Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց (1102 – 1173)

Հաղորդաշար – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ. Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի մահուան 850 ամեակին առիթով

Ս. Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850 ամեակն է որ կը յիշատակենք այս տարի։

Արդարեւ, Ներսէս Շնորհալի ալեզարդ հայրապետը իր սրբակենցաղ հոգին աւանդած է 8 Օգոստոս 1173ին, 71 տարեկանին։

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այս առիթով է, որ մեր տաղանդաշատ հայրապետի մասին մեր ունկնդիրներուն հակիրճ եւ ամփոփ տեղեկութիւններ պիտի ներկայացնենք, փուլ առ փուլ կազմելու համար այն գունագեղ խճանկարը որու մէջ արտացոլուած պիտի գտնենք ճգնասուն կրօնաւորը, նուիրեալ հոգեւորականը, քաջ հովիւը, հաւատարիմ տնտեսը, բարեխնամ հայրապետը, բարձրաթռիչ բանաստեղծը, քաղցրահունչ երգահանը, հայ ազգի սիրազեղ հայրը։

Ներսէս Դ. Կաթողիկոսը մեզի կը ներկայանայ տարբեր մականուններով։

Կոչուած է Ներսէս Կլայեցի իր աթոռանիստ բնակավայրին՝ Հռոմկլայի անունով, ուր նաեւ թաղուած է։

Ներսէս Շնորհալի անուանուած է ոչ միայն իր վարք ու բարքին համար այլեւ աւարտած վարդապետարանի՝ Կարմիր վանքի Ստեփանոս Գիտնական վարդապետի աշակերտներու տիտղոսով, ինչպէս օրինակ Սարգիս շնորհալին, Իգնատիոս շնորհալին եւ Բարսեղ շնորհալին։

Շատ անգամ նաեւ Երգեցող կոչուած է՝ բազմաթիւ շարականներու, ներդաշնակ մեղեդիներու, հեշտալուր երգերու եւ հոգեպարար տաղերու հեղինակութեամբ։

1102 թուականին, Խարբերդի մօտակայքը գտնուող Ծովք բերդին մէջ կը ծնի Պահլաւունի իշխան Ապիրատի եւ Վանենի իշխանուհիի երրորդ մանչ զաւակը՝ Գրիգորիսէ եւ Վասիլէ ետք։ Աւելի ուշ լոյս աշխարհ պիտի գային Շահան կամ Զօրավար եղբայրը եւ քոյրը՝ Մարիամ։

Հօր եղերական մահէն ետք, 1111 թուականին, 9 տարեկանին, մեծ եղբօր՝ Գրիգորիսի նման կը յանձնուի Շուղրի Կարմիր վանքի վանահօր՝ Ստեփանոս Մանուկ Գիտնական Վարդապետ Կարմիրվանեցիի խնամքին եւ կը դաստիարակուի կրօնաւորական եւ եկեղեցական գիտելիքներով եւ սկզբունքներով։

1116ին իր մեծ եղբայրը՝ Գրիգորիս Գ. Պահլաւունի Կաթողիկոսը, Անտիոքի Պաղտին իշխանէն դղեակ մը կը գնէ, Կոմմագէնէի Տլուք գաւառի մէջ։ Հոն կը տեղափոխէ հայրապետական աթոռը եւ հօրենական բերդի անունով Ծով կը կոչէ։

Հաւատարիմ աջակիցի պահանջը զգալով, 1120ին, իր տասնութամեայ եղբայրը կուսակրօն քահանայ կը ձեռնադրէ Ներսէս վերանուանելով։

Հայրապետական դիւանատան մէջ Ներսէս կը շարունակէ օրինակելի ճգնողական վարքով ապրիլ եւ միաժամանակ իր ուսումնական պրպտումներուն մէջ խորանալ, ինչպէս կը վկայէ իր վարկագիրը՝ Ներսէս Լամբրոնացին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/02/2023, 07:49