Որոնել

2021.02.11 Carità

«Օգնեցէք որպէսզի օգնենք» Հարցազրոյց Հայաստանի եւ Վրաստանի Քարիթասներու տնօրէններուն հետ` Տիար Գագիկ Թարասեան եւ Տիկ Անահիտ Մխոյան

11 մայիսէն 16 մայիս Հռոմի մէջ գումարուած է Միջազգային Քարիթասի Գլխաւոր ընտրական Ժողովը որուն կը մասնակցեցին նաեւ Հայկական Քարիթասի եւ Վրաստանի Քարիթասի ներկայացուցիչները` որոնք Ռատիօ Վատիկան – Վատիկանի Նիուզի հայկական բաժանմունքին անձնակազմին հետ զրուցեցին իրենց գործունէութեան մասին։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Այս օրերուն Հռոմի մէջ գումարուած է «Եղբայրութեան նոր ուղիներու կառուցում» բնաբանով «Caritas Internationalis-ի» 22րդ Գլխաւոր Ժողովը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 400 պատուիրակներ, որոնք մաս կը կազմեն աշխարհի 200 երկիրներու եւ տարածքներու մէջ գործող Քարիթասի 162 կազմակերպութիւններուն եւ որոնց շարքին են Հայկական Քարիթասի եւ Վրաստանի Քարիթասի ներկայացուցիչները, իրենց տնօրէններով` Պարոն Գագիկ Թարասեանը` որպէս Հայաստանի Քարիթասի ընդհանուր տնօրէն եւ Տիկին Անահիտ Մխոյանը` որպէս Վրաստանի Քարիթասի տնօրէնուհի։

Տիկին Անահիտ Մխոյան եւ տիար Գագիկ Թարասեան Ռատիօ Վատիկան – Վատիկանի Նիուզի հայկական բաժանմունքին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին անդրադարձան Քարիթասի առաքելութեան մասին, ըլլայ Հայաստանի ըլլայ Վրաստանի մէջ։

Կից կը ներկայացնենք այդ զրոյցներուն ամփոփումը.

Տիկ Անահիտ Մխոյան
Տիկ Անահիտ Մխոյան
Հարցազրոյց Վրաստանի Քարիթասի տնօրէնուհի Տիկ Անահիտ Մխոյանի հետ

 

Տիար Գագիկ Թարասեան
Տիար Գագիկ Թարասեան
Հարցազրոյց Հայկական Քարիթասի տնօրէն Տիար Գագիկ Թարասեանի հետ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2023, 13:56