Որոնել

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի 

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Կլայեցի Կաթողիկոս – «Թուղթ ընդհանրական»ը - Գ մաս

Հաղորդաշար (15) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ. Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով ։
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Վանականներու նուիրուած առաջին հատուածէն անմիջապէս ետք, Ներսէս Շնորհալի աստուածային հոգեւոր կերակուրը կը ջամբէ վանահայրերուն՝ «որ եկեղեցւոյ մարմնին աչքի դերն ու ծառայութիւնը ունիք»: Այս հանգիտութեան վրայ հիմնուած՝ Շնորհալի կը շեշտէ որ վանքի առաջնորդը պէտք է երկու լուսաւոր աչք ունենայ. Աստուածաշնչական գիտութիւն եւ անբիծ, սուրբ եւ արդար առաքինազարդ վարք: Պէտք է սորվեցնէ եւ առաջնորդէ ոչ միայն իմաստուն խօսքերով, այլեւ օրինակելի գործերով: Առաջնորդը պէտք է փութաջանօրէն հսկէ եղբայրակիցներուն ընթացքին, կազմակերպէ եւ բարեկարգէ միաբանական կեանքը՝ հոգեւորին, աղօթքին եւ բարեգործութեան առաջնահերթութիւնը պահպանելով, առանց կողմնակցութեան, բաշխելով ամէն ինչ արդարօրէն բայց առանց համահարթեցման, ծերին եւ հիւանդին յատուկ ուշադրութեամբ, եւ նուիրատուութիւնները նպատակին օգտագործելով:

Այստեղ Շնորհալի կը մատնանշէ Աստուծոյ օրէնքին դէմ կաշառքով եւ առանց թեմակալ առաջնորդի հաւանութեան վանահայրութեան տիրանալու ախտաւոր եւ խորշելի սովորութիւնը: Կը յանձնարարէ որ վանահայրերը օրինակելի եւ կարգաւոր ըլլան իրենց խօսքերուն եւ գործերուն մէջ:

Ապա Շնորհալի խօսքը առաջնորդներուն ուղղելով «որ Աստուծմէ տեսուչ կարգուած էք աշխարհի մէջ բնակող հաւատացեալ հոգիներուն», կը յորդորէ նախ ըմբռնել եպիսկոպոսութեան վեհութիւնը, քննելով թէ այս աստիճանը որմէ՛ հաստատուեցաւ, ինչո՛ւ կարգուեցաւ եւ ի՛նչ կը պահանջուի եպիսկոպոսէն:

Այս երեք հարցերուն պատասխանելով, Շնորհալի հայրապետը կը սահմանէ. «Եպիսկոպոսութեան սկիզբը դրաւ ան՝ որ երդումով Հօրմէ ստացաւ քահանայութիւնը... խաչին վրայ իր անձը կամաւոր պատարագ մատուցանելով Հօր: Այդ միեւնոյն քահանայապետութիւնը որ ինքը Հօրմէ առաւ... երկինք համբառնալուն շնորհեց իր աշակերտներուն»:

Եպիսկոպոսները հաստատուեցան «որպէս գլուխ եւ հրամանատար քահանաներուն եւ ժողովուրդին, որպէս դէտ՝ անքուն աչքով բոլորին վրայ հսկելու, շեղուածները ուղղելու եւ ուղիղները հաստատուն պահելու համար»:

Եպիսկոպոսներէն պահանջուած յատկանիշներուն մասին Շնորհալի կը մանրամասնէ Պօղոս Առաքեալի Տիտոսին գրած նամակին մէջ թուարկածները: Այստեղ եւս փորձառու հայրապետը մատը վէրքին դնելով բազմիցս կը յանդիմանէ ախտաւոր երեւոյթներն ու ցոփութիւնները, եւ յատկապէս դրամասիրութիւնը, ծանր խօսքերով կշտամբելով կը գրէ. «մեր թշուառ օրերուն... անոնք որ յօժարութեամբ կ՚ընդունին եպիսկոպոսութիւնը, այլ գործ նկատի չունին եթէ ոչ զանազան հնարքներով ինչքեր դիզել իրենց հպատակներէն եւ փառք որսալ մանկլաւիկներէն»: Իսկ սարսափելին այն էր որ փառամոլ մարդիկ այլազգի իշխաններէն եպիսկոպոսութիւն ստանալու համար Քրիստոսի եկեղեցին տուրքերու եւ կապալներու ծանր պարտաւորութեան տակ կը դնէին: Ներսէս Հայրապետ անվարան կը վճռէ թէ այսպիսիները «ոչ միայն արժանի չեն քահանայապետութեան, այլեւ ո՛չ քրիստոնէական հաւատքին, ոչ կարգին, եւ ոչ իսկ օրինաւոր քահանայական թաղման եւ սուրբ պատարագի յիշատակութեան»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2023, 08:00