Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Կլայեցի Կաթողիկոս – Թուղթ ընդհանրական
Վաթսունամեայ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը կաթողիկոսական գահ կը բարձրանայ յառաջացած տարիքին եւ առաւել եւս յառաջացած հոգեւոր կեանքով: Ընտրութենէն երեք ամիս ետք, 1166ի Յուլիսի վերջը կամ Օգոստոսի սկիզբը կը վախճանի երէց եղբայրը՝ Գրիգորիս Գ. Պահլաւունի կաթողիկոսը: Այս առիթով է որ Ներսէս Դ. Կլայեցի կը շարադրէ «Ընդհանրական Թուղթ»ը, իր տեսակին մէջ առաջին հանդիսացող շրջաբերական նամակ մը՝ ուղղուած բոլոր քրիստոնեայ հասարակութեան տարբեր դասակարգերուն, որ ծնունդ կ՚առնէ անել կացութեան մը հրամայականին որպէս պատասխան: Հայրապետը գրիչին ապաւինելով՝ թուղթին կը յանձնէ իր խօսքը՝ հասանելի դառնալու համար համայն ժողովուրդին, որ ցիր ու ցան եղած՝ կը տառապի տարբեր իշխանութիւններու լուծին տակ:
Ս. Ներսէս Շնորհալի կը խոստովանի իր զարհուրած եւ սարսափահար վիճակը՝ մտահոգ՝ կաթողիկոսական ծանր պաշտօնին հաւատարիմ կատարման համար, որովհետեւ ոչ միայն արտաքին հանգամանքները կը խոչընդոտեն, ինչպէս հեռաւորութիւնը, ստրկութիւնը, աղքատութիւնն ու անտէրութիւնը, այլ յատկապէս մարդոց անհաւատութիւնը, անտարբերութիւնը եւ չկամութիւնը, որ Աստուծմէ հեռացած՝ չեն ուզեր հաւատարիմ մնալ ու գործադրել մկրտութեան խոստումները:
Խօսքն ուղղելով համայն քրիստոնեայ ժողովուրդին, կը բացատրէ թէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայի հոգեւոր մարմնին գլուխը՝ ճշմարիտ հաւատքն է, իսկ անդամները՝ արդարութեան գործերը: Նմանապէս, ամէն քրիստոնեայի հոգեւոր կառոյցին՝ աստուածային տաճարին հիմքը՝ ճշմարիտ հաւատքն է, իսկ արդար գործերը այս հիմքի վրայ բարձրացող շէնքը:
Հաւատքի ուղղափառութեան արհաւատչեան՝ եկեղեցւոյ սորվեցուցած վարդապետութիւնն է՝ հիմնուած Աստուածաշունչ մատեանի, առաքեալներու ուսուցման եւ սուրբ Հայրերու աւանդութեան վրայ: Այս ամուր ապառաժին վրայ պէտք է իւրաքանչիւր անձ իր հոգեւոր տաճարը կառուցէ ազնուագոյն նիւթերով՝ ոսկիով, այսինքն ընկերային կեանքին մէջ արդարութեամբ եւ ճշմարտութեամբ, արծաթով՝ այսինքն անձնական կեանքի մէջ մտքի մաքրութեամբ եւ սրտի սրբութեամբ, եւ ազնիւ քարերով՝ այսինքն կատարելապէս զարդարուած սիրով, խոնարհութեամբ, անոխակալութեամբ, պահքով, աղօթքով եւ ժուժկալութեամբ:
Ընդհակառակը, եթէ մեր տաճարը կառուցենք փայտով, յարդով ու եղէգով՝ ահեղ դատաստանի օրը հրոյ ճարակ կը դառնանք եւ ակնթարթի մէջ մեր կառոյցը մոխիրի կը վերածուի: Այս նմանութիւնը Շնորհալի կը մէջբերէ՝ յիշեցնելով թէ վերջին դատաստանին աստուածային հուրն է որ պիտի զտէ եւ զատորոշէ չարը բարիէն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ