Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Շնորհալի եւ Հայոց կաթողիկոսական աթոռի փոխադրումը Հռոմկլայ

Հաղորդաշար (7) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ. Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով ։
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Քաղաքական թատերաբեմը պարբերական ելեւէջներով խռովայոյզ՝ անհնար կը դարձնէր կառուցողական որեւէ աշխատանք։ Եդեսիայի անկումէն ետք, Ներսէս Շնորհալիի ակնկալած արեւմտեան օժանդակութիւնը չ՚ուշացաւ եւ 1148ին երկրորդ խաչակրութիւնը հասաւ արեւելք՝ զօրավիգ կանգնելու համար Սուրբ Երկիրի եւ յարակից ասպետական տիրոյթներու խաչակիրներուն։ Սակայն յոյներու դաւադրութիւնը ջլատեց խաչակիրներու զօրքը։

Տարբեր ճակատամարտներու մէջ ինկան քրիստոնեայ իշխանները եւ Դամասկոսի պարիսպներուն տակ վերջնական խորտակումէն ետք, մէկ տարի չանցած, 1149ին վերադարձան իրենց երկիրները։ Իսլամ տիրակալները ամէնուր ասպատակութիւն կը սփռեն։ Այս իսկ պատճառով Գրիգորիս Կաթողիկոս եւ Ներսէս Շնորհալի կ՚ապաստանին Թորոս հայ իշխանի մօտ Վահկայ բերդը, Տաւրոսի լեռներէն անդին, սպասելով պատերազմի ելքին։

Ներսէս Շնորհալի այդ տարի մէկ հատորի մէջ կը կազմէ, կ՚ընդօրինակէ եւ զարդանախշերով կը ծաղկէ Աստուածաշունչի Առակաց, Ժողովող, Իմաստութեան եւ Երգերգոցի սողոմոնեան չորս գիրքերը։ Յետագային՝ այս հատորը Հռոմկլայի մէջ 1185ին պիտի օրինակէ իր եղբօրորդին՝ Գրիգոր Տղան, եւ ապա 1201ին Բասիլ, որու գրչագիրը պահպանուած է Ս. Ղազարի մատենադարանին մէջ։ Ժամանակակիցները հիացումով կ՚արտայայտուին Ներսէս Շնորհալիի մասին որպէս վարպետ Վայելչագիր եւ ծաղկող։

1150ին Հալէպի տիրոջ՝ Նուրէտտինի ձեռքը գերի կ՚իյնայ Եդեսիայի իշխանը Ճոսլին մինչ իր կինը՝ Պէաթրիս քաջութեամբ կը դիմադրէ Թլպաշարի մէջ, բայց գիտակցելով ուժերու անհաւասարութեան՝ երկիրը կը վաճառէ յոյներու Մանուէլ կայսրին որպէսզի հեռանայ։

Գրիգորիս Կաթողիկոս Ներսէս Շնորհալի յոյներու տիրապետութեան սահմաններուն մէջ ապրիլն անհնար դատելով՝ Պէաթրիս իշխանուհիէն կը գնեն վերջին կալուածը՝ Հռոմկլայ բերդը եւ հոն կը տեղափոխեն հայրապետական աթոռն ու վարդապետարանը 1151ին։ Եփրատ գետի ափին, 120 մետր բարձր ամրակուռ եւ քարաբլրի վրայ կառուցուած, ամէն կողմէ պաշտպանուած բնական ամրոց մըն էր։ Շուրջ մէկ ու կէս դար հոն պիտի հանգրուանէր կաթողիկոսական աթոռը։

Այս բոլոր դէպքերու եւ տարուբերումներու մէջ Ներսէս Շնորհալի կ՚աւարտէ իր «Բան հաւատոյ» քերթուածը, որու յիշատակարանին մէջ կը նկարագրէ Հռոմլան, տեղափոխութիւնը, եւ Իկոնիոյ Մասուտ սուլտանի արշաւանքները, որու արդիւնքով Հռոմկլան Օրթոքեան իշխան Թիմուրթաշի իշխանութեան տակ կը մտնէ։

«Բան հաւատոյ» քերթուածը Շնորհալի կ՚աւարտէ 1151ին, եւ գրած է իր եղբօրորդիի՝ Ապիրատի խնդրանքով։ 1504 տողերէ կազմուած, ամփոփ բայց միաժամանակ ամբողջական հաւատքի դաւանականք մըն է, Ամենասուրբ Երրորդութենէն մինչեւ Քրիստոսի մարդեղութիւնն ու Համբարձումը եւ վերջին դատաստանը։ Շնորհալիի նպատակն էր պարզունակ մտքերը հոգիի իմաստութեամբ կրթել, պարզ բառերով բացատրել հաւատքի հանգանակը եւ երկնային բարձունքները հասցնել։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/03/2023, 08:34