Որոնել

2021.02.18 Cardinal Gregorio XV Agagianian

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (23)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի վաստակով Հ.Կ.Ե. Միութեան և եկեղեցական եղբայրութիւններու ստեղծման:

ԻԳ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի վաստակով Հ.Կ.Ե. Միութեան և եկեղեցական եղբայրութիւններու ստեղծման:  

 

Աղաճանեան Հոգեւոր Տէրը իր գահակալութեան շրջանին՝ հիմնած է Հ.Կ.Ե. Միութիւնը և եկեղեցական այլազան շարժումները, որոնք Հ. Կ. Եկեղեցւոյ անմիջական հովանիին ներքեւ կը գտնուէին: Եւ յիրաւի՝ Հոգեւոր Տիրոջ հովուական կեանքին մէջ մեծ տեղ կը գրաւէին երիտասարդները: Ան խորապէս կը հաւատար անոնց անկեղծ կրօնասիրութեան և ազգասիրութեան: Դիտելու է որ 1944 16 Դեկտեմբերին, Պաղտատ այցելութեան ընթացքին, հետեւեալ խրատը կու տայ հայ երիտասարդութեան. «Խանդավառ եղի՛ր ո՜վ հայ երիտասարդ, քու լեզուիդ համար ճոխ ու ճկուն, ու նոյնքան ալ քաղցրահնչիւն, որով մեր հայրերը զԱստուած փառաբանեցին ու Հայրենիքը երգեցին ու մեր մայրերը Քրիստոսի սուրբ անունը և Հայաստանը թոթովել սորվեցուցին:

Հայերէն խօսէ՛ հայ պատանի և խօսակցութիւնդ աւելի անոյշ ու բառերդ աւելի համեստ պիտի ըլլան: Խանդավառ քու գրականութեանդ, քու երաժշտութեանդ, քու գեղարուեսական ձիրքերուդ, քու ցեղային հանճարիդ հանդէպ: Հայ երիտասարդը պարտի ըլլալ խանդավառ ու լուրջ միանգամայն: Լռջութիւն՝ հանդէպ այն երկրի օրէնքներուն, որ ձեզ հիւրընկալեր է տարագիր: Դուք պիտի հանդիսանաք մեր սիրելի Հայրենիքին արժանաւոր զաւակները մեր յաւէտ պանծալի Ազգին»: Դարձեալ, 4 Մայիս 1947-ին, Պէյրութի մէջ մեծ հանդիսութիւններով կը տօնուի Հ.Կ.Ե.Մ.ի օրը: Մեծաշուք Կարդինալը այս առթիւ՝ նոր սերունդին յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով հետեւեալ խօսքերը կը պատգամէ. «Դուք Հ.Կ.Ե.Մ.-ականներ, բարձր պիտի պահէք Քրիստոնէութեան անունը:

Աննման է, անզուգական է՝ քրիստոնէական կրօնքը իր վարդապետական ներդաշնակութեամբ և կուռ բովանդակութեամբ՝ քսան դարերու անեղծանելի ու լուսաշող պայծառութիւնն ունի ան: Լոյս՝ աշխարհի համար և աղ որ կը համեմէ երկիրը»: Աւելի ուշ, 1952-ին, Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Երիտասարդութեան իր ուղղած խօսքին մէջ կ'ըսէ. «Հայ անունը բնական կարգի մէջ ցոյց կու տայ սերունդ մը ազատատենչ և գաղափարապաշտ. առաջինը՝ որ կ'ընդգրկէ քրիստոնէութիւնը, իբր պետական կրօնք. Քրիստոնեայ՝ ցոյց կու տայ սերունդ մը, որ կը պատկանի Քրիստոսի Եկեղեցւոյն, որ հաղորդիչն է հաւատքի, յոյսի, սիրոյ, և ամէն սրբութեան. այն եկեղեցւոյն որ կ'առաջնորդէ մարդս թէ՛ ասդենական և թէ՛ անդենական երջանկութեան:

«Կաթողիկէ սուրբ Եկեղեցին կը ճանչնանք իբր մեր մայրը» կը վկայէ Եղիշէ պատմիչ: Նոյնպէս, Յովհաննէս Առաքեալը որ Վերնատան մէջ Վերջին Ընթրիքի պահուն՝ գլուխը հանգչեցուց Քրիստոսի կուրծքին վրայ և անոր սուրբ Սրտին բաբախումներէն առաւ իր եռանդը, իր խօսքն ուղղելով երիտասարդներուն, կ'ըսէր. «Գրեցի ձեզի, երիտասարդնե՛ր, որովհետեւ Աստուծմով զօրացաք. Աստուծոյ խօսքը ձեր մէջ կը մնայ, և յաղթեցիք չարին» (Ա. Յովհ. Բ, 14): Իսկապէս, անաստուածութիւն և անհաւատութիւն է չարը: Ո՛չ ընտանիքներ կը կազմուին, ո՛չ հայրենիքներ կը գոյատեւեն անաստուածութեամբ: Հետեւաբար, դուք երիտասարդներ ձեր հաւատքո՛վ պիտի յաղթէք չարին: Հաւատքը բառ մը չէ՛ սոսկ, այլ հոմոզում և կեանք է, հիմնուած՝ յաւերժական ճշմարտութեան վրայ: Երիտասարդներ անաղարտ պահեցէ՛ք ձեր սիրտը. հաճոյապաշտութիւնը, մարմնապաշտութիւնը կը թեւատէ մտքին թռիչքը. անբարոյ գիրքերը, յոռի շարժապատկերները նուաստացումն են ազատ մարդուն. զգուշացէ՛ք անոնցմէ»: Ահա այս ամէնը Աղաճանեանի սերմերն էին զոր ան ցանած էր.

Անոր խօսքերը միշտ լսելի կ'ըլլային հայ ժողովուրդի զաւակներուն կողմէ, ըլլան անոնք եկեղեցական թէ աշխարհական: Բազմաթիւ հայորդիներ իրենց յիշողութան մէջ պահեցին և գործադրեցին անոր խրատները, իրենց կեանքը ապրեցան Աղաճանեան Կարդինալի յորդորներուն հիման վրայ. ամուր ընտանիքներ կազմելով և անխոնջ մշակներ դառնալով փոքր ածուին: 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2023, 08:45