Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Շնորհալիի կաթողիկոսական օծման ատենախօսութիւնը

Հաղորդաշար (12) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ. Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով ։
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Ս. Ներսէս Շնորհալի իր կաթողիկոսական օծումէն առաջ խօսքն ուղղելով Հայրապետին եւ համախմբուած հոգեւորականներուն՝ երեք տեսակ աղօթք կը հայցէ: Նախ եւ առաջ մկրտութենէն մինչեւ այդ օրը մտքով, խօսքով եւ գործով կատարած մեղքերուն թողութիւն կը խնդրէ, որպէսզի բժշկուած՝ պատրաստ ըլլայ աստուածային օրհնութեան շնորհիւ եւ սուրբ Հոգիի օծումով մաքրուելու մեղքերու տիղմէն, ամբողջապէս սրբանալու, բոլորովին վերանորոգուելու եւ միշտ առոյգ մնալու՝ մինչեւ Քրիստոսէ կանչուելու պահը:

Ապա կը խնդրէ որ իր անձին համար հայցեն Տիրոջ զօրութիւնը եւ Աստուծոյ երկիւղը՝ որպէսզի անմոլար եւ անխոտոր, առանց ծուլութեան եւ թերանալու, արդարութեամբ եւ սրբութեամբ, առանց գայթակղութեան առիթ տալու եւ կարգին ու հաւատքին հայոյանքի պատճառ դառնալու, այլ Աստուծոյ անուան փառքին համար բոլոր տեսնողներուն՝ խօսքով եւ գործով բարի օրինակ դառնայ: Լոյս ըլլայ տգիտութեամբ խաւարածներուն եւ յանդիմանական խօսքերով կսկծեցուցիչ աղ՝ մեղքերու մէջ առածողներուն համար: Միամիտ աղաւնի՝ Քրիստոսի պատուիրանները սիրելու, եւ խորագէտ օձ՝ ընդդէմ սատանայի չար խորամանկութիւններուն եւ հնարագէտ իմաստութեամբ առաքելական ուռկանով մարդիկ կեանքի որսալու:

Երրորդ աղօթքը կը նախընտրեմ ամբողջութեամբ մէջբերել.

«Յատկապէս աղերսագին կ՚աղաչեմ, որ սրտագին աղօթք բարձրացնէք դէպի բոլորին Աստուածը՝ ընդհանրական եկեղեցւոյ եւ Հայ ազգի համար:

Բարեխօս կարգենք Աստուծոյ մօտ մեր առաջին հայրերը՝ Գրիգոր Լուսաւորիչն ու իր որդիները, որ Աստուծոյ օրէնքին համար հայոց բիրտ թագաւորներուն եւ վայրենաբարոյ իշխաններուն ձեռքով տաժանելի տանջանքներով աշխարհէն հեռացան:

Մանաւանդ թէ, Աստուա՛ծ թող բարեխօսէ մեզի համար անոնց մօտ, որպէսզի նախ իրենք մեզի ներեն եւ ազատեն այն արդար անէծքներէն՝ որ իրաւացիօրէն թափեցին սեփական ժողովուրդի զաւակներու գլխուն, որու հետեւանքով՝ այսքան երկար ժամանակ, Աստուծոյ բարկութիւնը աններելի եղաւ, վերացնելով թագաւորութիւնն ու իշխանութիւնը, մատնելով սուրի եւ գերութեան, հրեայ ժողովուրդին նման ցրուելով ստրկութեան եւ ամէն ազգի ծառայելու:

Եւ երբոր անոնք հաշտուին, ապա իրենք պիտի դիմեն եւ պաղատին մեր Աստուծոյ՝ վերացնելու համար յանցանքներ պատուհասող ցասումը, որ մարգարէացան թէ մեր վրայ կը թափի: Հալածելու համար մեր վրայ յարձակուողները եւ փրկելու մեզ առիւծներու բերանէն: Ազատելու համար խաւարի մէջ նստող գերիները կապանքներու տունէն եւ վերադարձնելու համար ամէնքը հայրենի աշխարհ, ինչպէս Զօրաբաբելի ձեռքով՝ Իսրայէլի որդիները: Պարգեւելու համար արդար թագաւոր եւ Աստուծոյ իրաւունքին մէջ հաստատուն իշխաններ, որպէսզի ինչպէս խիստ եւ ապստամբ իշխանաւորներու միջոցով խմեցինք Տիրոջ ձեռքէն բարկութեան բաժակը, նոյնպէս Աստուծոյ օրէնքներուն հնազանդ եղողներուն ձեռքէն խմենք քաղցրութեան եւ ողորմութեան բաժակը: Որոնց հետ միաբերան փառաւորենք ամենասուրբ Երրորդութիւնը՝ Հայրը, Որդին եւ սուրբ Հոգին, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս. ամէն»:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2023, 08:14