Որոնել

Մկրտութիւն Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Մկրտութիւն Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի 

Աւետարանական խորհրդածութիւն. Կիրակի 8 Յունուար 2023 - Մկրտութիւն Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի

Քրիստոսի մկրտութիւնը մեծ փոփոխութիւն կը յառաջացնէ մարդուն սրտին մէջ. Ան կը զետեղէ հոն Սուրբ Հոգին։ Այսպէս, Յովհաննէս կը պարպէ մարդուն սիրտը ամէն բիծէ, որպէսզի Յիսուս հոն դնէ Սուրբ Հոգին։ Յովհաննէս մարգարէ մըն է, Հոգիով լեցուն, սակայն ինք անձամբ չի կրնար տալ ուրիշներուն այդ Հոգին որ իր մէջն է, որով Աստուծոյ Որդւոյն զօրութիւնը պէտք է կատարելու համար այս մեծ փոփոխութիւնը մարդուն սրտին մէջ։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Յովհաննէս կը մկրտէ Յիսուս-Քրիստոսը

Կը գտնուինք Յայտնութեան Ութօրէքին մէջ: Այս շրջանին կը կարդացուին Յայտնութեան եւ Մկրտութեան աւետարանները փոխն ի փոխ:

Յիսուս կը խնդրէ մկրտուիլ. Արդ մկրտութիւնը մեղքերու քաւութեան համար է եւ մենք գիտենք թէ Յիսուս մեղքէ բոլորովին զերծ մնացած է. Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ որ ան որ առանց մեղքի է կը խնդրէ մկրտուիլ, որպէսզի մաքրուի իր մեղքերէն. Նոյնիսկ Յովհաննէս դէմ կը կենայ եւ կ՛արգիլէ զինք, ըսելով. Ես պէտք է քեզմէ մկրտուիմ, եւ դուն ինծի՞ կու գաս։  իր առած քայլը արդարացնելու համար, Յիսուս կ՛ըսէ թէ այսպէս է որ պէտք է կատարել ամէն արդարութիւն. Ինչ որ կը նշանակէ թէ այդպէս կը պատշաճի ընել։

Դժբախտաբար այս օրերուս` յաճախ մկրտութիւնը լոկ ընտանեկան աւանդութեան մը բնոյթը կ՛առնէ. Ծնողքը, փոխանակ հոգեպէս պատրաստուելու իրենց զաւկի մկրտութեան խորհուրդին, կը ջանան կատարել միայն այն ինչ որ իրենց ընտանեկան աւանդութեան մէջ գոյութիւն ունի, առանց նկատի առնելու հոգեւոր պատրաստութիւնը։ Աւելի կարեւոր է զոր օրինակ մկրտութեան հագուստը, անոր հետեւող տօնը, պզտիկին մեռոնահանումը, եւ այլ մանրամասնութիւններ որոնք բոլորովին երկրորդական են եւ մեզ կը շեղեցնեն գլխաւոր նպատակէն մկրտութեան խորհուրդին։

Քրիստոս կ՛ուզէ մկրտուիլ ոչ թէ լոկ պատշաճելու համար մարդոց աւանդութեան, այլ որպէսզի օրինակ հանդիսանայ իր իսկ հաստատելիք օրէնքին մարդկութեան վերաբերեալ, որով միայն անոնք որ կը մկրտուին կարող պիտի ըլլան ժառանգելու երկնքի արքայութիւնը։ Ինք, մարդացեալ Աստուած, չ՛ուզեր բացառութիւն ստեղծել եւ կ՛ուզէ ամէն բանով ըլլալ կատարեալ մահկանացուի մը նման։

Կարելի է աւելցնել թէ Քրիստոս, իր մկրտութեամբ, կ՛ամբողջացնէ եւ կը կատարելագործէ Յովհաննէսի մկրտութիւնը. Յովհաննէս իսկ, որ կը մկրտէր յետ ապաշխարանքի եւ սրտի դարձի, կը զգար թէ բան մը պակաս էր իր մկրտութեան մէջ. Գիտէր թէ պիտի գար մէկը իրմէ ետք, որ պիտի մկրտէր Սուրբ Հոգիով։ Ուստի Յովհաննէսի մկրտութիւնը կը մաքրէ մարդոց սրտերը ամէն տեսակ մեղքէ եւ արատէ եւ կը դարձնէ զանոնք ատակ ընտունելու Աստուծոյ շնորհքը, որ կու գայ Քրիստոսի բերած Սուրբ Հոգիով։

Քրիստոսի մկրտութիւնը մեծ փոփոխութիւն կը յառաջացնէ մարդուն սրտին մէջ. Ան կը զետեղէ հոն Սուրբ Հոգին։ Այսպէս, Յովհաննէս կը պարպէ մարդուն սիրտը ամէն բիծէ, որպէսզի Յիսուս հոն դնէ Սուրբ Հոգին։ Յովհաննէս մարգարէ մըն է, Հոգիով լեցուն, սակայն ինք անձամբ չի կրնար տալ ուրիշներուն այդ Հոգին որ իր մէջն է, որով Աստուծոյ Որդւոյն զօրութիւնը պէտք է կատարելու համար այս մեծ փոփոխութիւնը մարդուն սրտին մէջ։

Հին Կտակարանի մէջ` ժողովուրդին յայտնուած էր Աստուած որպէս միակ ամենակարող ու ստեղծիչ Աստուածը. Նոր Կտակարանով` մարդուն կը յայտնուի Աստուծոյ խորհուրդը. Ան միշտ մէկ ու միակ Աստուածն է, սակայն իր ինքնութեան մէջ կը գործեն երեք անձեր որոնք մարդուս փրկութիւնը հնարաւոր կը դարձնեն իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող խորհրդաւոր կապին միջոցաւ։ Այսուհետեւ Աստուծոյ ժողովուրդը պիտի զանազանուի իր հաւատքովը Ամենասուրբ Երրորդութեան եւ ան պիտի հասնի փրկութեան, դաւանելով այդ հաւատքը, մկրտութեան ընթացքին. ամէն։

 

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/01/2023, 07:32