Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Շնորհալիի «Յիսուս Որդի»ն

Հաղորդաշար (8) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ. Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով ։
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

«Յիսուս Որդի» բառերով սկսող երկարաշունչ քերթուածը հայ իրականութեան մէջ ամենէն աւելի կարդացուած գիրքերէն մէկը եղած է։

Ներսէս Շնորհալի վերնագրին մէջ կը բնորոշէ զայն որպէս «ողբումն հեծութեան սրտի խօսք ընդ Աստուծոյ»։ Ակնյայտ ակնարկ մըն է Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան», բայց շատ հեռու է կրկնութիւն կամ նմանութիւն ըլլալէ։

«Յիսուս՝ Որդի Հօր միածին»... Ամենասուրբ Երրորդութեան հաւատքի հակիրճ դաւանանքէ մը ետք, անառակ որդիին նմացնելով իր անձը՝ կ՚անցնի փրկագործութեան պատմութեան, եւ սկսելով ադամական պատուիրանազանցութենէն, Աստուածաշունչ մատեանի հինկտակարանեան սրբազան պատմութիւնն ամբողջ կը ներկայացնէ, իւրաքանչիւր պատումի աւարտին իր մեղաւոր անձը նշելով եւ շարունակ թողութիւն խնդրելով։

651րդ տողով կը սկսի ներկայացնել Նոր Կտակարանեան դէպքերը, իւրաքանչիւր պատմուածքէն ետք զղջական խօսքերով կը մաղթէ Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ երկնքի արքայութեան ժառանգութիւնը։

1612րդ տողով բարեխօսական պաղատանքներ կը շարադրէ, սկսելով ամենահզօր միջնորդէն, որ կը կոչէ «Աստուածածին անապական եւ միշտ Կոյս», եւ հերթաբար կը դիմէ Ս. Յովհաննէս Կարապետին, Առաքեալներուն մէկ առ մէկ, Ստեփանոս նախասարկաւագին, Հայրապետներուն, մարտիրոսներուն, նահատակներուն եւ ճգնաւորներուն։

3415րդ տողով կը նկարագրէ դատաստանը, երկորդ գալուստը, համայն մարդկութեան յարութիւնը եւ ահեղ դատաստանը՝ հրեշտակներու ներկայութեան։ Մանրամասն կը նկարագրէ մեղաւորներու եւ մեղքերու տեսակները որ կը պատժուին ինչպէս նաեւ արդարներու բարեմասնութիւնները որ կը վարձատրուին։

1708րդ տողով կ՚անցնի իր անձը ողբալու՝ որ զուրկ է ամէն բարիքէ եւ արդարներու միջնորդութեամբ կը խնդրէ որ արժանի ըլլայ երկնքի արքայութեան, եւ նոյնը կը մաղթէ նաեւ իր ծնողներուն եւ ազգականներու եւ կ՚աղաչէ որ Աստուած ողորմի բոլորին, զինք սիրողին եւ ատողին, ծանօթին եւ անծանօթին։ Կը յիշէ նաեւ ընթերցողներն ու անգիր արտասանողները եւ կը փակէ ամենասուրբ Երրորդութեան փառատրութեամբ։

Շնորհալի այս երկին կցած է նաեւ յիշատակարան մը, ուր կը նշէ թէ աւարտած է 1152 թուականին, երկու հազար երկմասնեայ յանգաւոր տուներով, այսինքն ութոտեան եւ իւրաքանչիւր տող՝ -ին վերջաւորութեամբ, բացի յիշատակարանէն՝ որ -ան վերջաւորութեամբ շարադրած է, հաւանաբար անջատելու համար գլխաւոր գրութենէն։

Այս յիշատակարանին մէջ իր անձին մասին ալ կը խօսի, նշելով որ Գրիգորիս Կաթողիկոսին եղբայրն է, արիւնակից Լուսաւորչին։ Անմիջապէս կը շարունակէ. «Զարթուն թուէի եւ թմբրեցայ». բոլորիս յայտնի է որ «արթուն»ը կը համապատասխանէ յունարէնէ յառաջացած Գրիգոր անունին։ Արդեօ՞ք Շնորհալի իր աւազանի անունին կ՚ակնարկէ. կրնա՞յ ըլլալ որ մկրտութեան անունը Գրիգոր եղած ըլլայ։ Պատմութիւնը առ այժմ լուր կը մնայ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/03/2023, 07:50