Որոնել

Կիրակնօրեայ Աւետարանը Կիրակնօրեայ Աւետարանը 

Երկրորդ Կիրակի Յիսնակաց «Ինչ բանի պիտի ծառայէ աշխարհի վրայ ձեր դիզած հարստութիւնը» (Ղուկաս 12, 13-31)

Եթէ վարժեցնենք մենք մեզ մեր ունեցածը կիսելու չունեւորներուն հետ, Աստուած ալ մեզի կը հատուցանէ, այս աշխարհի վրայ եւ մանաւանդ հանդերձեալ աշխարհին մէջ, որ միակ հաստատուն բնակավայրն ու հայրենիքն է ամէն անձի։ Նկատի առնենք թէ ամէն մի հանդիպում որ կը պատահի մեզի աղքատներու հետ, շնորհք մըն է տրուած Աստուծոյ կողմէ, սրբացնելու համար մեր անձերը։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Քրիստոս այսօր մեզի հետեւեալ առակը կը պատմէ. հարուստ մարդ մը այնչափ կ'ուրախանայ իր ստացած բարիքներով որ կը շուարի թէ ինչ պիտի ընէ. Փոխանակ մտածելու օգտակար դառնալու ուրիշին եւ իր ինչքերուն մէկ մասը աղքատներուն բաժնելու, կը խորհի իր շտեմարանները մեծցնել եւ աւելորդ բերքը հոն ամբարել, երկար տարիներու համար։

Այսօր ալ մարդիկ կան, որոնք, իրենց հանճարով եւ ճարպիկութեամբ, կը յաջողին մեծ հարստութեան տիրանալ, սակայն բնաւ չեն մտածեր իրենց յաւելեալ շահը կիսելու չունեւորներու եւ դժբախտներու հետ, այլ կը խորհին թէ ինչ ձեւով պիտի կարենան մսխել իրենց անբաւ հարստութիւնը։

Քրիստոս կոչ կ'ուղղէ ունեւորներուն, հարուստներուն, որպէսզի իրենց յաւելուածը բաժնեն զրկուածներուն հետ, ապահովելու համար իրենց հոգւոյն յաւիտենական փրկութիւնը։ Ամէնքս ալ շատ լաւ գիտենք թէ՝ աղքատ ըլլանք թէ հարուստ, մեր ամէնուս վերջը մահն է եւ մեր մարմնին փճացումը. Սակայն այնպէս մը կ՛ապրինք իբրեւ թէ այս կեանքը յաւիտեան պիտի տեւէ եւ մեր երջանկութիւնը միայն այս աշխարհի վրայ պիտի վայելենք։ Երբ կը տեսնենք կարգ մը երկիրներու մէջ թէ ինչպէս ղեկավարները այնչափ հարստութիւններ կը դիզեն եւ աշխատաւոր խեղճ ժողովուրդը կը թողուն ծայրագոյն աղքատութեան մէջ, մեր սրտերը կը ճմլուին։

Անմիտ, այս գիշեր հոգիդ պիտի պահանջեմ քեզմէ կ'ըսէ Տէրը հարուստ մարդուն։ Այո, ամէն օր մենք պատարաստ ըլլալու ենք հաշիւ տալու մեր անձին մասին. Մեր շուրջը այնքան կը հանդիպինք անձերու որոնք յանկարծամահ կ'ըլլան, մէկուն սիրտը կը կենայ բախելէ, ուրիշ մը արկածի կ'ենթարկուի եւ կը մահանայ, երրորդ մը՝ ահաբեկչութեան զոհ կ'երթայ եւ կամ կը սպաննուի…։ Մահուան ստուերը ամենուրեք կը շրջի եւ որեւէ անձ չի կրնար փախուստ տալ անկէ։ Ուստի անհրաժեշտ է միշտ պատրաստ ըլլալ։

Մի փնտռէք թէ ինչ պիտի ուտէք կամ ինչ պիտի խմէք, այլ փնտռեցէք Աստուծոյ արքայութիւնը։ Ահա պատուէրը զոր կու տայ Յիսուս իրեն դիմող երիտասարդին, որ կու գայ խնդրելու իրմէ որ բաժնէ հօրենական ժառանգութիւնը իր եւ եղբօր միջեւ։

Հոս կ'ուզեմ տալ Սուրբ Մարտինոսի օրինակը։ Մարտինոս Հռովմայեցի զինուորական մըն էր, ծագումով հունգարացի, որ կը պաշտօնավարէր Գաղղիոյ ­ այսօրուայ Ֆրանսայի - մէջ։ Ցուրտ օր մը կը հանդիպի մուրացիկի մը որ պաղէն կը դողար, ան անմիջապէս իր լէգէոնականի կարմիր վերարկուն սուրով կը պատռէ երկուքի եւ կէսը կու տայ աղքատին։ Գիշերը` երազին մէջ կը տեսնէ մարդ մը որ իր պատմուճանին կէսը կը կրէր եւ կու գար դէպի իրեն, յայտնելով թէ ինք Քրիստոսն է եւ կ'ըսէ թէ ինչ որ ըրած էր այդ աղքատին, իրեն է որ ըրած էր։ Այդ օրէն` Մարտինոս կը հրաժարի աշխարհէն, կ'ըլլայ կրօնաւոր եւ ապագային` եպիսկոպոս ֆրանսական Թուր քաղաքին եւ շրջակայից։

Եթէ վարժեցնենք մենք մեզ մեր ունեցածը կիսելու չունեւորներուն հետ, Աստուած ալ մեզի կը հատուցանէ, այս աշխարհի վրայ եւ մանաւանդ հանդերձեալ աշխարհին մէջ, որ միակ հաստատուն բնակավայրն ու հայրենիքն է ամէն անձի։

Նկատի առնենք թէ ամէն մի հանդիպում որ կը պատահի մեզի աղքատներու հետ, շնորհք մըն է տրուած Աստուծոյ կողմէ, սրբացնելու համար մեր անձերը։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2022, 07:50