Որոնել

Հոգեւոր Տէրը ու Աթէնքի մէջ գործող Հայ կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները Հոգեւոր Տէրը ու Աթէնքի մէջ գործող Հայ կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները 

Հոգեւոր Տիրոջ հանդիպումը Աթէնքի մէջ գործող Հայ կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ

Հանդիպման ընթացքին, դրական ջերմ խօսքեր արտասանուեցան Լիբանանի, Սուրիոյ եւ ամէն երկրի նկատմամբ, ուր որ հայեր կը գտնուին, շեշտելով որ անոնք կը բաժնեկցին իրենց եղբայրներուն ցաւերն ու դժուարութիւնները:

Դժուարութիւնները, որ կը դիմագրաւենք, մեզ ուժ ու կորով կը շնորհեն «Պէտք է վերանորոգուինք, խոնարհինք, Տիրոջ հետ մեր կապը սերտացնենք եւ առաքեալներ դառնանք ուր որ կը գտնուինք»… Հայրական այս պատգամով, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը իր հանդիպումը սկսաւ Աթէնքի մէջ գործող հայ կուսակցութիւններու եւ միութիւններու հետ:

Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Արհի. Հայր Պետրոս Արք. Միրիաթեան եւ Աթէնքի Հայ Կաթողիկէներու Առաքելական Կառավարիչ Գերյ. Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Պեզեզեան:
Հանդիպման սկիզբը Գերյ. Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Պեզեզեան ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Հոգեւոր Տիրոջ եւ ներկաներուն, անոնց շնորհակալութիւն յայտնելով այս պատմական այցելութեան համար, որ յոյս ներշնչեց Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներուն համար:

Այնուհետեւ, Հոգեւոր Տէրը լսեց ներկաներուն յուզող հարցերը, անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ անոնց ապագայի ձեռնարկներն ու ծրագիրները:
Հանդիպման ընթացքին, դրական ջերմ խօսքեր արտասանուեցան Լիբանանի, Սուրիոյ եւ ամէն երկրի նկատմամբ, ուր որ հայեր կը գտնուին, շեշտելով որ անոնք կը բաժնեկցին իրենց եղբայրներուն ցաւերն ու դժուարութիւնները:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր կարգին մեծապէս գնահատեց կեանքի վկայութիւնները, զոր փոխանցեցին ներկաները հանդիպման ընթացքին, աւելցնելով. «Եկեղեցւոյ զաւակները աւելի կը հզօրանան դժուարութիւնները դիմագրաւելով, հայցելով անոնց՝ միշտ դրական կերպով ապրելու, որովհետեւ տագնապները որ կ'ապրինք ժամանակաւոր են, եւ ուշ թէ կանուխ վերջ պիտի գտնեն»: Ան նաեւ յայտնեց, թէ Եկեղեցին բոլոր ժամանակներուն անոնց կողքին է, որովհետեւ առաջին հերթին՝ անոնց ծառայութեան համար է: Հոգեւոր Տէրը աւարտեց իր խօսքը խնդրելով Տիրոջմէ, որ իր խաղաղութիւնը շնորհէ բոլոր աշխարհին:

Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2023, 07:40