«Առանձնութիւնը որպէս չարին կելուրքը» Հայր Գէորգ եպիս. Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը
Աստուած երբ Ադամը ստեղծեց ըսաւ՝ «Աղէկ չէ որ Ադամ մինակ ըլլայ» (Ծնն. 2:18): Ծննդոցի հեղինակը կ'ընդգծէ՝ որ Աստուած իւրաքանչիւր ստեղծագործական արարքէ ետք, զայն բարի կը տեսնէր: Սակայն մարդուն պարագային նոյնը չպատահեցաւ: Ս. Ամբրոսիոս Մեդիոլանցի (St. Ambroise de Milan) այս մասին խօսելով կը նշէ, թէ Ադամի ստեղծագործութենէն ետք ծննդոցի հեղինակը չաւելցնէր՝« Աստուած տեսաւ որ բարի է» արտայայտութիւնը, ինչպէս ըրաւ իւրաքանչիւր ստեղծագործական արարքէն ետք: Սակայն Ադամի կողակից ստեղծելէ ետքէ միայն ըսաւ՝ «Ահա շատ բարի էր » (Ծնն. 1:31): Աստուած ստեղծեց Ադամն ու Եւան եւ անոնց տուաւ հրաման աճելու եւ բազմանալու. ինչպէս նաեւ անոնց յանձնեց իշխանութիւնը տիրելու ծովու ձուկերուն, երկնքի թռչուններուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն վրայ:
Աստուծոյ նպատակն է՝ որդիներ ունենալ, եւ անոնց միաբանութեամբ ապրելուն եւ սիրալիր յարաբերութեան ընդմէջէն, իր ծրագիրը յառաջ տանիլ:
Չարը կարողացաւ մուտքը գործել երանական Եդեմէն ներս կործանելու համար մարդ արարածը, երբ զանոնք իրարմէ հեռու գտաւ: Երբ Ադամ հեռու էր Եւայէն, օձը մօտեցաւ Եւային առանձնապէս եւ հրապուրեց զինքը ապաստամբելու աստուածային պատուիրանին դէմ: Ապստամբութեան հոգին փոխեցուեցաւ Եւայէն Ադամի եւ երկուստեք Երանական Եդեմէն վտարուեցան:
Առանցին չմնալու գաղափարը ոչ միայն ամուսնական կեանքի կը վերաբերի, այլեւ մարդկային կեանքի իրականութեան կը պատկանի ընդհանրապէս:
Չարին ներկայի կելուրքը (ռազմագիտական հնարք, թշնամին խաբելու նպատակով) այն է, մարդկութիւնը իրարմէ հեռու պահել եւ ապա զանոնք առանցին՝ մէկ առ մէկ իր թակարդներուն մէջ առնել: Անոր հնարքներն ու սուտերը միեւնոյն են՝ երէկ եւ այսօր եւ յաւիտեան:
Չարին ներկայի հրապոյրի պտուղը «իմ իրաւունքս» եւ կամ «իմ հանգիստս» արտայայտութիւններն են: Այս երկուքը, եւ ասոնց նման այլ գաղափարներ բաւարար են, որ մարդ, իր եղբօրմէն հեռացնեն: Մարդ առանձնացնելէ ետք, մարդկութեան դարաւոր ոսոխը իր մահկանացու թոյնը կը սրսկէ մարդոց վրայ: Որպէս արդիւնք այս թոյնին՝ ընկճուածութիւն եւ հոգեկան տեսակ-տեսակ հիւանդութիւններ եւ ախտեր կը տարածուին, որոնց բոլորին ակնաղբիւրը՝ առանձին կամ մինակ ըլլալն է:
Առանձնութիւն նախընտրելու փափաքը, մարդ արարածը կը մղէ որ մնայուն եւ ճշմարիտ բարեկամութիւններ չկազմէ: Այս պատճառով ալ ընկերային համացանցը մեծ յաջողութիւն կ'արձանագրէ. ուր բարեկամութիւններ եւ յարաբերութիւններ խաբուսիկ եւ ոչ մէկ յանձնառութիւն կը պահանջեն: Փոխարէն իրական կեանքի մէջ ամուսնալուծումները, վէճերնն ու կռիւները կը բազմանան:
Այս բոլորը, որովհետեւ մարդ արարածը կը շարունակէ հաւատալ պատմութեան ամենահին սուտերէն մէկուն՝ «առանձին աւելի լաւ կ'ըլլաս»: Արդիւնքը՝ իր հանգիստն փնտռելու մարմաջին մէջ, ան աւելի վատ կը դառնայ:
Վերագտնենք սուրբերու մեր դիմաց գծած վարքն ու բարքը: Խոնարհութեամբ եւ սիրով ապրինք իրարու հետ, ինչ որ Աստուծոյ փափաքն է : Այն ժամանակ պիտի ունենաք այն խաղաղութիւնը, զոր աշխարհը չի կրնար տալ մեզի:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ