ներկայ դարաշրջանին աւելի նահատակներ տուած է, քան իր պատմութեան այլ ժամանակներուն:

Այս բոլորը մեր աչքերուն առջեւ ունենալով, կրնանք յստակօրէն ըսել, որ պատերազմի մէջ ենք: Ս. Պօղոս առաքեալ խօսելով այս պատերազմին մասին կը գրէ՝ « մեր պատերազմը արիւնի ու մարմնի հետ չէ, հապա իշխանութիւններու ու պետութիւններու հետ եւ այս խաւար աշխարհին իշխաններուն հետ, երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ» (Եփս. 6:12): Որչափ ալ որ քաղաքական շահեր փորձենք գտնել այս հարցերու ետին, Ս. Գիրքը մեզի կը սորվեցնէ, որ հոգեւոր ուժերու մղած պատերազմի արդիւնքն է վերոյիշեալ բոլոր երեւոյթները:

Հետեւաբար այս բոլորին դէմ դնելն ալ հոգեւոր գետնի վրայ պիտի ըլլայ: Ս. Պօղոս առաքեալ իր եփեսացիներու գրած նամակին 6րդ գլխուն 10-18 համարներու մէջ կը գրէ «Աստուծոյ սպառազինութեան» մասին, որով պիտի կարողանանք սատանային հնարքներուն դէմ դնել: Թէեւ առաքեալը մանրամասնօրէն կը գրէ սպառազինութեան իւրաքանչիւր զէնքին մասին, սակայն եթէ ուզենք ամփոփել կրնանք ըսել պէտք է Քրիստոսը հագնինք մեր վրայ : Միակ միջոցը յաղթելու այս աշխարհին եւ անոր իշխանին՝սատանային այն է, քրիստոսանման կեանք ապրիլով: Այն ժամանակ հակառակորդը ոչ մէկ իշխանութիւն պիտի ունենայ մեր վրայ:

Կ'աւարտեմ Սուրբ Պատրիկի (Saint Patrick Évêque et Apôtre de l'Irlande ) աղօթքով՝

Քրիստոս թող ինծի հետ ըլլայ՝

Քրիստոս իմ մէջս,

Քրիստոս իմ ետիս եւ իմ առաջ:

Քրիստոսը՝ իմ կողքիս,

Քրիստոս՝ իմ անձիս յաղթելու համար,

Քրիստոս՝ ինծի մխիթարելու եւ վերականգնելու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2023, 07:59