Որոնել

2021.02.18 Card. Agagianian

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (14)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Աղաճանեանի Կարդինալական աստիճանին:

ԺԴ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Աղաճանեանի Կարդինալական աստիճանին:

 

Համաշխարհային բ. պատերազմի աւարտին՝ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքը իր ուշադրութիւնը կը դարձնէ Միջին Արեւելքէն դուրս գտնուող իր հեռաւոր հաւատացեալներուն՝ եռանդուն առաքեալներ ղրկելով Հարաւային Ամերիկա՝ Սան Բաուլօ, Ռիօ տի Ժանեյրօ, Մոնդեւիտէօ, Պուէնոս Այրէս, և Հիւսիսային Ամերիկա՝ Տիդրոյիտ, Ֆիլատելֆիա և Լոս Անճելէս: Այնուհետեւ պատերազմի արհաւիրքէն ետք, Աղաճանեան Հոգեւոր Տէրը 22 Օգոստոս 1945-ին, նաւով ճամբայ կ'ելլէ դէպի Հռոմ, յանձն առնելով տաժանագին ու երկար ճամբորդութիւն մը: Պատերազմի ահռելի դիպուածներէն, Եւրոպայի շատ մը երկիրներու նման՝ Իտալիոյ մէկ մասը աւերակ վիճակի մէջ կը գտնուէր. տեղացի ժողովուրդին հետ հայ գաղութը եւս մեծ վնասներու մատնուած էր: Բարեսիրտ Հայրապետը հոն գտնուած միջոցին մի առ մի կ'այցելէ հայկական հաստատութիւնները Հռոմ, Միլան և Վենետիկ: 1946 Յունուար 6-ին, Աղաճանեան Լիբանան վերադառնալէ առաջ, կը ներկայանայ Պիոս ԺԲ. Քահանայապետին՝ անոր հրաժեշտ տալու և անոր օրհնութիւնը խնդրելու:

Յանկարծաբար, Քահանայապետը Պատրիարքէն կը խնդրէ յետաձգել Պէյրութ իր վերադարձի թուականը: Փետրուար 18-ին, Սրբազան Քահանայապետի նախագահութեամբ գումարուած կարդինալներու խորհրդաժողովի ընթացքին, Պիոս ԺԲ. Պապը Աղաճանեան Կաթողիկոս Պատրիարքը անակնկալ կերպով կը կոչէ կարդինալութեան, զինք դասելով 32 նոր կարդինալներու շարքին առաջինը: Լուրը պահ մը կը խռովէ Աղաճանեանի հոգին, որովհետեւ այնքան մեծ պատիւ էր, որ վեր կը համարէր իր արժանիքէն. սակայն հարկ էր ընդունիլ:

Այս առթիւ Աղաճանեան կ'ըսէ. «Այս վարկեանիս՝ խոնարհ հպարտանքով համակուած եմ. խոնարհութեամբ՝ զի գիտակից եմ անբաւականութեանս. հպարտանքով՝ զի սիրելի ազգս, հայ ազգն է որ կը փառաւորուի իմ խոնարհ անձիս մէջ, այն ազգը՝ որ մայրն է սուրբերու և մարտիրոսներու. Հռոմէական ծիրանին այսօր անոնց հերոսական արիւնը կը պսակէ»:

Յիշատակութեան արժանի է հայ ժողովուրդի երախտարժան զաւակներէն՝ Հրաչ Քաջարենցի այս առթիւ արտասանած ճառը. «Այն ջահը՝ զոր Հայոց առաջին մարտիրոսները վառեցին առ ոտս Քրիստոսի և զոր մեր հսկայ հայրապետները փոխանցեցին իրարու դարէ դար, փոթորիկներուն վերեւ զայն պահելով միշտ բարձր և լուսափողփող, ահա այսօր քսաներորդ դարու առաջին կէսին, կը շողափայլի մեր վերեւ, աւելի՛ քան երբեք յորդաբուխ և պերճապայծառ երեւմամբ, ձեռքերուն մէջ հայրապետի մը, որ հռչակուեցաւ իշխան տիեզերական եկեղեցւոյն Քրիստոսի, փառաւորելով հայ ազգն ամբողջ, իր անպատում տառապանքներով, յանուն քրիստոնէութեան»:

Արդարեւ ծիրանին, այն կարմիր քղամիդը զոր կը հագնէր Կարդինալը կը նշանակէ թէ ան ուխտած էր իր արեան գնով պաշտպանել քրիստոնէական կրօնքը և պանծալի հայ ազգին իրաւունքը:  Ահա, Աղաճանեան Պատրիարքին կարդինալութեան պատիւին արժանանալուն ուրախ լուրին առթիւ՝ Զմմառու միաբան Մեսրոպ Վրդ. Թերզեան կը գրէ. «Երկար դարեր, մինչեւ ազգային վերջին Գողգոթան, հայ արիւնը հոսեցաւ հայու բոսոր, ամենէն վեհ, ամենէն վսեմ, ամենէն դիւցազնական արարքներով՝ գերազանց, երկնային, աստուածային տեսլականներուն ի խնդիր: Միայն վեհապետ մը քրիստոնէական կրօնին գնահատեց զայն լիովին, դրուատեց  և պանծացուց զայն դարերու ընդմէջէն, ամենագթած հօր մը նման համակ սէր եղաւ հանդէպ մարտիրոս հայութեան և այսօր, յանձին Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան արժանաւոր Պետին՝ ծիրանիով պսակեց անոր յաղթական նահատակութիւնը: Փառք քեզի մարտիրոս Հայրենիք» (Աւետիք 1946 էջ 7):

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/02/2023, 07:59