Որոնել

2023.05.01 Santa Messa celebrata dal Patriarca Minassian ad Atene

Աթէնքի մէջ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ մատուցած պատարագները եւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յուշակոթողին այցն ու ծաղկեպսակի զետեղումը

Մեր լուսաւոր նախնեաց օրինակով եւ Աստուածային սիրով առլցուած, եկած ենք վկայելու Ձեզի, թէ Հայ Կաթողիկէ մեր սուրբ Եկեղեցին, որուն անբաժան մասն էք Դուք սիրելի մեր զաւակներ, կը շարունակէ Աստուածահիմն իր առաքելութիւնը ի սէր բոլորիդ փրկութեան:

Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հարիւրամեակին առիթով, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը նախագահեց հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը՝ Աթէնքի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ մէջ:

Սուրբ Զոհին իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Արհի. Հայր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Աթէնքի Հայ Կաթողիկէներու Առաքելական Կառավարիչ՝ Գերյ. Յովսէփ Ծ.Վ. Պեզեզեան, խումբ մը քահանաներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Աթէնքի մէջ
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Աթէնքի մէջ

Սուրբ Աւետարանի ընթերցումէն ետք, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր քարոզին մէջ ըսաւ.

«Պատուական եւ սիրեցեալ Եղբայրներ ի Քրիստոս

Սիրելի հայ ժողովուրդի հաւատաւոր զաւակներ,

Քրիստոսի յաղթական Յարութեան այս օրերուն կ’ողջունենք բոլորիդ բերկրալից եւ փրկարար Աւետիսով.

Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց, օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:

100 տարի առաջ մեր երջանկայիշատակ նախնիք, կիսելով իրենց ժողովուրդին ցաւը, որոնք թուրքի եաթաղանէն փրկուելով հանգրուանած էին Յուսնաստանի խաղաղ ափեր, կազմակերպեցին այս վիճակը:

Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան Առաքելական այցելու Արհ. Նազլեան արքեպիսկոպոսը հրաման կը ղրկէ Հայր Կիւրեղ վարդապետ Զօհրապեանին լայն հորիզոնով առաքելութիւն մը սկսելու Յունաստանի Հայ գաղթականներուն նիւթական եւ հոգեւոր վիճակին օգտակար ըլլալու համար:

Այսպիսով ցեղասպանութենէ մազապուրծ փրկուած մեր զաւակները կը հաւաքուին Մայր Եկեղեցւոյ հովանիին տակ, վերագտնելու եւ պահպանելու իրենց հաւատքի սրբազան աւանդը եւ ազգային ինքնութիւնը:

Սուրբ Պատարագի գոհաբանական այս պահուն մեր սրտէն կը խօսի Յովհաննէս առաքեալի տողերը թէ.

«Վասն զի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն ոք որ անոր հաւատայ, չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ»(Յովհ. Գ. 16):

Մեր լուսաւոր նախնեաց օրինակով եւ Աստուածային սիրով առլցուած, եկած ենք վկայելու Ձեզի, թէ Հայ Կաթողիկէ մեր սուրբ Եկեղեցին, որուն անբաժան մասն էք Դուք սիրելի մեր զաւակներ, կը շարունակէ Աստուածահիմն իր առաքելութիւնը ի սէր բոլորիդ փրկութեան:

Այսօրուան աւետարանական հատուածին մէջ սուրբ Յովհաննէս առաքեալ մեր աչքերը կը բանայ ցոյց տալով Հայր եւ Որդի Աստուծոյ սիրոյ անքակտելի կապը եւ կը վկայէ թէ Աստուծոյ Հօր կամօք աշխարհ գալով Միածին Որդին Աստուծոյ, ճամբայ բացաւ իրեն հաւատացողներուն՝ մեզի համար որ այլեւս յաւիտենապէս զօդուած մնանք Աստուծոյ եւ դառնանք անոր իսկական զաւակներ:

Հայրապետական մեր պատգամն է, որ ամուր կապուած մնանք Քրիստոսի ազատարար Սուրբ Խաչին եւ ապրելով Եկեղեցւոյ մէջ հաղորդակից մնալով Քրիստոսի Սուրբ Մարմնի եւ Արեան խորհուրդին, միասնաբար իբրեւ մէկ Եկեղեցի, կերտենք մեր փրկութեան դժուարին, բայց Աստուծոյ անսահման սիրով ողողուած ճամբան»:

Յաւարտ սուրբ Պատարագին, Գերյ. Յովսէփ Ծ.Վ. Պեզեզեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հոգեւոր Տիրոջ իր պատմական այցելութեան համար, ինչպէս նաեւ Միրիաթեան արքեպիսկոպոսին, գերապատիւ հայրերուն եւ ընկերակցող պատուիրակութեան, ընդգծելով թէ այս այցելութիւնը հաստատ հաւատքի նոր յոյս մը պիտի շնորհէ Եկեղեցւոյ զաւակներուն:

Այնուհետեւ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հանդիպեցաւ Լատին Եկեղեցւոյ պատկանող ընտանիքներուն հետ, որոնք եկեղեցւոյ մօտ կը բնակին եւ հոն կ'աղօթեն: Հանդիպեցաւ նաեւ խումբ մը հաւատացեալներու հետ, որոնք սպաներէն կը խօսին, եւ նոյնպէս կ'աղօթեն իրենց մօտ գտնուող «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ մէջ: 

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը բարձր գնահատեց անոնց բոլորին ցուցաբերած սէրը Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հանդէպ, իր երախտագիտութիւնը յայտնելով այն, ինչ որ սէր տեսաւ բոլոր Եկեղեցիներուն միջեւ, Աթէնքի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ հովանիին տակ, անոնց շնորհելով իր հայրական օրհնութիւնը:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Աթէնքի մէջ
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Աթէնքի մէջ

ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԿԸ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ԱՐԱԲԱԽՕՍ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԸ, ԱԹԷՆՔԻ «ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ» ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

«Մենք զմեզ հարց կու տա՞նք, եթէ Աստուծոյ հետ ենք: Մենք զմեզ հարց կու տանք, թէ ի՞նչքան է Սիրոյ արժէքը: Արդեօ՞ք կը մտածենք խոնարհութեան կարեւորութեան մասին մեր կեանքին մէջ»: Այս գլխաւոր հարցադրումներով ներկայացաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր քարոզին մէջ, հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագին ընթացքին, զոր մատոյց արաբախօս հաւատացեալներուն համար, Աթէնքի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ մէջ:

Սուրբ արարողութեան մասնակցեցան՝ Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Արհի. Հայր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Աթէնքի Հայ Կաթողիկէներու Առաքելական Կառավարիչ Գերյ. Յովսէփ Ծ.Վ. Պեզեզեան, խումբ մը քահանաներ եւ հաւատացեալներ:

Սուրբ Աւետարանի ընթերցումէն ետք, Գերյ. Յովսէփ Ծ.Վ. Պեզեզեան ելոյթ մը ունեցաւ, որուն մէջ յայտնաբերեց այս գեղեցիկ օրուան կարեւորութիւնը արաբախօս հաւատացեալներու ներկայութեամբ, որոնք ամէն շաբաթ օր կ'աղօթեն այս եկեղեցւոյ մէջ: Ան այս առիթով շեշտեց, որ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ այցելութիւնը յոյս ներշնչեց հաւատացեալ ժողովուրդին այս սուրբ տաճարին մէջ:

Մինասեան Հոգեւոր Տէրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ սիրոյ, խոնարհութեան եւ Տիրոջ ներկայութեան մասին մեր կեանքին մէջ, որովհետեւ, «կը գտնուինք հպարտութեամբ, ատելութեամբ եւ նախանձութեամբ բնորոշուած դարաշրջանին, ուստի պէտք է մենք զմեզ միշտ հարց տանք, եթէ Աստուծոյ հետ ենք»: Հոգեւոր Տէրը նաեւ ողջունեց արաբախօս հաւատացեալները, որոնք տարբեր երկիրներէ եկած եւ ապաստանած են Յունաստանի մէջ, կոչ ուղղելով անոնց, որ աղօթեն իրենց եղբայրներուն համար, որոնք կը դիմագրաւեն մեծ մարտահրաւէրներ Լիբանանի, Սուրիոյ եւ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ:

Հայոց Ցեղասպանութեան կոթողի այցն ու ծաղկեպսակի զետեղում
Հայոց Ցեղասպանութեան կոթողի այցն ու ծաղկեպսակի զետեղում

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ ԾԱՂԿԵՊՍԱԿ ՄԸ ԿԸ ԶԵՏԵՂԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻՆ ՎՐԱՅ

Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան հարիւրամեակին առիթով, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը իր անունով եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ զաւակներուն անունով երկու ծաղկեպսակ զետեղեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի յուշարձանին վրայ Աթէնքի մէջ, մասնակցութեամբ՝ Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Արհի. Հայր Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, Աթէնքի Հայ Կաթողիկէներու Առաքելական Կառավարիչի եւ խումբ մը քահանաներու եւ հաւատացեալներու: Այնուհետեւ, յուշարձանին առջեւ աղօթքներ բարձրացան Նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար: 

Այս առիթով, Հոգեւոր Տէրը վերահաստատեց, որ հայոց դատը չի մեռնիր ու պիտի չմեռնի, եւ թէ լոյսը պէտք է յաղթէ խաւարին:

 

Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/05/2023, 08:00