Որոնել

Փոմփէյի Տիրամօր սրբավայրը Փոմփէյի Տիրամօր սրբավայրը 

Կարդինալ Ծուփփի. «Օգտագործենք Սուրբ Վարդարանը չարին դէմ պայքարելու համար»

Փոմփէյի Տիրամօր սրբավայրին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ ու տեղի ունեցաւ վարդարանի Տիրամօր աւանդական աղերսը, աշխարհի խաղաղութեան դիտաւորութեան համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 8 մայիսին, նախագահութեամբ Իտալիոյ եպսիկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ եւ Պոլոնիա թեմի արքեպիսկոպոս կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփիին, Փոմփէյի Տիրամօր սրբավայրին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ ու տեղի ունեցաւ վարդարանի Տիրամօր աւանդական աղերսը, աշխարհի խաղաղութեան դիտաւորութեան համար։

Տիրամօր բարձրացած վարդարանի աղերսը սկիզբ առաւ Փոմփէյի թեմի արքեպիսկոպոս կարդինալ Թոմասօ Քափութոյի բարի գալուստի խօսքով, որուն սկիզբը կարդինալը շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ համահաւաք դասի նախագահ, կարդինալ Ծուփփիին՝ Տիրամօր վարդարանի աղերսը նախագահելու համար, ապա յիշեցուց, որ Ֆրանչիսկոս Պապը եւս կը միանայ սոյն վարդարանի աղերսին ինչպէս խոստացած էր Կիրակնօրեայ «Ուրախ լեր» թագուհին աղօթքի խորհրդածութեան ընթացքին ու հրաւիրած է մայիս ամսուան ընթացքին աղօթել վարդարանը հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամէն խաղաղութեան պարգեւը, յատուկէն մարտիրոս Ուքրանիոյ համար։

Քարոզին մէջ կարդինալ Զուփփի նշեց, թէ Տիրամայրը կը փնտռենք իր Որդոյն Յիսուսի Քրիստոսի խաչին տակ, ինչպէս նաեւ իր իւրաքանչիւր զաւակներուն խաչերուն տակ, զոր Յիսուս յանձնեց իրեն։

Տիրամայրը առաջինն է ,որ խաչին տակ կ՝աղերսէ, որ շուտով հասնի խաղաղութեան, բուժումի, խաւարը յաղթահարող ու կեանքի յարութիւնը։

Կարդինալ Ծուփփի յայտնեց, որ այսօր՝ միացած ենք Տիրամօր հետ աղօթքի, հաշտութեան մէջ՝ առաքուած եւ կոչուած առաքեալներուն ու ընտանիքի նման դիտել տալով, թէ ան որ կ՝աղօթէ՝ օժտուած է կեանքը եղբայրներուն շնորհելու՝ սիրելով եւ ոչ թէ բառերով ու լեզուով, այլ իրողութիւններուն հետ, ճշմարտութեան մէջ։

Կարդինալ Ծուփփի հրաւիրեց հետեւիլ Տիրամօր, որ կատարեց մեծ բաներ, հրաւիրեց երանելի Լոնկոյի, Սիենայի Սրբուհի Քաթերինայի եւ Սուրբ Տամասոյի հետ օգտագործենք Սուրբ Վարդարանը, իբրեւ պայքար չարին, բռնութեան դէմ՝ սիրտերու, ընտանիքներուն ընկերութեան եւ աշխարհին համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/05/2023, 11:43