Որոնել

Կարդինալ Ռաֆայէլ  Սաքօ Կարդինալ Ռաֆայէլ Սաքօ  (AFP or licensors)

Կարդինալ Սաքոյի դէմ քննադատութիւններ. Եւրոպայի երկիրները կը պաշտպանեն պատրիարքը

Պաղտատի կեդրոնին մէջ աւելի քան 200 քրիստոնեաներուն բողոքի ցոյցեր կատարելէ ետք այժմ Եւրոպական աւելի քան 11 երկիրներ թիկունք կը կանգնին Լուիս Ռաֆաէլ Սաքօ Պատրիարքին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Իրաքի մէջ քաղդէացիներու եկեղեցւոյ պատրիարք, կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ, վերջերս թիրախ դարձած է հաղորդամիջոցներու կողմէ իրեն դէմ կատարուած սուր քննադատութիւններուն՝ Իրաքի մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութեան խորհրդարանէն ներս քաղաքական ներկայացուցչութեան վերաբերեալ իր քննադատական յայտարարութիւններուն համար։

Կարդինալ Սաքօ ու Իրաքի մէջ եպիսկոպոսները քննադատած են այն իրողութիւնը, որ մեծամասնութիւն կազմող քաղաքական կուսակցութիւններ խորհրդարանէն ներս կ՝ուզեն զբաղեցնել՝ օրէնքով փոքրամասնութիւններու վերապահուած աթոռները, որոնք շարքին քրիստոնեաները։

Վիճայարոյց հարցը անցեալ շաբթուան ընթացքին երկրին մէջ բախումներու եւ հակասականութիւններու պատճառ դարձած է։ Կարդինալ Սաքոյին դէմ վիրաւորանքներ եւ քննադատութիւններ կատարուած են յատուկէն ընկերային հաղորդամիջոցներէն ներս։

Արդարեւ՝ Եազիտի, Մանտէի, Սապէի եւ Շապաք քրիստոնեայ հասարակութիւնները անմիջապէս հրապարակելով յայտարարութիւն մը իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են Պատրիարքին խստիւ մերժելով անոր դէմ կատարուած մեղադրանքները։

Այս շրջանակէն ներս կիրակի 14 մայիսին, Կարդինալ Սաքօ ընդունելով իրաքի մէջ կարգ մը դեսպանատուներուն կողմէ կազմուած պատուիրակութիւն մը ժամանած ֆրանսայէն, Սպանիայէն, Անգլիայէն, Սուրբ Աթոռէն եւ Եւրոպական Միութենէն, պատուիրակութեան անդամները Պատիարքին փոխանցած են իրենց կառավարութիւններուն զօրակցութիւնը ու բարձր գնահատած են Պատրիարք Սաքոյին, Առաքելական նուիրակ, Արքեպիսկոպոս Միթժա Լեսքովարի թափած ջանքերը՝ Իրաքի մէջ քրիստոնեաներու իրաւունքները պաշտպանելուն համար, որոնք երկու հազար տարիէ ի վեր երկրին մէջ հաստատուած են ու այժմ անոնց թիւը նուազումի մէջ՝ մէկ ու կէս միլիոնէն հասնելով մինչեւ 250 հազար։


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2023, 08:00