Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ը ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի Դեսպանին այցելութիւնը
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Տանն Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէներու Կաթողիկոս Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոժթապա Ամանիին, ներկայութեամբ` Պատրիարքական օգնական` գերապայծառ Գէորգ Եպիսկ. Ասատուրեանի, Թուրքիայի Հայ Կաթողիկէ թեմի նախկին արքեպիսկոպոս Գէորգ Եպիսկոպոս Խազումեանի. Հայր Արամ Սաատոյի, ու հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու Շարպել Պասթուրիի։
Բարեկամական այցը կայացաւ պատրիարքարանի և Լիբանանի Իրանի դեսպանատան միջև յարաբերութիւններու ծանօթութեան և ամրապնդման շրջանակի ծիրէն ներս։
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին խօսուեցաւ Իրանի և Հայաստանի Հանրապետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու մասին ու Իրանին Հայաստանին ցուցաբերած աջակցութեան մասին։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Իրանի մէջ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ իրավիճակի մասին եւ անոր առաջամարտիկ դերակատարութեան ու ակնառու ներկայութեան` Իրանի Հանրապետութեան մէջ։
Կողմերը անդրադարձան նաեւ Լիբանանի ազգային ու քաղաքական իրավիճակի մասին ներառեալ, նախագահական ընտրութիւններուն հարցը եւ կառավարութեան բացակայութեան պայմաններու մէջ կենցաղային և տնտեսական ճգնաժամերու սրումը, յոյս յայտնելով, որ շուտով համաձայնութիւն գտնուի նոր նախագահի մը ընտրութեան շուրջ որպէսզի Լիբանանը խուսափի ճգնաժամերու բազմապատումներէն։
Ինչ կը վերաբերի հոգևոր ոլորտին, Պատրիարք Մինասեանը և դեսպան Մոժթապա Ամանին հաստատեցին, որ քրիստոնեաներն ու մահմետականները մէկ ընտանիք են այս երկրին մէջ, և զանոնք միաւորողը աւելի մեծ է, քան այն ինչ, որ զանոնք կը բաժնէ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ